Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. Ռուսիա Սուրիոյ Մէջ Իր Առեւանգեալները Փրկելու Համար Բոլոր Միջոցառումները Կ՛որդեգրէ

0822_RFMՌուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Մոսկուա բոլոր միջոցառումները կ՛որդեգրէ Սուրիոյ մէջ զինեալներու կողմէ առեւանգուած Ռուսիոյ քաղաքացի Կոր Աֆլիովի կեանքը պահպանելու համար»` աւելցնելով, որ Ռուսիա իր կարելին կ՛ընէ անոր ազատ արձակման համար:

Նախարարութիւնը նշեց, որ այս հարցին նրբութեան պատճառով այս հակիրճ յայտարարութեամբ կը բաւարարուի` նկատի ունենալով, որ տեղեկութեանց որեւէ սպրդում կամ լրատուամիջոցներու կողմէ հրապարակուող անպատասխանատու որեւէ յօդուած կրնայ անդառնալի վնաս պատճառել:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ռուսական կողմը սուրիական իշխանութեանց եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն, ներառեալ` Սուրիական յեղափոխութեան եւ ընդդիմութեան ազգային ուժերու համախոհութեան հետ աշխատանք կը տանի Ռուսիոյ քաղաքացիին հարցը լուծելու համար` աւելցնելով, որ Ռուսիա այս հարցով դիմումներ ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի, Ֆրանսայի, Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Սուրիոյ մէջ զինեալ խմբաւորումներուն վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու կարողութիւն ունեցող միջազգային եւ  շրջանային այլ կողմերու:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու հարցով յանձնակատար Նաւի Փիլայ երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ ճգնաժամի զոհերուն թիւը շրջանցած է 190 հազարը:

Միւս կողմէ, Փենթակոն երէկ նշեց, որ ՏԱՀԵՇ-ը կարելի է պարտութեան մատնել, «եթէ խմբաւորման դէմ Սուրիոյ մէջ յարձակում գործուի»: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ երէկ Փենթակոնի մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ «Իրաքի մէջ թէ այլուր ամերիկեան բոլոր շահերուն անմիջական վտանգ կը սպառնայ»:

Հէյկըլ լրագրողներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ ՏԱՀԵՇ «արդիական կարելիութիւններ, ինչպէս նաեւ ահաւոր կերպով լաւ ֆինանսաւորում ունի»` աւելցնելով, որ խմբաւորումը «պարզապէս ահաբեկչական խմբաւորում մը չէ, այլ` անոնք գաղափարախօսութիւնն ու զինուորական արդիական ուժը կը միախմբեն»:

Մինչ այդ, ՏԱՀԵՇ յայտարարեց, որ մահապատիժի ենթարկած է իր ապահովական կառոյցի պատասխանատու Ապու Ուպէյտա Մաղրիպին, որ Ապու Խալետ Սուրիի ահաբեկումը ծրագրողն էր, որովհետեւ փաստուած է, որ Մաղրիպի արեւմտեան գաղտնի սպասարկութեանց գործակալ է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )