Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կ՛առաջադրէ Լիբանանցիներուն Քուէարկութեամբ Նախագահական Ընտրութեան Օրինագիծ Մը, Իսկ Քարամ Կը Պատասխանէ

Ապի Ռամիա, Քանաան, Տիապ եւ Աուն

Ապի Ռամիա, Քանաան, Տիապ եւ Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան երէկ խորհրդարանին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին առաջադրեց ուղղակի լիբանանցիներուն քուէարկութեամբ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կատարելու օրինագիծ մը:

Մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցան նաեւ համախմբումի երեսփոխաններ Հիքմաթ Տիպ, Ալեն Աուն եւ Սիմոն Ապի Ռամիա:

Քանաան շեշտեց, որ կարելի է Լիբանանի ազգային սահմանադրութեան շրջագիծին մէջ նախագահ մը ընտրել, եթէ երկրին քաղաքական իշխանութիւնները համոզուին Լիբանանի համար հանրապետութեան հզօր նախագահ մը ընտրելու կարելիութեան:

Քանաան յայտնեց, որ այդ օրինագիծին համաձայն, նախագահական ընտրութիւնը պիտի կատարուի երկու հանգրուանով.  առաջին հանգրուանին ընթացքին իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած անձնաւորութիւններէն քուէներուն բարձրագոյն համեմատութիւնը ապահովող երկուքը պիտի անցնին երկրորդ հանգրուան եւ ապա տեղի կ՛ունենայ ընտրութիւն մը, որ կը կատարուի ժողովուրդին քուէարկութեամբ:

Քանաան շեշտեց, որ այս առաջարկը քաղաքական չէ, այլ` ազգային առաջարկ, որ կը միտի լուծել լուրջ հարց մը:

Քանաան կոչ ուղղեց խորհրդարանին ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնները` աւելցնելով, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը պատրաստ է գործակցելու իր դաշնակիցներուն եւ հակառակորդներուն հետ:

Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կ՛ուզէ իբրեւ արժանապատիւ կուսակցութիւն ներկայանալ լիբանանցիներուն, մինչդեռ անոր իրագործած համաձայնագիրներն ու աշխատանքները յստակ են բոլորին համար:

Քարամ հաստատեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը, որ քրիստոնեաներուն իրաւունքները կ՛աղերսէ` ՏԱՀԵՇ-ի հետ մէկ մետալին երկրորդ երեսին կը վերածուի:

Քարամ խստիւ մերժեց համախմբումին այն մօտեցումը, որ կը մերժէ բոլորը` բացի իր ղեկավարէն եւ կը փորձէ համոզել բոլորը, թէ միայն մէկ ղեկավար կը ներկայացնէ ամբողջ Լիբանանի քրիստոնեաները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )