Տաղստան Ազրպէյճանը Կը Մեղադրէ Սամուր Գետի Ջուրը Գողնալու Համար

0812_Samur«Արմէնփրես»` յղում կատարելով «Քաւքազսքի ուզել»-ի, կը հաղորդէ, որ Տաղստանի Մահառեմքենտ գիւղի բնակիչները բողոքի սկսած են Ազրպէյճանի դէմ` մեղադրելով զայն Սամուր գետի ջուրերէն իրենց պատկանող բաժինը գողնալու յանցանքով:

Բնակիչները վրդովեցուցած է այն փաստը, որ անտեսելով միջազգային համաձայնագիրները, ազրպէյճանական կողմը կը գողնայ Սամուր գետի ջրային պաշարներուն մեծ մասը: Տաղստանի կառավարութիւնը ջուրի չթոյլատրուած մասը ազրպէյճանական կողմէն իւրացման հարցով յանձնախումբ ստեղծած է:

Սահմանային Սամուր գետը արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելու եւ պահպանելու նպատակով Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւն ստորագրուած է 3 սեպտեմբեր 2010-ին: Ըստ համաձայնութեան, կողմերը գետի ջուրը պէտք է օգտագործեն 50-50 հաւասար բաժնեմասով:

Ազրպէյճանի սահմանակից Տաղստանի շրջաններու ղեկավարները Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի եւ Տաղստանի կառավարութեան ղեկավար Ապտուսամատ Համիտովին յղած իրենց դիմումին մէջ խնդրած են վերականգնել Տաղստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Սամուր գետի ջուրերու արդար բաժանումը: «Սամուր գետի ջրային պաշարին 95 առ հարիւրը կեդրոնացած է տաղստանեան տարածքին մէջ: Հակառակ համաձայնագիրին, Ազրպէյճան կը վերցնէ գետի ջուրին 90 առ հարիւրը: Այդ պատճառով չ՛ապահովուիր 30,5 առ հարիւր ջուրի անձեռնմխելի պաշար մնալու պայմանը, ինչ որ անհրաժեշտ է Սամուր գետի գետաբերանին մէջ բնական համակարգը պահպանելու համար», ըսուած է դիմումին մէջ:

Տաղստանի սահմանամերձ շրջաններու ղեկավարները կը խնդրեն «տագնապի վերածուելու իրավիճակը կանխարգիլելու համար

վերականգնել «գետի ջուրին բաժանման համաձայնութիւնը»:

213 քիլոմեթր երկարութեամբ Սամուր գետը կը բխի Տաղստանի տարածքէն` Ռութուլի շրջանի Կուսուր գիւղին մօտ: Անոր ջուրերուն 96,4 առ հարիւրը կը ձեւաւորուի Տաղստանի մէջ: Սամուրը, ըստ էութեան, կը հանդիսանայ Տաղստանի ներքին գետ, եւ ընդամէնը 38 քիլոմեթր կը հոսի Ազրպէյճանի սահմանի երկայնքին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )