Միքաթի Ողջունեց Բանակը

08-01_MikatiՆախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ողջունեց լիբանանեան բանակը` ցաւ յայտնելով, որ այս տարի բանակը իր հիմնադրութեան 69-ամեակը կը նշէ հանրապետութեան նախագահին բացակայութեան:

Միքաթի հաստատեց, որ լիբանանցիները այլ ելք չունին, բացի լիբանանեան պետութեան վստահելէ, իսկ բանակը կը ներկայացնէ լիբանանեան պետութեան հաստատուն սիւներէն մէկը:

«Բանակը լիբանանցիներուն միջեւ տարակարծութեան նիւթ պէտք չէ ըլլայ, որովհետեւ անիկա երկրին կայունութեան եւ ապահովութեան երաշխիքն է, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի», ընդգծեց Միքաթի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )