50 Տարի Առաջ (30 Հոկտեմբեր 1964)
Փիզայի Աշտարակը
Հայ Վաճառականի Մը Հիմնած Վանքը 1366-ին
Աշտարակին բարձրութիւնն է 55,22 մ.` հարաւային կողմէն եւ 54,52 մ.` հիւսիսային կողմէն, իսկ ուղղահայեաց գծէն 4,3 մ դուրս հակած է:
Հակումը հիմնարկէքի թերութենէն է. այդ յայտնի եղած է նոյնիսկ շինութեան շրջանին, մինչ իր բարձրութեան կէսին հասած չէր. այնպէս որ, շինողները կարելին փորձեր են ուղղելու համար:
Զանգակատունը գլանաձեւ է` ութ կարգ 207 սիւներով, կլոր կամարներու վրայ: Շինութիւնը սկսած է 1174-ին եւ վերջացած է 1350-ին: Մուտքի դրան վրայ բարձրաքանդակ մը կը ներկայացնէ Տիրամայրը` Ս. Պետրոսի եւ Ս. Յովհաննէսի հետ.
Դիւրաւ կարելի է վեր ելլել 291 աստիճաններէ, միայն թէ երեք հոգիէ աւելի անձերու չեն թոյլատրեր:
Վրան եօթը զանգակ կայ` այնպէս մը դրուած, որ իրենց ծանրութեամբ կերպով մը հակակշռեն աշտարակին հակումը: Ամէնէն մեծը վեց տակառաչափ կը կշռէ. շատ հնչուն եւ շատ անուշ ներդաշնակութիւն մը ունին այդ զանգակները:
Աշտարակի բարձունքէն հիանալի կերպով կը դիտուի քաղաքին ընդհանուր տեսարանը:
Փիզա Իտալիոյ ամէնէն հին քաղաքներէն է. Ստրաբոն յոյն պատմիչին համաձայն, յոյն գաղութ մը հիմներ է զայն` Տրոլիայէն փախչելով: Հռոմայեցիներու իշխանութեան տակ զարդարուեցաւ շքեղ պալատներով ու շէնքերով: Միջին դարուն իտալացի ուրիշ քաղաքներու նման` փիզացիներն ալ անկախ իշխանութիւն մը ձեւացուցին. հազարական թուականներուն անուանի եւ հզօր էին եւ յաղթական պատերազմներ կը մղէին արաբներուն դէմ:
Փիզայի շէնքերուն մէջ անուանի են` մայր եկեղեցին` Իտալիոյ գեղեցկագոյն տաճարներէն մէկը, շինուած (1064-1108), համալսարանը, ԺԶ. դարուն հիմնուած, հնագոյն համալսարաններէն, գերեզմանատունը, որուն շինութեան համար յիսուն նաւերով հող բերին Պաղեստինէն:
Ճարտարապետութեան մէջ նշանաւոր եղաւ Փիզայի ոճը, շուտով տարածուեցաւ ու հասաւ մինչեւ իսկ Հռոմ: Այդ ոճին պատերու երկայնքէն լեցուն կամարները ազդուած են հայկական ոճէն (Անիի կաթողիկէն), ինչպէս կը յիշատակի «Թրեքքանի» իտալական համայնագիտարանը:
Երբ հայ մը օտար քաղաք մը հասնի, առաջին հարցումներէն կ՛ըլլայ` «Հոս հայ չկա՞յ…»:
Փիզայի հիւսիսարեւելեան կողմը գեղեցիկ վանք մը կայ. «Այս հոյակապ շէնքը,- կը գրէ «Լա Փաթրիա»` Իտալիոյ տեղագրութեան գիրք մը,- որ արտաքուստ արքունիքի, քան թէ Կարթուսեան վանքի մը կերպարանքն ունի, Փիզայէն շուրջ տասը հազար մ. հեռու, Իտալիոյ Կարթուսեան վանքերէ ամէնէն գեղեցիկներէն է: Հիմնուեցաւ 1366-ին հայ վաճառականի մը ձեռքով. Պետրոս` որդի Միրանտի (հաւանաբար Միհրան), որ Սուրբ Երկրէն եկած էր:
Միհրան Փիզայի քաղաքացի գրուելով` ամուսնացեր էր տեղացի օրիորդի մը հետ. ունեցեր էր երեք որդի, որոնցմէ Պետրոս անժառանգ մնալով 1265-ին իր հարստութիւնը կը կտակէ Կարթուսեան վանքի մը շինութեան:

