Մարզիկներու Փոխանցումներուն Համար. Համպուրկի Համակիրը Իր Սիրելի Խումբին Նուիրեց 25 Միլիոն Եւրօ

0805_hamburgԻր լուրը քաղելով Goal.com կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Համպուրկի համակիր Քլաուս Միկել Քիւյնէ իր սիրելի խումբին նուիրած է 25 միլիոն եւրօ` մարզիկներու փոխանցումներուն համար:

Ան այս նուիրատուութիւնը կատարելով կը յուսայ, որ Համպուրկ «Պունտըսլիկա»-ի 2014-2015 տարեշրջանին յաջողի աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել, քան ինչ որ կատարած էր նախորդ տարեշրջանին, երբ գրաւած էր 16-րդ ոչ նախանձելի դիրքը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )