50 Տարի Առաջ (2 Հոկտեմբեր 1964)
Աւետիս Ահարոնեանի Յիշատակին Նուիրուած
Դասախօսութիւն
Երեքշաբթի, 29 սեպտեմբեր 1964, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի մշակութային ընկերակցութեան Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած դասախօսական երեկոն` նուիրուած Աւետիս Ահարոնեանի յիշատակին:
Երկսեռ հասարակութիւն մը ծայրէ ծայր լեցուցած էր սրահը:
Վարչութեան նախագահ Շաւարշ Թորիկեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, թէ հաճելի անակնկալ մը եղաւ, Ամերիկայէն դէպի Հայրենիք իրենց կատարած շրջապտոյտէն վերադարձի ճամբուն, տէր եւ տիկին Վարդգէս Ահարոնեաններու ներկայութիւնը մեր մէջ:
Ապա ծանօթ գրագէտ Վարդգէս Ահարոնեան ընդհանուր ծափերու մէջ բեմ բարձրացաւ: Նախ շնորհակալութիւն յայտնեց իր անձին եղած պատուին համար եւ ըսաւ. «Այս պատիւը ուղղուած է այն անունին, որ ես երջանիկ ու հպարտ եմ կրելուս»:
Այնուհետեւ, Աւետիս Ահարոնեանի կեանքն ու ապրումները ներկայացնող յուշեր պատմեց, որոնք մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրուեցան ներկաներուն կողմէ:
Ներկայացուեցաւ ժապաւէնի առնուած նշմար մը այն մեծ մարդու ճառէն, որ կը պատգամէր հայ ժողովուրդին` «Ապագադ քու ճիգովդ ու կամքովդ պիտի կերտես»:
Ներկայացուեցաւ նաեւ Նշան Փալանճեան ճեմարանի ուսումնական կեանքը ներկայացնող կարճ ժապաւէն մը:
Հայկական Կեանք
Հայկական Փառատօնը Նիւ Եորքի Ցուցահանդէսին
Երրորդ Եւ Վերջին Անգամ Կրկնուած Է Յայտագիրը
Նիւ Եորքի մեր թղթակիցը կը հաղորդէ, թէ կիրակի, սեպտեմբեր 20-ին, Հայ ժողովրդական փառատօնը երրորդ անգամ ըլլալով` ներկայացուած է հոն, այս անգամ Միացեալ Նահանգներու տաղաւարին մէջ: Նիւ Եորքի միջազգային տօնավաճառին:
Կէսօրէ ետք ժամը չորսին պաշտօնապէս կատարուած է բացումը` ամերիկեան ազգային երգով, «Յառաջ Նահատակ»-ով եւ «Տէրունական աղօթք»-ով:
Պարզուած էին ամերիկեան աստղազարդը եւ հայկական եռագոյնը:
Մայքըլ Ֆոլի, որ կառավարական տաղաւարի մասնաւոր յայտագիրներու տնօրէնն է, ներկայացուցած է օրուան հայկական յայտագրի վարիչը` Արթըր Համբարեան:
Արմէն Պապամեանի ղեկավարութեամբ երգած է «Գուսան» երգչախումբը, եւ պարած «Նայիրի» պարախումբը, ազգային գեղեցիկ տարազներով, ղեկավարութեամբ Նուարդ Համբարեանի:
Գեղարուեստական ճոխ յայտագիրը` ազգային երգեր, պարեր, մեծապէս գոհացուցած է հոծ բազմութիւնը, որ գրաւած էր ամբողջ տաղաւարը:
Հայկական փառատօնի երրորդ եւ վերջին ներկայացումն էր ասիկա այս տարուան համար: Յառաջիկայ տարուան համար նոր ծրագիր պիտի մշակուի:
Ղարաբաղի Հայերուն
Բողոք-Հանրագրութիւնը
«Քրիսչըն Սայընս Մոնիթըր» մեծ օրաթերթը իր ուրբաթ օրուան, սեպտեմբեր 25-ի թիւով հրատարակած էր Պոսթըն Քոլեճի դասախօս տոքթ. Վահագն Տատրեանի յօդուածը` Ղարաբաղի հայերուն բողոք,- հանրագրութեան մասին, ուղղուած` խորհրդային վարչապետ Ն. Խրուշչեւի:
Ինչպէս ծանօթ է, Ղարաբաղի երկու հարիւր հազար հայերը, իրենց այդ հանրագրութեամբ, կը բողոքէին Խրուշչովին` պարզելով իրենց կեանքի անտանելի պայմանները` «եղբայրական» Ազրպէյճանի իշխանութեան ներքեւ:
Քանի մը օրէն այդ ուշագրաւ յօդուածը պիտի տանք թարգմանաբար:
Երգի Երեկոյ Հալէպի Մէջ`
Նուիրուած Աշոտ Սաթեանի
Կազմակերպութեամբ Հալէպի Համազգայինի մշակութային միութեան գեղարուեստական յանձնախումբին, սեպտեմբեր 11, ուրբաթ երեկոյեան ՀՄԸՄ-ի ակումբի բակին մէջ, կոկիկ հասարակութեան մը ներկայութեան, տեղի ունեցաւ երեկոյ մը` նուիրուած երաժշտագէտ Աշոտ Սաթեանի: Սոյն ձեռնարկին առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը կը բերէր Համազգայինի նորակազմ երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Բ. Ատանալեանի:
Հանդէսին բացումը կատարեց միութեան ատենապետը` Պ. Միսիրեան, որ բացատրեց օրուան ձեռնարկին իմաստը: Ապա բեմ հրաւիրեց օրուան դասախօսը` Հրայր Մանուկեանը: Հ. Մանուկեան սեղմ գիծերու մէջ անդրադարձաւ Աշոտ Սաթեանի կեանքին անոր ունեցած աշխատանքին ու ստեղծագործական ինքնատիպ ձիրքին հայ երաժշտութեան մարզէն ներս: Վերլուծումներ կատարեց իր կարգ մը երգերուն` տալով լայն բացատրութիւններ անոնց մասին: Ղեկավարութեամբ Բ. Ատանալեանի` երգչախումբը մէջ ընդ մէջ երգեց «Արարատեան հովտի երգեր»-ը, որ իր մէջ կը պարունակէ ա) «Արարատեան հովտի երգը», բ) «Արդեօք գիտե՞ս դու»-ն, գ) «Խաղողաքաղ»-ը եւ դ) «Կոլխոզական քառեակներ»-ը: Այս երգերուն յաջորդեցին` «Լուռ գնաց»-ը, «Հովեր ինձնից բարեւ տարէք»-ը, «Մարտիկի երգը» եւ «Ես իմ անուշ Հայաստանի»-ին:
Վերոյիշեալ երգերուն մեներգով իրենց մասնակցութիւնը բերին` Զուարթ Քէվրանեան, Կ. Ատանալեան եւ Ժ. Աւագեան:
Հետաքրքրական էր եւ գովելի գեղարուեստականի այս ձեռնարկը, որ ինքնատիպ էր իր տեսակով եւ ներկայացուելու ձեւով:
Քաջալերելի է մանաւանդ Համազգայինի նորակազմ երգչախումբը, որ միայն երկու ամսուան փորձով կրցաւ մեզի հրամցնել Ա. Սաթեանի նման դժուարամատչելի երաժիշտի մը երգերը: Կը յուսանք եւ կը սպասենք, որ նման երաժշտական ձեռնարկներ յաճախ կը կազմակերպուին Համազգայինի կողմէ, եւ մենք հաճոյքը կ՛ունենանք մօտէն ծանօթանալու մեր մեծ երգահաններու կեանքին եւ կ՛ըմբոշխնենք անոնց ստեղծագործութիւններն ու երգերը` ստանալով հոգեկան գոհունակութիւն:
ԹՂԹԱԿԻՑ
22/9/64
Հալէպ