Հաղորդագրութիւն
Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւն-դատապարտագիրը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստիւ կը դատապարտէ Արսալի մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ լիբանանեան բանակին դէմ կատարուած յարձակումը:
Կեդրոնական կոմիտէն այսօր որեւէ ժամանակէ աւելի կը հաստատէ իր զօրակցութիւնը բանակին:
Լիբանանի համար նահատակուած եւ Լիբանանի գոյութիւնն ու արժանապատուութիւնը պահպանելու նպատակով իրենց արիւնը երկրին հողին շաղախած զինուորականներուն համար ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը ցաւակցի բանակի հրամանատարութեան եւ զինուորականներուն ընտանիքներուն:
Կեդրոնական կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ բոլորին նեցուկ կանգնելու բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն` պահպանելու համար ներքին լիբանանեան ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ պայքարելու համար ամէն տեսակի ահաբեկչութեան դէմ:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ