Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պապն Ու Փութինը… Էրտողանին Հիւրերը
Վերջին քանի մը օրերուն եռուզեռի մէջ է Թուրքիոյ արտաքին յարաբերական կառոյցը: Այսպէս բեղուն օրեր կ՛ապրի Թուրքիան` յանձինս նախագահ Էրտողանի, որ շարունակ այցելուներ կ՛ընդունի: Պարզ զբօսաշրջիկներ չեն ժամանողները, ոչ ալ փրոթոգոլային բնոյթ ունեցող տեսակցութիւններ են կատարուածները, այլ` շատ աւելի կարեւոր եւ առաջնահերթ հանդիպումներ:
Նոյեմբերի վերջին օրերուն Էրտողանին հիւրն էր Ֆրանչիսքոս պապը, որ Վատիկանէն ժամանած էր Թուրքիա, Միջին Արեւելքի ներկայ իրավիճակը քննելու եւ ծայրայեղ կրօնամոլութեան դէմ պայքարելու եւ այդ պայթուցիկ կացութեան մէջ ձիթենիի ճիւղ երկարելով` յայտնելու, թէ կրօնը տրամախոհութիւն մըն է, հեռու ռազմական եւ մարտական բնագաւառներէն: Ապա, պապին եռօրեայ այցելութիւնը հազիւ աւարտած, Էրտողանի նորակառոյց Սպիտակ տան` «Աք սարայ»-ի հիւրն էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, որ եկած էր տնտեսական հարցեր եւ այդ մարզէն ներս երկու երկիրներուն միջեւ յաւելեալ գործակցութիւն յառաջացնելու համար:
Անգամ մը եւս տեղին է նշել, թէ վերոյիշեալ երկու այցելութիւններն ալ թէեւ ժամանակադրութեամբ զիրար կը յաջորդէին, սակայն ոչ մէկ կապ ունէին իրարու հետ: Մին` զուտ յարանուանական, կրօնական եւ, հետեւաբար, ենթակայական բնոյթ ունէր, իսկ միւսը բոլորովին նիւթական, «թուային» եւ տնտեսական բնոյթ ունէր:
Նկատի ունենալով, որ Թուրքիա աշխարհագրականօրէն, Վատիկանի մօտ գտնուող ամէնէն աւելի իսլամ բնակչութիւն հաշուող երկիրն է եւ Սուրիա-Իրաք հիւսիսային սահմաններուն վրայ ստեղծուած Իսլամական խալիֆայութեան հետ քայլ պահող մօտիկ դերակատարներէն մէկը, այս այցելութիւնն ու տեսակցութիւնները Ֆրանչիսքոս պապին համար կարեւոր կը թուէին ըլլալ… երբեք չմոռնալով անշուշտ անդարմանելի սպի մը` Ահմեթ Ալի Աքչան… որ 1981-ին փորձած էր սպաննել Յովհաննէս-Պօղոս պապը:
Այսօր յստակ է, թէ իրենց անմարդկային վայրագութեամբ հռչակաւոր այս ծայրայեղ իսլամական խմբաւորումներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը` թուրք թէ այլազգի, Թուրքիոյ ճամբով մուտք կը գործէ խալիֆայութեան տարածաշրջան: Արաբ Բունարի դէպքերը ցայտուն փաստեր են:
Պապը այցելած էր որջ մը, ուր դժուար էր արտայայտուիլ հանդուրժողականութեան, արժանապատուութեան եւ կրօնական ազատութեան մասին: Նոյնինքն Էրտողանն ալ այդ մոլեռանդներու եւ ծայրայեղականներու խմբակին մաս կը կազմէ: Արդեօք ան հասկցա՞ծ էր կամ ուզա՞ծ էր հասկնալ պապին պատգամները… ուր, ի միջի այլոց, ան նաեւ յայտնած էր, թէ իր սրտի ցանկութիւնն է, որ հայ-թրքական սահմանը բացուի:
Բարոյականէն շա՜տ հեռու…զուտ նիւթական բնոյթ ունէր Ռուսիոյ նախագահին այցելութիւնը` Անգարա: Նկատի ունենալով, որ դէպի Եւրոպա մատակարարուող «Հարաւային հոսանք» նախագիծի իրականացումը ջնջուած է,
Փութին յայտնեց, թէ իր երկրի ուժանիւթի մատակարարումը պիտի ուղղէ դէպի այլ շուկաներ: Այսպէս, Ռուսիա լրացուցիչ կազ պիտի մատակարարէ Թուրքիոյ, եւ այս առթիւ նոր խողովակաշար պիտի կառուցուի, հետեւաբար այս ընթացքով պիտի նուազի կազին գինը:
Այս ացելութեան ընթացքին ստորագրուեցան ութ միացեալ փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերէին ուժանիւթի եւ առեւտուրի մարզերուն: Հաւանաբար, այս իրադարձութիւններու լոյսին տակ Ազրպէյճան, յանձինս իր «աւատապետ» Ալիեւին, գործի լծուի այս ռուս-թուրք մերձեցման առթիւ` իր արցախեան բարդոյթը արծարծելու եւ պղտոր ջուրին մէջ… փորձել ձուկ որսալու: