Պանք Օթոմանի Գրաւման 118-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին. «Դաշնակցութիւնը Սովորական Օրերու Կուսակցութիւն Չէ, Դաշնակցութիւնը Ճգնաժամի Կուսակցութիւն Է» Ըսաւ Աւետիս Կիտանեան

0815_otomanԿազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Էտկար Ակնունի» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, ուրբաթ, 15 օգոստոս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ֆանարի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Պանք Օթոմանի գրաւման 118-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը:

Ցոլեր Թալաթինեան

Ցոլեր Թալաթինեան

Արծիւ Տէր Խաչատուրեան

Արծիւ Տէր Խաչատուրեան

Լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու  յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք Ցոլեր Թալաթինեան բացումը կատարեց ձեռնարկին` ողջունելով ներկաները եւ յայտարարելով յայտագիրի գլխաւոր բաժինները:

Ապա ան բեմ հրաւիրեց ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արծիւ Տէր Խաչատուրեանը, որ Պանք Օթոմանի հակիրճ պատմականը կատարելէ ետք շեշտեց այդ գործողութեան կարեւորութիւնը: «Պատմական այդ յանդուգն եւ խիզախ գործողութիւնը օրին ցնցեց ամբողջ Օսմանեան կայսրութիւնը, եւ յատկապէս այս օրերուն, երբ Միջին Արեւելքը կ՛ապրի անկիւնադարձային հանգրուան մը, ուր փոքրամասնութիւններու եւ յատկապէս` քրիստոնեաներու իրաւունքները կ՛ոտնակոխուին, մենք պէտք ունինք Պանք Օթոմանի հերոսներու, Բաբգէն Սիւնիներու պայքարի ոգիին` միասնաբար պայքարելու համար», ըսաւ Տէր Խաչատուրեան` նշելով, որ պէտք է պատրաստ ըլլալ ֆիզիքապէս եւ բարոյապէս: «Էտկար Ակնունի» կոմիտէն այս շրջանին տէրը չէ միայն, այլ նաեւ ծառան է, եւ մեր ակումբին դռները բաց են` լսելու մեր ժողովուրդի հարցերն ու մտահոգութիւնները», շեշտեց Արծիւ Տէր Խաչատուրեան` ընդգծելով, որ «Պանք Օթոմանի եւ Խանասորի ոգիով սկսած պայքարը, որ մօտիկ անցեալին շարունակուեցաւ Արցախի մէջ, տակաւին չէ հասած իր լրումին, տակաւին ամբողջական Հայաստանը չէ կերտուած եւ մեր ազգային մեծ նպատակի իրականացման ճամբուն վրայ մեզմէ իւրաքանչիւրը գործ ունի կատարելիք»:

Աւետիս Կիտանեան

Աւետիս Կիտանեան

Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան, որ սեղմ գիծերու մէջ վերյիշեց Պանք Օթոմանի գործողութեան տուն տուած պատճառները, երբ հարիւր հազարներով հայեր կը կոտորուէին, մինչ Եւրոպան, յատկապէս` Անգլիա, Ֆրանսա, Ռուսիա, կ՛օրօրէին հայերը` խոստանալով Սուլթան Համիտէն բարենորոգման յանձնառութիւն ձեռք ձգել: 17 ժամ տեւած գործողութեան սկզբնաւորութեան կը զոհուի 23-ամեայ Բաբգէն Սիւնի եւ «գործը» կը շարունակէ Արմէն Գարօ: Թուելով պատմական այս դէպքին հիմնական մասերը եւ անոնցմէ քաղուած դասերը` Կիտանեան նշեց, որ այսօր  124 տարեկան Դաշնակցութիւնը կը վայելէ իր ժողովուրդին բացարձակ մեծամասնութեան յարգանքը: Փակագիծ մը բանալով` Կիտանեան յիշեցուց, թէ այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակութիւնն է 1918-ին Դաշնակցութեան կերտած Մայիսեան յաղթանակներով ձեռք բերուած հանրապետութեան: Այսօր, Դաշնակցութիւնը սփիւռքի մէջ կ՛ընէ այն, ինչ որ պետութիւն մը կ՛ընէ իր ժողովուրդին: Թուելով յետեղեռնեան պատմական դէպքերը մինչեւ 1991-ի անկախութիւն եւ արցախեան ազատամարտ, Դաշնակցութիւնը այսօր 23 տարիէ ի վեր, Հայաստանի մէջ կը գործէ այնպէս, ինչպէս կը գործէ Արցախի մէջ, այնպէս ինչպէս կը գործէր միշտ Պատմական Հայաստանի մէջ, շեշտեց ան:

0815_bank40815_bank5Անդրադառնալով Դաշնակցութեան Հայաստանի մէջ ծաւալած գործունէութեան` Կիտանեան ըսաւ. «Դաշնակցութիւնը սովորական օրերու կուսակցութիւն չէ, Դաշնակցութիւնը բնական օրերու կուսակցութիւն չէ, Դաշնակցութիւնը ճգնաժամի կուսակցութիւն է, երբ պահը կու գայ եւ դաշտին վրայ մարդ չի մնար, այդ պահը Դաշնակցութեա՛ն պահն է, երբ ժողովուրդը հարց ունի, այդտեղ կայ Դաշնակցութիւնը` ոտքի կանգնած»: «Դաշնակցութիւնը եղաւ այն կուսակցութիւնը, որ երբ տեսաւ Հայաստանի իշխանութեան սխալը, կրցաւ ոտքի կանգնիլ եւ ամբողջ սփիւռքը ոտքի կանգնեցնել եւ ո՛չ ըսել Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններուն», շեշտեց Աւետիս Կիտանեան: «Ճիշդ այս պատճառով Դաշնակցութիւնը կը փորձէ ոտքի պահել շրջանի` Լիբանանի եւ Սուրիոյ գաղութները, եւ այս երկիրներէն հեռանալը մեր ժողովուրդին համար մեծ վնաս է, որովհետեւ մեր հոս ունեցած առանձնայատկութիւնները այլ երկիրներու մէջ դժուար թէ ունենանք, հոս մնալը կը պահպանէ մեր միութիւնը, մեր հայ մնալը», ընդգծեց Կիտանեան (Աւետիս Կիտանեանի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային):

0815_bank70815_bank60815_bank3Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր Նանօր Պոյովկեան մեներգեց «Ո՜վ հայոց մայրեր» երգը, Սոնա Թիթիզեան ասմունքեց Արմէն Գարոյի «Ապրուած օրեր»-էն` Մշեցի Միսաքին նուիրուած «Վերջին ժպիտը» գրութիւնը: Ապա Ֆանարի պարախումբը ելոյթ ունեցաւ քանի մը ազգային պարերով, իսկ ձեռնարկի աւարտին լիբանանահայ ծանօթ երգիչներ Վիգէն Տիշչեքենեան եւ Յարութ Լափաճեան` ընկերակցութեամբ Շանթ Տիշչեքենեանի, ելոյթ ունեցան ազգային-յեղափոխական երգերով` մեծապէս խանդավառելով ներկաները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )