Փեր Մերթեսաքըր Աւարտեց Ֆութպոլի Իր Միջազգային Ասպարէզը

0817_mertesackerԼոնտոնեան Արսենալի մաս կազմող գերմանացի յետսապահ Փեր Մերթեսաքըր նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կը լքէ իր ելոյթները Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ:

«2014-ի Մոնտիալին Գերմանիոյ աշխարհի ախոյեան հանդիսանալը միջազգային ասպարէզիս ոսկեայ աւարտն է: Միջազգային ասպարէզս կ՛աւարտեմ Գերմանիոյ հետ իմ կատարած առաջին մրցումէն ճիշդ 10 տարի ետք», ըսաւ 29 տարեկան Մերթեսաքըր:

Գերմանիոյ հետ 104 միջազգային մրցումի ընթացքին Մերթեսաքըր նշանակած է 4 կոլ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )