Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Արսալի Դէպքերուն Ընթացքին Անյայտ Կորսուած Զինուորներուն Ընտանիքները

Անյայտ կորսուած զինուորներու ընտանիքներուն հետ հանդիպման ընթացքին

Անյայտ կորսուած զինուորներու ընտանիքներուն հետ հանդիպման ընթացքին

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Արսալի դէպքերուն ընթացքին անյայտ կորսուած զինուորներուն ընտանիքները, որոնց հետ քննարկեց այդ զինուորներուն վերաբերող տեղեկութիւններն ու զանոնք ազատ արձակելու իմաստով ընթացքի մէջ եղող աշխատանքը:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ այս հանգրուանին անյայտ կորսուած զինուորներուն թղթածրարին լուծումը բանակին համար առաջնահերթութիւն է եւ բանակի հրամանատարութիւնը ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ զանոնք ազատ արձակելու համար:

«Բանակը իր նահատակներուն եւ վիրաւորներուն արեամբ, ինչպէս նաեւ անյայտ կորսուած զինուորներուն ճակատագիրով երբեք սակարկութիւն չի կատարեր: Բանակը պատրաստ է բոլոր հաւանականութիւններուն` պահպանելու համար անյայտ կորսուած զինուորներուն անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛աշխատի զանոնք ազատ արձակելու ի խնդիր», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ անյայտ կորսուած զինուորներուն ընտանիքները եւս մաս կը կազմեն բանակի մեծ ընտանիքին:

Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին զօր. Քահուաժի հաստատեց, որ ՏԱՀԵՇ կը պատրաստուէր Լիբանանը նոր Իրաքի մը վերածելու` սիւննի եւ շիի համայնքներուն միջեւ համայնքային ու յարանուանական սադրանքներու գործադրութեան ընդմէջէն:

Ան շեշտեց, որ Իրաքը եւ Սուրիան ողողած իսլամական ծայրայեղականները տակաւին հսկայ վտանգներ կը սպառնան Լիբանանին:

Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը ուշի ուշով կը հսկեն Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )