Հէյլ Այցելեց Պըրրիի Եւ Ռիֆիի

Հէյլ եւ Պըրրի

Հէյլ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հէյլ այցելեց նաեւ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ապահովական զարգացումները:

Հանդիպումին ընթացքին Ռիֆի հաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին երկրին օրինական հաստատութիւններուն` պահպանելու համար երկիրն ու քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ պաշտպանելու լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը:

Ան մաղթեց, որ միջազգային ընտանիքը օժանդակէ Լիբանանին` փաստելու համար անոր չէզոքութիւնը եւ զայն պահպանելու շրջանային տագնապներուն հետեւանքներէն:

Ռիֆի շեշտեց, որ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը կը բովանդակէ կէտ մը, որուն հիման վրայ կը հաստատուի, որ լիբանանեան պետութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` հսկելու համար երկրին սահմաններուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )