50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (14 ՅՈՒԼԻՍ 1961)
ՎԱԶԳԷՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ
15 ՕՐԷՆ ՎԵՀԱՓԱՌԸ
ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Ամսոյս 4-ին Պոլիս հասած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա., ընկերակցութեամբ Կոմիտաս եպս. Տէր Ստեփանեանի եւ գաւազանակիր Պարգեւ վրդ. Գէորգեանի:
Եշիլքէօյի օդակայանին մէջ վեհափառը դիմաւորուած է հոգեւոր ու աշխարհական բազմութեան կողմէ: Լրագրողներու զանազան հարցումներուն պատասխանելով` Վազգէն կաթողիկոս կը յայտնէ.
– Մօտ երկու շաբաթ պիտի մնամ Պոլիս եւ ասկէ ուղղակի պիտի վերադառնամ Էջմիածին: Կը յուսամ, որ առիթը պիտի ունենամ տեսակցելու Աթենակորաս պատրիարքին հետ եւ քննելու եկեղեցիներու միացման հարցը:
Աւելի յետոյ պատասխանելով այլ հարցումներու` հայերու ընդհանուր թիւին շուրջ, վեհափառը կ՛ըսէ. «Թէեւ վիճակագրութիւն մը գոյութիւն չունի, բայց կ՛ենթադրուի, որ աշխարհի վրայ հայոց թիւը 3,5 միլիոնը կ՛անցնի»:
Թափօրը կ՛ուղղուի Գում Գափուի մայր եկեղեցին եւ Վազգէն Ա. հրաշափառով կը մտնէ ներս եւ յետոյ կ՛առաջնորդուի Ս. Յարութիւն տաճարը, ուր կը գտնուի Գարեգին պատրիարքին դագաղը: Կ՛աղօթէ հոգելոյս պատրիարքի հոգւոյն հանգստեան եւ խաղաղութեան համար:
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ
Տիգրանակերտէն կը գրեն.-
Ս. պատրիարք հօր վախճանման առթիւ, ինչպէս Պոլսոյ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, նոյնպէս գաւառի մէջ ալ տեղի ունեցան հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօններ` բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:
Անցեալ կիրակի, 25 յունիսին, Տիգրանակերտի հայութիւնը հաւաքուեր էր տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցին: Ս. պատարագը կը մատուցէր տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Թորոս քհնյ. Չալկրճեան: Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Խաչ դպրեվանքի տիգրանակերտցի աշակերտներուն եւ պոլսեցի կարգ մը դպիրներու մասնակցութեամբ:
Ս. պատարագէն ետք մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հոգելոյս Ս. պատրիարք հօր համար:
ՀԱԼԷՊԻ ՔԱՐԷՆ ԵՓՓԷ ՃԵՄԱՐԱՆԻ
ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանի ամավերջի հանդէսին կարդացուած տեղեկագիրէն կը քաղենք հետեւեալ լուրերը, որոնք ցոյց կու տան, թէ կրթական այս տիպար հաստատութիւնը արձանագրած է զգալի նուաճումներ.
Նախանցեալ տարեշրջանի համեմատութեամբ, աշակերտութեան թիւը կրած է որոշ յաւելում մը: Անցնող շրջանին աշակերտութեան ընդհանուր թիւը եղած է 325: Գիշերօթիկներու թիւն է 38:
Ճեմարանի տարեկան պիւտճէն բարձրացած է 167 հազար սուրիական ոսկիի, որուն կէսը գանձնուած է աշակերտութենէն, մնացեալը` բարեկամներէ, զանազան միութիւններէ եւ ձեռնարկներէ: Այս շրջանին պիւտճէն ունեցած է 23 հազար ոսկի բաց:
Քարէն Եփփէ ճեմարանը կանոնաւոր կապ պահած է Կրթական տնօրէնութեան հետ, անկէ ստացած հրահանգներուն եւ թելադրանքներուն համաձայն ուղղութիւն տալով վարժարանին: Պետական քննիչներ իրենց գոհունակութիւնը եւ հիացումը յայտնած են Ճեմարանի ուսումնական եւ բարոյական կառոյցին համար:
ՓՐՈՖ. Վ. ԹԱՇՃԵԱՆԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
28 յունիս 1961-ին, լիբանանահայ բժիշկ Վահագն Թաշճեան (փրոֆեսէօր Բենսիլվանիա համալսարանի) հրաւիրուեցաւ Նիւ Եորքի Ամերիկեան բժշկական տարեկան մեծ համագումարին` իբրեւ դասախօս:
Ի ներկայութեան մօտ 38 միջազգային համբաւաւոր բժիշկներու, փրոֆեսէօր Թաշճեան բանախօսած է «Ստամոքսի վէրք» նիւթին շուրջ:
Այս դասախօսութեան հետեւած են հեռատեսիլի վրայ, նմանապէս մեծ թիւով հետաքրքիրներ:
Նիւ Եորքեան թերթերն ու ձայնասփիւռի կայանները գովասանքով յիշած են բժիշկին այս կարեւոր գործը: