50 Տարի Առաջ (13 Դեկտեմբեր 1964)

Ինչո՞ւ Գունաւոր Կ՛ըլլայ Անձրեւը Եւ
Ձուկեր Ու Գորտեր Կը Թափին Երկինքէն

Եթէ ձեզի ըսեն, որ կ՛ըլլան կարմիր, դեղին սեւ եւ այլ գոյնի անձրեւներ, որ` անձրեւի ժամանակ երկինքէն կրնան թափիլ ձուկեր, գորտեր, խեցգետիններ, արծաթէ դրամ, հացահատիկ ու զանազան ուրիշ անասուններ ու առարկաներ, հաւանաբար դուք չէք հաւատար: Բայց կ՛ըլլան այդպիսի դէպքեր:

1117-ին, Լոմպարտիայի մէջ թափեցաւ կարմիր անձրեւ` յառաջացնելով «արեան» առուակներ: Հոգեւորականները շտապեցին յայտարարել, որ Աստուած բարկացեր է մարդոց: Կարմիր անձրեւներ տեղացած են աշխարհի շատ երկիրներուն մէջ, յատկապէս` Միջերկրական ծովի շրջակայքին մէջ:

Կ՛ըլլան նաեւ այլ գոյնի անձրեւներ: 1847-ի մարտի 31-ին Ֆրանսայի մէջ եւ 1956-ի յունիսին Քիեւի շրջակայքը տեղացած է կաթնագոյն անձրեւ, 1954-ին ամերիկեան Տաունպորտ քաղաքի բնակիչները տեսած են կապոյտ գոյնի անձրեւ, իսկ 1953-ի մարտի 13-ին Թիւրքմենիստանի մէջ նկատուած է դեղին գոյնի անձրեւ: Գունաւոր տեղումներ` եղած են նաեւ Հայաստանի մէջ` 1639-ին, տեղացած է դեղին ձիւն, իսկ 1958-ին` կարմիր: 1959 մարտի 12-ին Երեւանի մէջ բաց դեղնաւուն անձրեւ է տեղացած, նոյն օրը Ապատանի մէջ` կարմրաւուն ձիւն:

19-րդ դարու սկիզբը Իրանի մէջ անձրեւի հետ միասին թափած են միսի կտորներ, 1940 յունիսի 18-ին Մեշզերա գիւղին մէջ` արծաթէ դրամներ: Հեռաւոր Արեւելքի մէջ, Նոր Զելանտայի մէջ, Դանիոյ, Նորվեկիոյ, Սկովտիոյ մէջ յաճախ նկատուած են մետուզաներու եւ ջրային այլ անասուններու անձրեւներ:

Երկար ժամանակ մարդիկ չհասկնալով արտասովոր տեղումներու յառաջացման պատճառները` ատոնք կը վերագրուէին Աստուծոյ գոյութեան: Այսօր արդէն գիտնականները կը բացատրեն ատոնց յառաջացման պատճառները: Կը պարզուի, որ պտուտահողմերը անցնելով անապատներու վրայով` մթնոլորտի վերին շերտերը կը բարձրացնեն հազարաւոր թոներով կարմիր կամ դեղնաւուն աւազափոշի: Այդ փոշին կը խառնուի անձրեւի կամ ձիւնի հետ եւ անոնց կու տայ համապատասխան գոյն:

Հրդեհներէն կ՛ըլլան սեւ գոյնի տեղումներ` մուրի եւ մոխիրի պատճառով: Ովկիանոսներու, ծովերու, ճահիճներու վրայէն անցնելով` պտուտահողմերը ջուրի հետ միասին օդը կը բարձրացնեն բազմաթիւ անասուններ:

Բեւեռամերձ երկիրներու կարմրաւուն ձիւնին պատճառը ո՛չ թէ անոր մէջ գտնուող աւազափոշին է, այլ` կարմիր գոյնի միաբջիջ ջրեմանները, որոնք շատ արագ կը բազմանան: Բաւական է քամին ջրեմուռի քանի մը սերմ բարձրացնէ օդը, որպէսզի հսկայական տարածութիւններ ծածկուին կարմիր ձիւնի շերտով:

Այժմ մարդիկ չեն վախնար արտասովոր տեղումներէն:

 1965-ին Ոգեկոչելի Մեր Արժէքները

ԳԱԲՐԻԷԼ ՍՆԴՈՒԿԵԱՆ.- ծննդեան 140-ամեակ: Մեծահռչակ թատերագիր, թիֆլիսցի: Գլուխ գործոցն է «Պէպօ»-ն (1825-1912):

ՐԱՖՖԻ (ՅԱԿՈԲ ՄԵԼԻՔ-ՅԱԿՈԲԵԱՆ).- Ծննդեան 130-ամեակ: Մեծատաղանդ գրագէտ, վիպասան, բանաստեղծ եւ պատմաբան: Սալմաստցի (1835-1888):

ԵՂԻԱ ՏԵՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ.- Ծննդեան 120-ամեակ: Համբաւաւոր բանաստեղծ, գրագէտ, փիլիսոփայ, բառարանագիր եւ բանասէր: Պոլսեցի (1845-1908):

ՆՈՐԱՅՐ ԲԻՒԶԱՆԴԱՑԻ.- Ծննդեան 120-ամեակ: Մեծանուն լեզուագէտ, բառարանագէտ եւ բանասէր: Պոլսեցի (1845-1916):

ՄԱԿԱՐ ԵԿՄԱԼԵԱՆ.- Ծննդեան 110-ամեակ: Նշանաւոր երգահան, երաժշտագէտ եւ խմբավար: Վաղարշապատցի: Իր գլուխ գործոցն է «Երգեցողութիւնք Սրբոց պատարագի» քառաձայն մեծածաւալ աշխատասիրութիւնը, տպուած` 1896-ին, Լայփցիկ (1855-1905):

ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ծննդեան 100-ամեակ: Քնարերգակ բանաստեղծ եւ հայերէնի թարգմանիչ` ռուս գրողներու գործերուն: Ջաթագալացի (1865-1917):

ՄԱՆՈՒԿ ԱԲԵՂԵԱՆ.- Ծննդեան 100-ամեակ: Անուանի հայագէտ եւ ուսուցչապետ Երեւանի համալսարանին: Հեղինակ խորհրդահայ ուղղագրութեան, 1922-ին (1865-1944):

ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ.- Ծննդեան 90-ամեակ: Հռչակաւոր բանաստեղծ, Գիւմրեցի: Իր գլուխ-գործոցն է «Աբու Լալա Մահարի»-ն (1875-1958):

ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆ.- Ծննդեան 80-ամեակ: Բանաստեղծ: Ախալքալաքցի: Իր քերթուածներուն հեւաքածոն է «Մթնշաղի անուրջներ»-ը (1885-1920:

ՀԱՄԱՍՏԵՂ.- Ծննդեան 70-ամեակ: Տաղանդաւոր արձակագիր: Խարբերդցի: Ծնած` 1895-ին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )