Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի Նոր Հիմնական Կայան
«Խոսրովի Անտառ Պետական Արգելոց»-ի
Յարակից Տարածքին Մէջ
Շարունակելով Հայաստանի հեռաւոր, լեռնային եւ նօսր բնակչութիւն ունեցող տարածքներուն մէջ շարժական հաղորդակցութեան ծառայութիւններ ապահովելու ծրագիրը` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը «Խոսրովի անտառ պետական արգելոց»-ին յարակից սեփական «Կովկասեան կենսաբազմազանութեան ապաստարան» կոչուող պահպանուող տարածքին մէջ հիմնական կայան տեղադրած է:
Նորակառոյց կայանը պիտի ծառայէ Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի «Կովկասեան կենսաբազմազանութեան ապաստարան»-ին մէջ անխափան բջիջային կապի ապահովման, ինչպէս նաեւ պիտի նպաստէ անձնակազմի եւ այցելու-գիտնականներու կողմէ արգելոցի տարածքին մէջ հետազօտութիւններու կազմակերպման: Բարձր լեռնային գօտիին մէջ բջիջային կապէն օգտուելու կարելիութիւններէն բացի, նորակառոյց կայանը կարելիութիւն պիտի տայ ճիշդ ժամանակին անհրաժեշտ տուեալներ փոխանցել Ուրցաձորի բնակրթական կեդրոնի սիմ-քարտի կարելիութիւն ունեցող թուային տեսախցիկներու միջոցով, զորս տրամադրած էր «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը: Շատ արագ համացանցին շնորհիւ կեդրոն այցելողները կրնան կապ հաստատել արտաքին աշխարհին հետ:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը նաեւ կ՛օժանդակէ մեկուսացած այդ վայրին մէջ ելեկտրականութեան հոսանքի ապահովման` գետի ջուրին միջոցով:
«Նորարարութիւնը ինքնանպատակ կ՛ըլլար, եթէ չծառայէ մարդկութեան յառաջընթացին: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ին դերը մեր հասարակութեան մէջ չի սահմանափակուիր բնակչութեան հեռահաղորդակցութեան ծառայութիւններու տրամադրման շնորհիւ շահ ստանալով: Շրջակայ միջավայրը վտանգուած է: Հայաստան այն եզակի երկիրներէն է, որոնք ունին տեղայատուկ տեսակներու հարուստ կենսաբազմազանութիւն: Մենք պէտք է հոգ տանինք մեր բնական ժառանգութեան պահպանման, որովհետեւ վաղն իսկ կրնայ ուշ ըլլալ», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
Ազատամարտիկներու Այգիի Վերաբացման
Հանդիսութիւն
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան 8 օգոստոսին ծաղկեպսակ զետեղած է Ազատամարտիկներու այգիին մէջ տեղադրուած Համաշխարհային Բ. պատերազմին եւ արցախեան ազատամարտին ընթացքին զոհուածներու յիշատակին կառուցուած յուշարձանին առջեւ: Քաղաքապետը մասնակցած է Աջափնեակ վարչական շրջանի Սեբաստիա-Արա Սարգսեան փողոցներու հատման վայրին մէջ գտնուող վերակառուցուած հանրապարտէզին բացման արարողութեան: Հանրապարտէզին մէջ կը տիրէր խանդավառ մթնոլորտ, հանդիսութեան կը մասնակցէին նաեւ բազմաթիւ զինուորներ, ազատամարտիկներ եւ վարչական շրջանի բնակիչներ: Հանրապարտէզին բարեկարգման իբրեւ արդիւնք` տարածքը ամբողջութեամբ նոր տեսք ստացած է: Վերակառուցուած եւ սալապատուած են ճեմուղիները, առանձնացուած են ծաղիկներու տարածքներ: Ամբողջութեամբ վերանորոգուած է ոռոգման ցանցը: Հանրապարտէզին մէջ տեղադրուած են նոր նստարաններ եւ լուսամփոփներ:
Սահմանակից Գիւղերու Գիւղացիներուն
20 Միլիոն Դրամ Պիտի Յատկացուի
Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի սահմանամերձ 31 գիւղերու բնակիչներ 20 միլիոն դրամ (49 հազար տոլար) ընդհանուր չափով աջակցութիւն պիտի ստանան: Այդ մասին 7 օգոստոսին կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտարարած է տարածքային կառավարման փոխնախարար Վաչէ Տէրտէրեան: Անոր համաձայն, օգնութիւնը պիտի յատկացուի այն գիւղացիներուն, որոնց հողը կը գտնուի ազրպէյճանական կողմի գնդակոծութեան գօտիին մէջ, եւ այդ պատճառով չեն կրնար մշակել:
Որոշման մանրամասնութիւնները պիտի յստակացուին յառաջիկային, երբ անիկա ուժի մէջ մտնէ:
«Փառք Հերոսներին». Զոհուած Զինուորներու Յիշատակին
Մոմավառութիւն Կապանի Մէջ
Կապանի երիտասարդները 5 օգոստոսին մոմավառութիւն կազմակերպած են` ի յիշատակ ազրպէյճանական ներթափանցման գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք զոհուած հայ զինուորներուն:
Երիտասարդները կլոր շրջան կազմած մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են հայ հերոսներուն յիշատակը` ձեռքներին զոհուածներուն լուսանկարները:
Նշենք, որ զոհուած զինուորներ` Ազատ Ասոյեանը, Արարատ Խանոյեանը, Սարգիս Մովսիսեանը, Զօրիկ Գէորգեանը եւ Արամ Գրիգորեանը յետմահու պարգեւատրուած են նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ:
Բաց Երկինքի Քաղաքականութեան Շնորհիւ`
Ուղեւորահոսքի 35 Տոկոսի Աճ
Յուլիս 2014-ին, 2013-ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը աւելցած է 35 տոկոսով: Եթէ նախորդ յուլիսին «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի ծառայութիւններէն օգտուած է 179,620 ուղեւոր, ապա այս տարուան յուլիսին ցուցանիշը կը կազմէ 242,098 ուղեւոր: Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է «Արմէնիա միջազգային օդակայաններ» ընկերութիւնը:
Թռիչքներու թիւին աճը այդ ժամանակաշրջանին հասած է 34 տոկոսի: 2014-ի յուլիսին կատարուած է 2208 թռիչք` նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին 1652 թռիչքի փոխարէն:
Եթէ յուլիս 2013-ին դէպի «Զուարթնոց» կանոնաւոր թռիչքներ կը կատարէին 27 օդանաւային ընկերութիւններ, ապա ներկայիս անոնց թիւը 33 է: Բացի ատկէ, օդանաւային ընկերութիւններէն շատեր աւելցուցած են իրենց թռիչքներուն յաճախականութիւնը բոլոր ուղղութիւններով` իբրեւ արդիւնք մրցակցութիւն եւ տոմսերու գինի նուազում արձանագրելով:
Արմատներուն Վերադառնալու Մեծ Շարժում
Տիգրանակերտի Մէջ
Օգոստոս 4-ին տեղի ունեցած է «Արի տուն» ծրագիրի 6-րդ հանգրուանի բացման արարողութիւնը: Մասնակիցներուն թիւը 182 է` 15 երկիրներէ, որոնց կարգին են Տիգրանակերտէն եկած իսլամացած հայեր:
Խումբի ղեկավար Կաֆուր Թուրքայը` Օհաննէս Օհանեանը, ըսած է, որ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած եւ աշխարհով մէկ տարածուած հայերուն մէջ ամէնէն դժուարը իրենց` Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մնացածներուն համար էր, որովհետեւ իրենք իրենց հողին վրայ կորսնցուցած են իրենց անունը, մականունն ու կրօնը: Թուրքայ նշած է, որ Տիգրանակերտի մէջ արմատներուն վերադառնալու մեծ շարժում սկսած է: Ինք եւս վերջերս վերադարձած է քրիստոնէական արմատներուն` վերագտնելով իր հայկական` Օհանեան մականունը:
Տիգրանակերտի հայերը «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցելու կարելիութիւն ունեցած են քանատահայ երկրաչափ, բարերար Րաֆֆի Պետրոսեանի աջակցութեամբ:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
Հռչակման 23-րդ Տարեդարձի Նշում
Օգոստոս 5-ին տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 23-րդ տարեդարձի տօնական նախաձեռնութիւններու կազմակերպման եւ համակարգման կառավարական յանձնաժողովին առաջին նիստը, զոր վարած է յանձնաժողովի նախագահ, Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը:
Համապատասխան նախարարութիւններու պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ քննարկուած են ձեռնարկներու նախապատրաստութեան առնչուող հարցեր:
Տօնական օրերուն կը նախատեսուի տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններ կազմակերպել երկրի բոլոր շրջաններուն մէջ: Պիտի կազմակերպուին պաշտօնական ընդունելութիւններ եւ պարգեւատրման արարողութիւններ:
Արցախի ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանի առաջին դասապահը պիտի նուիրուի Լեռնային Ղարաբաղի հռչակման օրուան. արիութեան դասին պիտի մասնակցին երեսփոխաններ, կառավարութեան անդամներ, արցախեան գոյամարտի վեթերաններ: Շուշիի մէջ պիտի բեմադրուի Ա. Տէրտէրեանի «Կրակէ օղակ» օփերան: Համերգային եւ մարզական նախաձեռնութիւններ եւ ժողովրդական զբօսահանդէսներ պիտի կայանան մայրաքաղաքին ու շրջաններուն մէջ: Տօնական ձեռնարկները պիտի աւարտին 2 սեպտեմբերին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ` համերգով եւ հրավառութեամբ:
Նիստի աւարտին Արթուր Աղաբեկեան համապատասխան նախարարութիւններու ղեկավարներուն յանձնարարականներ տուած է` նախաձեռնութիւնները պատշաճ մակարդակով կազմակերպելու նպատակով:
Համահայկական Կրթական 6-րդ Խորհրդաժողովին
Կը Մասնակցին 134 Մասնագէտներ` 19 Երկիրներէ
Տասնինը երկիրներէ աւելի քան 130 ներկայացուցիչներ 4-8 օգոստոսին Հայաստանի մէջ մասնակցեցան Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կազմակերպած Համահայկական կրթական 6-րդ խորհրդաժողովին:
Այս տարի խորհրդաժողովը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ կազմակերպուող դպրոցական նախաձեռնութիւններու կայացման եւ համապատասխան նիւթերու դասաւանդման հարցերուն:
Օգոստոս 4-ին Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ ընթացք առած խորհրդաժողովին կը մասնակցին սփիւռքի ազգային կրթութեան եւ դաստիարակութեան խնդիրներով զբաղող մարմիններու, կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ` ի դէմս թեմական կրթական խորհուրդներու, կրթական կառոյցներու հոգաբարձուներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու:
Խորհրդաժողովի բացման հանդիսութեան ընթացքին մասնակիցներուն իր ուղերձը յղած էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, իսկ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. փոխանցած էր իր օրհնութիւնը:
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարար Կարինէ Յարութիւնեան ողջունեց ներկաները: Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Սերգէյ Մանասարեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ իւրաքանչիւր ազգի հիմքը անոր լեզուն ու մշակոյթն է:
«Հազարամեակներու ընթացքին պետականութիւնը կորսնցուցած մեր ազգը գոյատեւեց եւ իր պետականութիւնը ստեղծեց իր մշակոյթի եւ լեզուի, գիրի ու գրականութեան շնորհիւ: Այդ արժէքներու պահպանումը դուք էք, սիրելի՛ ուսուցիչներ», նշեց Սերգէյ Մանասարեան:
«Առաջին անգամ ըլլալով չէ, որ Հայաստան կու գամ. մասնակցած եմ տարբեր ծրագիրներու: Ամէն տարի նոր ակնկալութիւններով կու գամ Հայաստան: Կ՛ուզեմ գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս կրնամ շաբաթը անգամ մը դասաւանդութեամբ մանուկին ամէն բան սորվեցնել: Նախ ես պէտք է գիտնամ այդ բոլորը, որպէսզի աշակերտներուն փոխանցեմ: Իւրաքանչիւր դասարանի մէջ ունիմ 4-5 աշակերտ, իսկ, ընդհանուր առմամբ, 12 դասարան կայ», յայտնեց Նիւ Եորքի Ուայթ Փլէյնզ քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ միօրեայ վարժարանի մանկավարժ Եւա Քոչեանը:
Խորհրդաժողովի բացման հանդիսութեան աւարտին ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: