Իրաք. Յարձակում Մզկիթի Մը Վրայ. Նուազագոյնը 68 Զոհ

rtr3xdhs.siԻրաքեան ապահովական ուժեր «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան կը հաղորդեն, որ Իրաքի արեւելքը գտնուող Տիալա նահանգին մէջ գտնուող մզկիթի մը վրայ տեղի ունեցած է զինեալ յարձակում, որուն հետեւանքով նուազագոյնը 68 անձեր սպաննուած են:

Լուրը հաղորդող կողմը կ՛ըսէ, որ զինեալները ներխուժած են Իմամ Ուեյս գիւղի Մուսապ Պըն Ամայր մզկիթը եւ կրակած են տասնեակներով աղօթողներու վրայ:

Իրաքեան գաղտնի սպասարկութեան սպայ մը կը յայտնէ, որ մզկիթին մէջ տեղի ունեցած է անձնասպանական գործողութիւն մը, որուն յաջորդած է այլ զինեալներու կողմէ անձնասպանական գործողութենէն փախչողներու վրայ կրակոցներու արձակում:

Նշենք, որ Իրաքի խորհրդարանի նախագահ Սալիմ Ժապպուրի որոշում տուած է հետաքննութեան յանձնախումբ մը կազմելու եւ յայտնած, որ գործողութիւնը կատարողներն ու անոնց պատասխանատուները պէտք է հաշուետուութեան ենթարկել:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )