Մինչ Իսրայէլ Կը Շարունակէ Կազայի Դէմ Իր Յարձակումը. Պաղեստինեան Դիմադրութիւնը Կ՛ընդլայնէ Իր Թիրախներու Շրջանակը

0822_GazaԻսրայէլեան բանակը երէկ 47-րդ օրն ըլլալով շարունակեց Կազայի դէմ իր յարձակումը` հարուածելով Խան Եունեսը, Նասր շրջանը, Ռաֆահի մէջ Թել Սուլթան շրջանը, Նուսէյրաթ գաղթակայանը եւ Ռաֆահի ծովեզերեայ շրջանը: Յիշեցնենք, որ հինգշաբթի օր զոհերուն թիւը բարձրացած էր 2087-ի:

Համաս շարժումի ղեկավարներէն Իսմայիլ Հանիյէ, անդրադառնալով հինգշաբթի օր շարժումէն երեք ղեկավարներու սպանութեան, ըսաւ, որ ղեկավարներու ահաբեկումով շարժումը աւելի ուժեղ ու տոկուն կը դառնայ` նշելով, որ բռնագրաւողին հետ ճակատամարտը երկար է: Ան շեշտեց, որ պաղեստինցի ժողովուրդը Կազայի շրջափակման վերջնական ջնջումէն ու յարձակումի կասեցումէն նուազ պայմաններ պիտի չընդունի:

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ հինգշաբթի օր Կազայէն Իսրայէլի դէմ 109 հրթիռներ արձակուած են: Պաղեստինցիք երէկ ռմբակոծեցին Աստոտ, Պիր Սապահ եւ Աշքելոն բնակեցման վայրերը, ինչպէս նաեւ դարձեալ հրթիռակոծեցին Պեն Կորիոն օդակայանը: Պաղեստինեան դիմադրութիւնը նաեւ հրթիռակոծեց ու ռմբակոծեց իսրայէլեան զինուորական դիրքեր:

Նշենք, որ պաղեստինեան դիմադրութիւնը ձերբակալեց եօթը գործակալներ եւ հրապարակաւ մահապատիժի ենթարկեց երեք այլ գործակալներ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )