Հայաստանի Եւ Վրաստանի Վարչապետները Յայտարարութիւն Պիտի Կատարեն

վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի

վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հրաւէրով 21-22 օգոստոսին  պաշտօնական այցելութեամբ  Հայաստան կը հասնի Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին, ըսուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան  երէկ հրապարակած  պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Այցելութեան  ծիրին մէջ նախատեսուած են Վրաստանի վարչապետին  հանդիպումները Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներու հետ:

Հայաստանի եւ Վրաստանի կառավարութիւններու ղեկավարներու դռնփակ հանդիպումին պիտի յաջորդէ ընդլայնուած կազմով հանդիպումը:

Իրաքլի Ղարիպաշվիլի պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդ` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ան նաեւ պիտի այցելէ Մատենադարան:

Կառավարութեան մամլոյ կեդրոնին մէջ Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները յայտարարութիւն մը պիտի ընեն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )