Դէպի Ռուսիա Մթերքի Արտածման Արգելքէն Եւրոպական Միութեան Վնասը 12 Միլիառ Եւրօ Է

0808_Russia-EUՄոսկուայի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Վիկաուտաս Ուշացքաս «Էխօ Մոսքվի» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ դէմ իբրեւ պատժամիջոց Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներէն սննդեղէնի ներածման արգելք հաստատելուն իբրեւ հետեւանք եւրոպական երկիրներու կրելիք վնասը կրնայ հասնիլ 12 միլիառ եւրոյի:

Ֆրանսայի հողամշակներու միութեան նախագահ Քզավիէ Պիոլեն իր կարգին յայտարարած է, որ Եւրոպայէն Ռուսիա մթերքի արտածման արգելքը եւրոպական շուկային մէջ կրնայ ճգնաժամ ստեղծել:

Շուէտացի արդիւնաբերողներն ալ յոյս յայտնած են, որ դէպի Ռուսիա ապրանքներու արտածման արգելքը կարճատեւ ըլլայ, որովհետեւ չեն ուզեր ռուսական շուկան կորսնցնել:

Յիշեցնենք, որ 7 օգոստոսին Ռուսիան արգիլեց Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներէն, Միացեալ Նահանգներէն, Աւստրալիայէն, Քանատայէն եւ Նորվեկիայէն խոզի միսի, հաւու, միրգի եւ կաթնեղէններու ներածումը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )