Սլէյման Սինիորայի Եւ Ապու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Քաղաքական Իրադարձութիւնները

Զօր. Սլէյման եւ Սինիորա

Զօր. Սլէյման եւ Սինիորա

Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շեշտեց, որ ահաբեկչութիւնը չի կրնար բնիկ ժողովուրդին այլընտրանքը դառնալ, իսկ Իրաք պէտք է վերադառնայ իր նախկին դիրքին:

Ան խստիւ դատապարտեց Իրաքի մէջ ահաբեկչութեան գործած աւերներն ու սպանդները եւ մերժեց բռնաճնշումները, որոնք հասան մինչեւ ցեղային մաքրագործումի եւ ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան:

Սլէյման ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Սինիորա շեշտեց, որ շատ հաւանաբար խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը ժամանակաւորապէս երկարաձգուի:

Սլէյմանի այցելեց նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, որ ընդգծեց, թէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը լիբանանեան քաղաքական բոլոր կուսակցութիւններուն ուղղութեամբ կը գործէ` լուծելու համար նախագահական ընտրութեան թնճուկը:

Միւս կողմէ, Սլէյման շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Թուրքիոյ նորընտիր նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին` անոր նախագահ ընտրուելուն առիթով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )