Հայ Դատի Յանձնախումբը Ալիեւը Զսպելու Համացանցային Արշաւի Կը Դիմէ

0708_Stop-AliyevՀայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ազրպէյճանական բռնարարքները կասեցնելու նպատակով, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը համացանցային գլխաւոր ընկերային ցանցերուն վրայ նախաձեռնած է «#STOPALIYEV» արշաւին:

Հայ դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ աշխարհի տարբեր երկիրներու հայութեան` աշխուժօրէն մասնակցելու արշաւին եւ նպաստելու Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան եւ անկախութեան վերջնական եւ արդարացի ամրապնդման:

«Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յարձակումները Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններուն վրայ, ամէնէն վատերէն են վերջին քսան տարիներուն ընթացքին: Անոնք տասնեակ մը կեանքեր խլած են եւ կը սպառնան նոր պատերազմի սկսիլ», նշուած է Հայ դատի յանձնախումբի հաղորդագրութեան մէջ:

Կոչ կ՛ուղղուի նաեւ նամակներ յղելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն` յորդորելով զանոնք, որ անյապաղ քայլերու ձեռնարկեն` կասեցնելու համար Կովկասի մէջ նոր պատերազմ հրահրելու Ալիեւի արարքները: Ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի «Թուիթըր»-ի հասցէն է` @AmbJamesWarlick:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )