Ասիրի. «Սէուտական Օժանդակութիւնը Պիտի Յատկացուի Միայն Բանակին Եւ Ապահովութեան Ուժերուն»

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի երէկ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախկին միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի հետ:

Միւֆթի Քապպանի պարգեւատրեց Ասիրին

Միւֆթի Քապպանի պարգեւատրեց Ասիրին

Հանդիպումին ընթացքին միւֆթի Քապպանի դեսպանը պարգեւատրեց Տար Ֆաթուայի շքանշանով եւ դրուատեց անոր ջանքերը` լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները ամրապնդելու առումով, ինչպէս նաեւ գնահատեց ներքին լիբանանեան հարցերը երկխօսութեան ճամբով լուծելու Ասիրիի կողմէ արտայայտուած մնայուն յանձնառութիւնները:

Իր կարգին, Ասիրի յայտնեց, որ իր կատարած այցելութիւնը հրաժեշտի բնոյթ ունի` աւելցնելով, որ Տար Ֆաթուա չափաւորականութեան ձայնը կը ներկայացնէ:

Ասիրի այցելեց նաեւ Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի, որուն հետ հանդիպումէն ետք շեշտեց, որ հակառակ դիւանագիտական իր առաքելութեան աւարտին, ինք տակաւին պիտի մնայ Լիբանանի մէջ մինչեւ դեսպանատան կեդրոնի փոխադրութիւնը:

Ասիրի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին տրամադրած օժանդակութիւնը պիտի յատկացուի միայն բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն:

Ասիրի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա կը զօրակցի Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն բարօրութեան:

Ան ընդգծեց, որ լիբանանցիները պէտք է ընտրեն իրենց հանրապետութեան նախագահը` աւելցնելով, որ Ռիատ նախագահական այս կամ այն թեկնածուին յաղթանակին կամ պարտութեան համար միջամտութիւն չի կատարեր:

Ասիրի մաղթեց նաեւ, որ Սուրիոյ տագնապը մօտիկ ապագային աւարտի` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիոյ համար Սուրիոյ, անոր ապահովական կայունութեան եւ ազգային միասնականութեան պահպանումը կարեւոր են:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )