«ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆԻՆ ԿԱՄՔԸ ԶՕՐԱՒՈՐ է ԵՒ ԱՆ ՅՈՒՍԱՀԱՏԻԼ ՉԻ՛ ԳԻՏԵՐ» Կ՛ԸՍԷ ՊԱՏՐԻԿ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ

Պ. Կիւլպէնկեան՝ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին կողմէ ստացած շքանշանով։

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամներէն Պատրիկ Կիւլպէնկեան, երբ 1949-ին Իրանէն փոխադրուած է Պէյրութ, առաջին անգամ այցելած է ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբը, ուր անոր մօրեղբայրը պատասխանատու եղած է ՀՄԸՄ Պէյրութի հեծելարշաւի խումբին:

Ընկերանալով իր մօրեղբօր` Պ. Կիւլպէնկեան մնայուն կերպով կ՛այցելէր ակումբ. այսպէս, ան շուրջ երեք տարի մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի յանձնախումբին:

«Այդ շրջանին էր, որ Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղը բարգաւաճ վիճակ մը կ՛ապրէր, եւ օր մը ՀՄԸՄ-ի սկաուտական խորհուրդը առաջարկեց, որ մաս կազմեմ իր աշխատանքներուն: Այս ծիրին մէջ երեք տարի զբաղեցայ այդ աշխատանքներով` առանց օր մը իսկ մտածելու, թէ կրնամ սկաուտ ըլլալ: Սակայն յանկարծ ստացայ սկաուտ դառնալու հրաւէր մը` տոքթ. Վարդգէս Յովնանեանէն, որ բացատրեց, թէ կը կազմուի երէցներու խումբ մը, եւ յարմար գտաւ, որ քանի մը ընկերներով մենք ալ մաս կազմենք այդ խումբին: Այդ օրերուն Դամասկոսէն եկած էր փորձառու խմբապետ Յակոբ Մանուկեանը, որ աւելի ուշ երկրէն մեկնեցաւ եւ ես դարձայ խմբապետ», ըսաւ Պ. Կիւլպէնկեան:

ՀՄԸՄ-ական եղբայրը իր յուշերուն մէջ խորասուզուելով` պատմեց, թէ օրին իրենց փորձառութիւնը նախնական էր, աւելցնելով սակայն, որ իրենք ունէին սկաուտական գիտելիքներու գիրք մը, որուն մնայուն կերպով կը հետեւէին:

«Սկաուտական տարիներու ամբողջ շրջանին մենք սորվեցանք սկաուտական գիտելիքներ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք սկաուտական երիցական փաղանգի խմբապետութիւնը ստանձնած է չորս տարի շարունակ:

«Երէցներուն թիւի բարձրացումը եւ անոնց աշխուժ, կարգապահ ու պարկեշտ շարքերը հմայեցին վարչութիւնը, իսկ լիբանանահայ ընկերութիւնը անոնց մասին մեծ գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ», նշեց Պատրիկ Կիւլպէնկեան:

1981-ի ՀՍԸՍ-ի Շրջանային վարչութեան կազմը։ Ոտքի՝ աջէն երկրորդը՝ Պ. Կիւլպէնկեան

Ան նշեց, որ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղին մէջ իբրեւ Սկաուտ խորհուրդի անդամ երկար ատեն աշխատելէ ետք, ինք 1969-ին ընտրուած է Սկաուտ խորհուրդի վարչութեան անդամ եւ 2 շրջանի համար գործած է նոյն վարչութեան մէջ:

Պ. Կիւլպէնկեան մաս կազմած է նաեւ Շրջանային սկաուտ խորհուրդին, իսկ 1976-ին ան ընտրուած է ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ` մնայուն կերպով կապը դառնալով սկաուտական աշխատանքներուն:

ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամակացութեան վերջին նստաշրջանին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հիմնադիր Բիւզանդ Թորիկեանի առաջարկով Պատրիկ Կիւլպէնկեան մաս կը կազմէ «Մարզիկ» ամսաթերթի յանձնախումբին: 1988-ին արդէն իսկ կ՛ընտրուի ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ, մէկ նստաշրջանի դադարէ ետք, դարձեալ կ՛ընտրուի մինչեւ 2007 թուական:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նստաշրջաններուն ընթացքին Պատրիկ Կիւլպէնկեան սկաուտական աշխատանքներ տարած է Կարօ Թիւթիւնճեանի հետ, եւ մինչեւ օրս կ՛աշխատի «Մարզիկ» ամսաթերթին հետ:

Իր յուշերուն մասին խօսելով` Պատրիկ Կիւլպէնկեան նշեց, որ ՀՄԸՄ-ը եղած է իր երկրորդ ընտանիքը: «Երբ երէց էի, Նահր Իպրահիմ ուղղուեցանք արշաւի: Իբրեւ պատասխանատու` ես տղոց կը թելադրէի, որ հեռու մնան գետեզերքէն, երբ յանկարծ իմ ոտքս սահեցաւ եւ ես գետ ինկայ, այդ վայրկեանին բոլոր տղաքը ամէն ճիգ կատարեցին, որպէսզի զիս ազատեն. անոնք չէին գիտեր, որ ես լողալ չէի գիտեր: Ինծի համար այդ դէպքը շատ տպաւորիչ էր, որովհետեւ հոն է, որ ես զգացի, թէ ՀՄԸՄ-ականը որքան ընկերասէր է եւ մէկզմէկու օժանդակելու յանձնառութիւնը ունի», շեշտեց ան:

Լիբանանի կրթութեան նախարարը դիմաւորելու պահուն, իբրեւ Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի անդամ։

Պ. Կիւլպէնկեան հաստատեց, որ իրեն համար հաւատք է եւ համոզում, որ ՀՄԸՄ-ականը զօրաւոր կամքի տէր մէկը ըլլայ` աւելցնելով, որ ՀՄԸՄ-ականը յուսահատիլ չի գիտեր:

«Իմ յուշերէս ինչ որ ալ պատմեմ պատմութեան սահմաններուն մէջ պիտի ըլլայ եւ ոչինչ պիտի բերէ ՀՄԸՄ-ին, որ 93 տարիէ ի վեր ապրած է` հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն: Սակայն այս օրերուն ՀՄԸՄ-ական երիտասարդը պէտք է գիտնայ եւ լաւ ըմբռնէ, որ գալիք օրերուն ՀՄԸՄ-ի բարգաւաճումը շատ կարեւոր է: ՀՄԸՄ-ականը պէտք է գիտնայ, որ ՀՄԸՄ-ը ոգի է եւ ապրում, որ միշտ վառ պէտք է պահել, այլապէս կարելի չէ տոկալ ու ծառայել ՀՄԸՄ-ին: Դժուարութիւններ կան, սակայն զանոնք յաղթահարելու համար հզօր կամք պէտք է, որպէսզի կարելի ըլլայ միութեան զանազան մարզերը բարգաւաճ եւ յուսատու դարձնել», շեշտեց Պ. Կիւլպէնկեան:

Ներկայիս ՀՄԸՄ-ի շարքերուն ուղղելով իր խօսքը` ան դիտել տուաւ, որ միշտ պէտք է աւելիին ձգտիլ եւ հեռանալ օտարամոլութենէ, իսկ արդիականացման այս դարէն պէտք է օգտուիլ` յառաջդիմելու համար եւ ոչ թէ ճամբէ շեղելու:

«ՀՄԸՄ-ը պահողը ազգային զգացումն է եւ ոգին եւ ոչ թէ սկաուտական գիտելիքները: Եթէ ոգի չկայ, ապա ՀՄԸՄ չկայ, այլ` մեքենայականացած կեանք մը», ըսաւ ան:

2008-ին Պ. Կիւլպէնկեան կը ստանայ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Արժանեաց շքանշանը։

«Մարզիկ» ամսաթերթին հրատարակման շրջագիծին մէջ իր աշխատանքին եւ քառորդ դարու փորձառութեան մասին խօսելով` Պ. Կիւլպէնկեան շեշտեց, որ «Մարզիկ»ը դաստիարակիչ դերակատարութիւն ունի հայ գրականութեան մէջ. ան աւելցուց, որ այդ ամսաթերթին մէջ ազգային եւ միութենական շունչը մնայուն ներկայութիւն է` աւելցնելով, որ «Մարզիկ»ը մարզական եւ սկաուտական աշխատանքներուն ցոլացումն է:

Ան նկատել տուաւ, որ հակառակ «Մարզիկ»ի դիմագրաւած դժուարութիւններուն` ոչ մէկ ճիգ խնայուած է «Մարզիկ»ը աշխարհի բոլոր կողմերը հասցնելու իմաստով: «Իբրեւ ՀՄԸՄ-ական` պէտք է հետեւողական ըլլալ «Մարզիկ»-ին հետ կապը պահելու իմաստով», ընդգծեց ան:

Վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ական եղբայր Պատրիկ Կիւլպէնկեան ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին մէջ իր կեանքին ու ծառայութիւններուն համար ստացած է երեք շքանշաններ. «Արժանեաց» շքանշան` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, 2008-ին, Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան կողմէ շքանշան, 2006-ին եւ իր տարած սկաուտական աշխատանքներուն համար Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին կողմէ շքանշան, 2001-ին:

ՀՄԸՄ-ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Share this Article
CATEGORIES