Քոնկրեսական Քլարք Կը Սատարէ Արցախի Ժողովուրդին Եւ Կը Դատապարտէ Հայ Ժողովուրդին Դէմ Ազրպէյճանի Յարձակումը

Քեթրին Քլարք

Քեթրին Քլարք

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ Մասաչուսեցի 5-րդ վարչական շրջանը ներկայացնող քոնկրեսական Քեթրին Քլարք Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի կատարած յարձակումին դէմ յայտարարութիւն հրապարակած է:

«Ես խորապէս մտահոգուած եմ վերջերս Ազրպէյճանի` ընդդէմ Լեռնային Ղարաբաղի շղթայազերծած զինուորական յարձակումի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի քաղաքային անձերու եւ Միջազգային կարմիր խաչի դէմ արձակազէններու գնդակոծութիւններուն մասին հրապարակումներով: Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը չափազանց երկար ապրած է ազրպէյճանական յարձակումի մնայուն սպառնալիքին տակ: Բռնարարքներու այս արշաւը կը խախտէ զինադադարը եւ միայն պիտի յանգեցնէ նորանոր մարդկային կորուստներու: Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդը կրցած է ստեղծել կենսունակ ժողովրդավար հասարակութիւն, եւ ես կը սատարեմ անոնց` Ազրպէյճանի յարձակումը դատապարտելու գործին մէջ», յայտարարած է քոնկրեսականը:

Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւնները դատապարտող յայտարարութիւններ կատարած էին նաեւ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ, Պրետ Շըրմըն, Տէյվիտ Սիսլին, Ճուտի Չու եւ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյս: Վերջինս ընդգծած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի ապագան պէտք է որոշէ Արցախի ժողովուրդը` հանրաքուէի միջոցով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )