Ֆրանսա Ռուսական Պատժամիջոցներուն Պատճառով Օգնութիւն Կը Խնդրէ Եւրոպական Միութենէն

0811_Hollande«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսա դիմած է Եւրոպական յանձնաժողովին` խնդրելով համապատասխան միջոցառումներ ձեռնարկել` սննդամթերքի ներմուծումը արգիլելու Ռուսիոյ որոշումին հետեւանքներուն դէմ պայքարելու համար:

Յայտարարութիւնը կատարուած է, երբ Ֆրանսայի նախագահը հանդիպում ունեցած է սննդամթերքի ֆրանսացի արտադրողներու հետ, որոնք լրջօրէն մտահոգուած են ռուսական արգելքի հետեւանքներով:

Յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծուի «Դէպի Ռուսիա եւրոպական եւ ֆրանսական արտածումներու կարեւորութիւնը», ինչպէս նաեւ կը հաղորդուի, որ Եւրոպական յանձնաժողովը որոշած էր յատուկ ուշադրութիւն դարձնել պտուղ եւ բանջարեղէն արտադրողներուն, որոնք արդէն դժուարութիւններ ունին շուկային մէջ:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիան, ի պատասխան իր երկրին դէմ կիրարկուող պատժամիջոցներուն, որոշած էր մէկ տարիով դադրեցնել Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպական Միութենէն, Քանատայէն, Աւստրալիայէն եւ Նորվեկիայէն սննդամթերքի ներածումը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )