Գերմանական Կուսակցութիւններ Դէմ Են «Էրտողանի Թուրքիոյ»` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան

Ճեմ Էօզտեմիր

Ճեմ Էօզտեմիր

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ իշխող Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն կուսակցութիւնը Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Թուրքիոյ նախագահ ընտրուելէն ետք հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Անտրէաս Շոյեր կը նշէ, որ այսուհետեւ Թուրքիան պէտք է վերջնականապէս հրաժարի Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամ դառնալու գաղափարէն:

«Էրտողանի Թուրքիան Եւրոպայի մէջ գործ չունի», յայտարարած է Շոյեր եւ ընդգծած, որ Էրտողան իր իշխանութիւնը ընդլայնելու համար չի խորշիր ժողովրդավարական արժէքները ոտնակոխ ընելէն: Ան նշած է, որ Էրտողան նախագահի պաշտօնին վրայ պիտի շարունակէ մամլոյ ազատութեան սահմանափակման ուղղուած իր նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ սադրանքները Իսրայէլի դէմ: Յիշեցնելով, որ իր կուսակցութիւնը միշտ բացայայտ կերպով դէմ եղած է Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամակցութեան` Շոյեր ըսած է. «Իբրեւ կուսակցութիւն` մենք կ՛ակնկալենք, որ բոլորը ասիկա նկատեն: Անոնք, որոնք կը հետեւին Էրտողանի յայտարարութիւններուն եւ գործողութիւններուն, կամաց-կամաց սկսած են ատիկա նկատել»:

Էրտողանի Թուրքիոյ նախագահ ընտրուիլը բացասական որակած է նաեւ Գերմանիոյ Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ, Պունտեսթակի ազգութեամբ թուրք երեսփոխան Ճեմ Էօզտեմիր: Ան ընդգծած է, որ Էրտողան երկիրը վերածած է մենատիրական պետութեան, այդ պատճառով ալ կտրուկ կերպով նուազած են Եւրոպական Միութեան անդամակցելու այդ երկրին կարելիութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )