Ըստ «Անատոլու»-ի. Փեշմերկաները Իրանցի Զինուորներու Օժանդակութեամբ Վերատիրացած Են Ժալուլային

0822_PeshmergaԹրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան աղբիւրները հաստատած են, որ Իրաքի հիւսիսը գտնուող Տիալի նահանգի Ժալուլա քաղաքին վերատիրանալու համար իրանցի աւելի քան 100 զինուորներ աջակցած են փեշմերկաներուն` ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի:

Իրանցի զինուորներու ծանր զէնքերով զինուած փեշմերկաները` իրաքեան օդուժին օժանդակութեամբ յարձակում շղթայազերծած են ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոններուն դէմ:

Յարձակումին պատճառով ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն մէջ արձանագրուած են բազմաթիւ զոհեր, ինչ որ զանոնք մղած է նահանջելու դէպի Ժալուլայի մօտ գտնուող Հիւսէյնիէ գիւղը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )