Խորհրդարանի Նախագահը Զօր. Քահուաժիի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Իրավիճակը

Զօր. Քահուաժի եւ Պըրրի

Զօր. Քահուաժի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին ապահովական իրավիճակը:

Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Մեկնումի պահուն Ուահապ շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի խորհրդարանի նախագահին այն կեցուածքին, թէ Լիբանանի մէջ պէտք է ապահովական առումով ներդրում կատարել` օժանդակելու համար բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն, որոնք կը պահպանեն Լիբանանը:

Ուահապ անհրաժեշտ նկատեց գերեվարուած զինուորներուն ազատ արձակումը` շեշտելով, որ անիկա համազօր է լիբանանեան պետական բոլոր հաստատութիւններուն գրաւումին:

«Ասիկա բոլոր լիբանանցիներուն արժանապատուութեան հետ կապ ունի եւ ոչ միայն լիբանանեան բանակին», ընդգծեց Ուահապ:

Ուահապ նաեւ կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ աշխատավարձերու յաւելումներուն թղթածրարը վաւերացնելու:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )