Ֆութսալ. Պէյրութի Դրամատունը 12-1 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեան Մատնեց Կանըրզ Լիպանոնը

Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեան Պէյրութի դրամատունը, 4-րդ հանգրուանի բացման մրցումին 12-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Էմիլ Լահուտի անուան համալիրին մէջ տեղի ունեցած մրցումին:

Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ալի Հոմսի նշանակեց 4 կոլ:

Այս մրցումը Պէյրութի դրամատան համար եղաւ վերջին նախապատրաստութիւնը, նախքան Ասիոյ ֆութսալի ակումբներու ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը:

Նշենք, որ վերոնշեալ ախոյեանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ Չինաստանի մէջ, պիտի սկսի 25 օգոստոսին:

Լիբանանեան կազմը իր առաջին մրցումին պիտի ճակատի Տապիրի Թաւրիզի (Իրան) դէմ, ապա յաջորդաբար` Շոնպուրի Փալովայֆի (Թայլանտ) եւ Քատիսիէի (Քուէյթ) դէմ:

ԻնչկըվերաբերիԼիբանանիֆութսալիախոյեանութեան 4-րդհանգրուանիմրցումներուն, յայտագիրըպիտիընթանայհետեւեալձեւով.

ՈՒՐԲԱԹ, 22 ՕԳՈՍՏՈՍ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Մայատին – Սեն Ժոզեֆ 19:30 Սատ
ՇԱԲԱԹ, 23 ՕԳՈՍՏՈՍ    
Ռապիհ – Ֆայհա Թրիփոլի 19:30 Սատ
«Էյ. Եու. Էս. Թի.» – Լիբանանեան բանակ 18:30 Էմիլ Լահուտ
Շուէյֆաթ – Ղըպէյրի 20:30 Էմիլ Լահուտ
Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )