Պըրրի Ընդունեց Ամերիկեան Պատուիրակութիւն Մը

Հէյլ, Իսա եւ Պըրրի

Հէյլ, Իսա եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ամերիկեան պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին ամերիկացի քոնկրեսական Տերիլ Իսան եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը:

Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Պըրրիի այցելեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Այն Թինէ այցելեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ, որ Պըրրիի ներկայացուց իր նախաձեռնութիւնը` նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով:

Պըրրիի այցելեց նաեւ ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց պետական պաշտօնեաներու, ուսուցիչներու եւ զինուորականներու աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու կարելիութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ այդ թղթածրարին վաւերացման հոլովոյթը կ՛արգելակուի քաղաքական կողմի մը, աւելի ճիշդը` անհատի մը կողմէ:

Քանաան հաստատեց, որ պետական գանձարկղին պարզած վիճակը յստակ է, եւ յաւելումները ապահովելու աղբիւրները նոյնպէս յստակ են, եւ հարց տուաւ, որ մինչեւ ե՛րբ կարելի է այս քաղաքականութեամբ շարունակել եւ արտօնել, որ անձնաւորութիւն մը բարդ նախապայմաններ պարտադրէ` այդ թղթածրարին վաւերացման առումով:

Միւս կողմէ, Պըրրի շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Իրաքի նոր վարչապետ Հայտար Ապատիի եւ անոր յաջողութիւն մաղթեց, իր ստանձնած նոր պաշտօնին համար:

«Մենք կը հաւատանք եւ գրաւ կը դնենք, թէ Իրաքի մէջ պետութիւնը իր հակակշիռը պիտի բանեցնէ եւ յաղթական դուրս պիտի գայ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ իր մղած պատերազմէն», շեշտեց Պըրրի իր յղած հեռագիրին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )