«Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Յառաջիկային Պիտի Այցելեն Շրջան» Կ՛ըսէ Ուորլիք

Ճէյմս Ուորլիք

Ճէյմս Ուորլիք

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները մտադիր են յառաջիկային այցելելու շրջան, սակայն այցելութեան թուականները տակաւին չեն ճշդուած:

«Սոչիի քննարկումները շարունակելու եւ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը յառաջ մղելու նպատակով նախագահները կրնան հանդիպիլ աշնան: Համանախագահները պատրաստ են աջակցութիւն ցուցաբերելու` բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրելու համար: Հայ եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդները պէտք է հասկնան, որ շարունակուող տագնապը չի բխիր իրենց պետութիւններուն շահերէն: Յոյսով եմ, որ մարդիկ թեր կ՛արտայայտուին խաղաղութեան», ըսած է ան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )