Մուսթաքպալ Պլոքը Կը Շեշտէ Նախագահական Ընտրութիւնը Արագացնելու Կարեւորութիւնը

Պլոքի նիստէն պահ մը

Պլոքի նիստէն պահ մը

Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացքիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նիստին ընթացքին պլոքին անդամները ողջունեցին Հարիրիի Լիբանան վերադարձը:

Պլոքը հաստատեց, որ Հարիրի ճշգրիտ պահուն վերադարձած է Պէյրութ` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ եւ անոր շուրջ տիրող պայմանները:

Նիստէն ետք երեսփոխան Հատի Հպէյշ կարդաց պլոքի նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ խստիւ դատապարտուեցաւ Արսալի դէմ յարձակումը` նկատի ունենալով, որ ան թիրախ կը դարձնէր բանակն ու ապահովութեան ուժերը:

Մուսթաքպալ պլոքը շեշտեց նախագահական ընտրութիւնը արագացնելու կարեւորութիւնը` ցաւ յայտնելով, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումն ու Հըզպալլան կը շարունակեն խոչընդոտել նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը:

Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխաններ երէկ ուղղուեցան Արսալ եւ ընդգծեցին Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին շրջագիծին մէջ Լիբանանի արեւելեան սահմաններուն հսկելու կարեւորութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )