Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Երկու Անդամներ Ազատ Արձակուեցան Ահաբեկիչներուն Կողմէ

Ներքին ապահովութեան ուժերու երկու անդամներ երէկ ազատ արձակուեցան Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկիչներուն կողմէ:

Ազատ արձակուած զինուորները ստանձնեց լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը` Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդէն:

Խորհուրդին համաձայն, ներքին ապահովութեան ուժերու անդամներ Մուտին Հասան եւ Քամալ Մուսուլմանի Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ ազատ արձակուած են` իբրեւ բարի կամեցողութիւն, որպէսզի բանակը դադրեցնէ սուրիական գաղթակայաններուն դէմ իր ներխուժումներն ու ձերբակալումները, ինչպէս նաեւ թեթեւցնէ գաղթակայաններուն շուրջ իր պարտադրած ապահովական խիստ հսկողութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ, դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրի յայտնեց, որ իրենք ճիգ պիտի չխնայեն գերեվարուած բոլոր զինուորները ազատ արձակելու նպատակով: Ան հաստատեց, որ բոլոր զինուորները ողջ առողջ են:

Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ արեւելեան Արսալի մէջ լիբանանեան բանակը ծուղակ մը լարելով կրցած է ձերբակալել 12 սուրիացի զինեալներ, որոնք կը պատկանին ահաբեկչական այն խմբաւորումներուն, որոնք Արսալի մէջ բանակին դէմ զինեալ բախումներուն մասնակցած էին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )