Զմմառու Մայրավանքի` Փոխումն Սրբոյ Կուսին Անուանակոչութեան Տօնակատարութիւն

Bz17Aug14-(565)-copy16 օգոստոս  2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Զմմառու Տիրամօր հովանիին ներքոյ գործող Արծիւեան միաբանութեան վարչական հայրերը, վերափոխման օրը յաւուր պատշաճի մեծարեցին իրենց բարեխօսին:

Արաբերէն լեզուով Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց Գէորգ արք. Խազումեան: Յաջորդեց երկու ժառանգաւորներ Ժաք Քէշիշեանի եւ Համլեթ Այվազեանի միաբանական յանձնառութեան խոստումի արարողութիւնը` Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեանի առջեւ: Սոյն արարողութեան յաջորդեց խաղողօրհնէք, ապա հրավառութիւն եւ հիւրասիրութիւն վանքի շրջափակին մէջ:

Իսկ 17 օգոստոս 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին Զմմառու մայրավանքը հիւրընկալեց Լիբանանի տարբեր շրջաններէն ժամանած հայորդիներ, որոնք հաղորդուեցան օրուան խորհուրդով, զոր մատուցեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարք` կողքին առընթերակայ ունենալով Մովսէս վրդ. Տօնանեան եւ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան: Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի, խորանին սպասաւորեցին Զմմառու Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի նորընծաներն ու ժառանգաւորները: Հոգեւոր տէրը իր քարոզը կառուցեց Տիրամօր ունեցած կարեւոր ներդրումներուն շուրջ: Ան ցաւոտ սրտով յիշեց Միջին Արեւելքի մէջ սանձազերծուած վայրագութիւններուն հետեւանքով թշուառ, անտէր դարձած քրիստոնեաները, որոնք հալածանքի թիրախ եղած են: Հոգեւոր տէրը իր խօսքը եզրափակեց Տիրամայրէն թախանձագին խնդրելով, որ շրջանին մէջ կայունութիւն հաստատէ եւ քրիստոնեաներուն անվտանգութիւնը ապահովէ, հայ ժողովուրդին սպառնացող կոտորածը կասեցնէ:

Յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագին, հոգեւոր տէրը համաձայն հայկական սովորութեանց խաղողը օրհնեց:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )