Թուրքիան Եւ Քրտական Բերդը

ԵՂԻԿ ԹԱՇՃԵԱՆ

2009 թուականին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ստանձնեց իր պաշտօնը եւ յայտարարեց, որ արմատական փոփոխութիւններ պիտի կատարէ երկրի արտաքին քաղաքականութեան մէջ:

Այս քաղաքականութիւնը բաւական յաջողութիւններ գտաւ, եւ անոր շնորհիւ` Թուրքիոյ տնտեսական եւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները Սուրիոյ, Իրաքի, Լիբանանի, Արաբական ծոցի եւ Իրանի հետ հսկայական յառաջընթաց ապրեցան: Սակայն «Արաբական գարուն»-ի առաջին օրերէն, երբ շրջանային ցնցումներ տեղի ունեցան, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան իսկական երեսը երեւան եկաւ:

Թուրքիոյ տարածաշրջանային քաղաքականութիւնը հիմնուած էր օսմանեան կայսերապաշտական ախորժակներու եւ ձգտումներու վրայ: Սուրիական եւ իրաքեան տագնապները բացայայտեցին թրքական օսմանեան քաղաքականութիւնը: Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ Թուրքիա ամէն ջանք կը թափէ տնտեսական, մշակութային եւ դիւանագիտական ներխուժում կատարելու նախկին օսմանեան հողամասերուն վրայ` քաջալերելով Իսլամ եղբայրակցութեան շարժումները նշեալ երկիրներուն մէջ:

Ծայրայեղ ՏԱՀԵՇ խմբակցութիւնը եւ վերջերս Արաբ Բունարի մէջ պատահած բախումները ա՛լ աւելի կը բացայայտեն Թուրքիոյ դժոխային ծրագիրները` շրջանին մէջ:

Թուրքիոյ դիրքը յստակ էր սուրիական վարչակազմին նկատմամբ: Անոր նպատակն էր ամէն գնով տապալել զայն եւ հոն հաստատել իրեն դաշնակից Իսլամ եղբայրակցութիւնը: Արդէն այս վերջինը որոշ չափով անհետացաւ գետնի վրայ, որովհետեւ Քաթար Թուրքիոյ նման չէր օժանդակեր անոր, եւ ծայրայեղ իսլամական կազմակերպութիւնները շատ աւելի կազմակերպուած եւ զինուած էին: Այս պատճառով իսկ Թուրքիա աչք խփեց ծայրայեղ իսլամականներու Սուրիա ներթափանցման դիմաց: Թուրքիա կը յուսար, որ Արեւմուտքը տեսնելով ծայրայեղ իսլամականներու թափանցումը` ստիպուած ըլլայ օժանդակելու Իսլամ եղբայրակցութեան. սակայն այս մէկը չպատահեցաւ, որովհետեւ Իսլամ եղբայրակցութեան կառավարութիւնները տապալեցան Եգիպտոսի, Թունուզի եւ Լիպիոյ մէջ:

Ինչո՞ւ Արաբ Բունարը:

ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Արաբ Բունարի վրայ յարձակումը շատերու համար անակնկալ էր. Իսլամական պետութիւն կոչուածը արդէն իսկ սահմանակից է Թուրքիոյ: Արաբ Բունարի վրայ յարձակումը աւելի խորունկ նպատակներ կը հետապնդէր: Ներկայիս, գործնականապէս, քիւրտերը Իսլամական պետութեան դէմ պայքարի մեծ ուժ մը կը կազմեն: Սուրիական բանակը եւ ընդդիմութիւնը անկարող են երկրորդ ճակատ մը բանալու, սակայն քաղաքական գետնի վրայ Սուրիոյ քիւրտերը միշտ եղած են Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան կողքին, իսկ Իրաքի քիւրտերը` Արեւմուտքին կողքին: Հետեւաբար այս մէկը կ՛անհանգստացնէ Թուրքիան: Թուրքիա կը վախնայ, որ Սուրիոյ քրտական շրջանները, որոնք ինքնավար են, ապագային անկախութիւն հռչակեն, ինչ որ կրնայ քաջալերել Թուրքիոյ մէջ բնակող աւելի քան տասը միլիոն քիւրտերը եւ ՔԱԿ-ը` զինուորական գործողութիւններ կատարելու սուրիական տարածքներէն դէպի Թուրքիա: Այս պատճառով Թուրքիա իր կարելին ըրաւ, որպէսզի Իսլամական պետութիւնը գրաւէ Արաբ Բունարը: Սակայն քրտական դիմադրութիւնը զօրաւոր էր, եւ երբ քիւրտերը ինքնապաշտպանութեան դիմեցին, Թուրքիա անակնկալի եկաւ:

Այս անգամ թրքական կառավարութիւնը այլ քայլերու դիմեց: Էրտողան փորձեց սիրաշահիլ քիւրտերը եւ Արեւմուտքը` անոնց հետ համաձայնելով, որ Իրաքէն միայն 200 քիւրտ կռուողներ մտնեն Արաբ Բունար` Թուրքիոյ ճամբով,  «Սուրիական ազատ բանակ»-ն ալ մուտք գործէ «Արաբ Բունարի պաշտպանութեան» համար: Այս քայլը երկու հիմնական նպատակներ կը հետապնդէր.

Ա) Ներքին քրտական գաղափարական պառակտումներու դուռ բանալ:

Բ) Ոչնչացնել Արաբ Բունարի քրտական անկախ քաղաքական դիմագիծը:

Անշուշտ գալիք օրերը ցոյց կու տան, եթէ Թուրքիա յաղթական կամ յաղթուած դուրս պիտի գա՞յ: Քոպանին թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ քիւրտերուն համար կենաց ու մահի պայքար է: Եթէ շրջանը իյնայ, ապա քրտաբնակ Հասաքէն ալ նոյն ճակատագիրին կրնայ ենթարկուիլ: Արաբ Բունարը Սուրիոյ քիւրտերուն ամուր բերդն է:

30/10/2014

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )