Իրանի Գաղտնի Սպասարկութիւնները Տասնեակ Մը Ազրպէյճանցիներ Ձերբակալած Են

0818_IranԱզրպէյճանական Haqqin.az կայքը` յղում կատարելով իրանեան լրատուամիջոցներուն, կը հաղորդէ, որ Իրանի անվտանգութեան եւ տեղեկատուութեան կազմակերպութիւնը (ԷԹԹԵԼԱԱԹ) ձերբակալած է տասնեակ մը ազրպէյճանցիներ, որոնք փորձած են քայլարշաւ կատարել դէպի Սաւալան լեռ:

Ձերբակալուածներու շարքին են ազրպէյճանցի յայտնի գործիչներ Հասան Ճոլանի, Ճաֆար Ռուսթամի, Հապիպ Նակահապան, Ֆարհատ Ասլանի, Սայիտ Հոսէյնի եւ ուրիշներ:

Անոնց մեղադրանք ներկայացուած է իսլամական վարչակարգին դէմ անօրինական գործողութիւններ կատարելու համար:

Սալաւան լեռը Իրանի ազրպէյճանցիներուն համար իրենց անկախութեան հասնելու խորհրդանիշն է: Ամէն տարի ազրպէյճանցիները նշեալ լերան մօտ հանրահաւաք կը կազմակերպեն` ազգային ազատութիւններ պահանջելով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Վահան Վանական 9 years

    Եւ հոս է Քորդեան Հանգոյցին գաղտնիքը,

    Ալիեւին այդքան միլիառներ ծախսելով զանգուածային զէնքերու պաշարին բուն նպատակը Էլչիպէյին Երազին իրականացումն է՝ Իրանի Ատրպատականը Ազրպէյճանի միացնել.
    Ինչպէս մօտերըս նոյն ակնարկութիւնը ըրի՝ Ալիեւ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ պատերազմելու համար այդքան զէնքերու պէտք չունի.

    Ազրպէյճանի Զինարշաւին համար Հայաստանը Քող մըն է.

    Իրանի կը մնայ վերլուծել եւ քողազերծել Ազրպէյճանի Զինումին Հեռաւոր եւ Մոտաւոր նպատակները.

    Վահան Վանական

  • Disqus ( )