Երէց Ընկերոջս` Մովսէս Թ. Հերկելեանի Յիշատակին. Մերը Միշտ Ուրիշ Է

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Երէց ընկերս աւանդապահ էր եւ նահապետական կեանքով ապրող: Ան համոզուած էր, որ «մերը միշտ ուրիշ է», այսինքն իւրայատուկ, մուսալեռցիական, աւանդապահ եւ մանաւանդ` դաշնակցական:

Ողբացեալ մեր մեծ գրագէտին` Պօղոս Սնապեանի թաղման ատեն դիտողութիւն ըրաւ` յայտնելով, թէ` «ինչո՞ւ կոմիտէին դամբանականը եկեղեցւոյ մէջ կարդացուեցաւ: Մենք մեր աւանդութիւններէն սկսած ենք շեղիլ: Դամբանականը գերեզմանատան մէջ կը կարդան…»:

Որո՞ւ մտքէն կ՛անցնէր, որ մէկ ամիս ետք մեր ընկերոջ դամբանական պիտի կարդայինք Այնճարի գերեզմանատան մէջ:

Երէց ընկերս անհաւատալի կերպով արագ մեկնեցաւ այս աշխարհէն. քսան օրուան ընթացքին, լուռ ու մունջ, ասուպի պէս անդարձ գնաց` յուզումի մատնելով իր ընտանեկան պարագաները, գաղափարի ընկերները եւ բոլոր այնճարցիները:

Է՜հ, ընկ. Մովսէս, տակաւին շա՜տ կանուխ էր: Մենք տակաւին պէտք ունէինք քու գաղափարներուդ, թելադրութիւններուդ, «կարծր» կեցուածքներուդ: Հաւատաւոր դաշնակցականի քու մօտեցումներդ ազգային հարցերու նկատմամբ օրինակ կը դառնային մեր նոր սերունդին, որ համաշխարհայնացումի այս դարուն շուարած վիճակի մէջ կը թուի ըլլալ:

Ընկ. Մովսէս, հիմա կը վերադառնամ այն հին տարիներուն, երբ ճանչցանք քեզ` որպէս մեր յաղթանդամ վարիչը ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան: Մեզ առաջնորդեցիր դէպի լեռները արշաւներու. արշաւեցինք Խանասորի տօնին, արշաւեցինք գիշերները, արշաւեցինք` աշնան` դէպի պտուղի պարտէզները, «բերքի տօն»-ին գինեսեղան բացիր մեր դիմաց, փառք տուինք մայր հողին, մեր հողի ոսկի խնձորին…

Որպէս Մովսէս մարգարէ` մեզ առաջնորդեցիր դէպի ազգային եւ մուսալեռցիական հպարտութեան, մեր մանուկ հոգիներուն մէջ դրոշմեցիր ուսման կարեւորութիւնը, երբ մեր ժողովներուն պատիժ սահմանեցիր վերաքննելի ունեցող պատանիներուն հանդէպ: Քեզի համար պատանին չէր կրնար ձախողիլ: Սորվեցանք չարքաշութիւն, ընկերասիրութիւն, ծառայութիւն. հպարտութեամբ եւ զինուորներու պէս երգեցինք մեր յեղափոխական երգերը` «Արիւնոտ դրօշ», «Մենք անկեղծ զինուոր ենք», «Լուսին չկար»… Գիւղացիները մեր երգերուն ձայնը լսելով կ՛իմանային, որ պատանիներուն ժողովը սկսած է:

Օգնականներդ` եղբայրդ` Ժաք Հերկելեանն (որ դարձեալ անժամանակ մեկնեցաւ) եւ վաղամեռիկ բանաստեղծ Պետիկ Հերկելեանն էին: Ժաքը մեզ նշանառութեան կը վարժեցնէր, իսկ Պետիկը երգ կը սորվեցնէր արշաւներուն ընթացքին…

Սերունդ մը ամբողջ անցաւ շունչիդ տակէն, որոնց համար դուն մնացիր միշտ ԸՆԿ. ՎԱՐԻՉԸ:

Կը յիշեմ, որ ատեն մը գացիր Քանատա, բայց երկար չկրցար տոկալ հոն եւ վերադարձար Այնճար: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն մնացիր պատնէշի վրայ: 1978-ին, երբ հազարաւոր հայորդիներ Պէյրութէն խոյս տուին եւ ապաստանեցան Այնճար, որպէս գաղթականներու խնդիրները լուծող յանձնախումբի նախքան, քանի մը ամիս, գիշեր-ցերեկ ակումբ մնացիր բոլորին օգնութեան ձեռք երկարելու համար: ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն քեզի եւ քանի մը այլ ընկերներուն վստահած էր այդ պատասխանատու պարտականութիւնը, որ տարիր բծախնդրութեամբ եւ պատասխանատուութեան բարձր ոգիով:

Չհեռացար Այնճարէն, երբ ուրիշներ գացին շատ հեռուներ` գրեթէ կապը կտրելով իրենց ծննդավայրին հետ: Դուն մնացիր քու սիրած գիւղիդ եւ ժողովուրդիդ մէջ եւ  բոլոր միջոցներով օժանդակեցիր գիւղի զարգացման:

Վերջին 40 տարիներուն, մաս կազմելով Այնճարի ազգային տարբեր մարմիններուն եւ յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, ճիգ չխնայեցիր սատարելու Այնճարի վերելքին:

Օժտուած էիր թատերական եւ գրական շնորհներով: «Լուսարձակ 40» թատերախումբին մէջ ստանձնեցիր կարեւոր դերեր եւ Այնճարի բեմերուն վրայ եղար տիրական ներկայութիւն: Այնճարի թատերական կեանքին մէջ ունեցար քու կարեւոր ներդրումդ: Յակոբ Պարոնեանի կարգ մը ներկայացումներուն մէջ մեծ տպաւորութիւն ձգեցիր հանդիսականներուն վրայ. հաւանաբար այլ միջավայրի մէջ շատ աւելի փայլուն կերպով պիտի արտայայտէիր քու դերասանական շնորհներդ:

Օժտուած էիր նաեւ գրելու եւ արտայայտուելու շնորհքով: Տօնակատարութիւններու ընթացքին ներկաները մեծ  հաճոյքով կ՛ունկնդրէին քեզ, որովհետեւ գիտէին, որ տարբեր ձեւով եւ տարբեր գաղափարներ պիտի ներկայացնես` միշտ հետաքրքրական, ազգային եւ համամարդկային ենթահողի վրայ:

Աշխատակցեցար «Ազդակ»-ին, ուր լոյս տեսան իւրայատուկ գրութիւններդ` համով-հոտով, ընթերցողին բաւարարութիւն եւ հպարտութիւն ներշնչող յօդուածներ:

Շատ ուշ ընտանիք կազմեցիր: Բոյնդ եղաւ տաքուկ, հայաշունչ եւ նահապետական:

Այնճարը քեզի համար եղաւ մուսալեռցիներուն մայրաքաղաքը, ուր կոչուած էին ապրելու Մուսա Լերան հերոսական ժողովուրդի ժառանգորդները: Գուրգուրացիր գիւղին եւ գիւղացիներուն վրայ, պահպանեցիր Մուսա Լերան բարբառն ու աւանդութիւնները, որոնք սրբութիւններ էին քեզի համար:

Եւ այսպէս, օր մըն ալ անժամանակ մեկնեցար:

Ընդհատուեցաւ կեանքիդ թելը, երիտասարդ տարիքիդ, գացիր յաւիտենական հանգիստի` ծնողքիդ, եղբօրդ եւ քրոջդ կողքին:

Լոյս թող իջնէ հոգւոյդ, սիրելի՛ ընկ. Մովսէս:

21 օգոստոս, 2014
Այնճար

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )