Տօնական Օրերու Մթնոլորտին Մէջ. Ս. Ծնունդը` Նոր Անունով
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՏԱՐԻՆԵՐ ՇԱՐՈՒՆԱԿ ՀԱՐՑԸ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆԱՑՈՒՄՆ ԷՐ: ԻՍԿ ՎԵՐՋԵՐՍ` ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՓԱՓԿԱՆԿԱՏՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ԽԱԽՏԵԼ ԲԱԶՄԱՄՇԱԿՈՅԹ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԴԱՐԱՒՈՐ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ: ԻՐՕՔ, «ՅԱՐՄԱՐԵԼՈՒ» ԹԵԼԱԴՐԱՆՔԸ ԿՐՆԱՅ ԳՈՅՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ՎՏԱՆԳ ՍՊԱՌՆԱԼ, ՔԱՆ` ՆՈՅՆԻՆՔՆ ԲԱԶՄԱՏԵՍԱԿ ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ԳՈՅԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹԸ: ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ԹԻՒՈՎ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՄԵՐԺԵՆ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ ԿՈՉԵԼ ԻՐ ԱՆՈՒՆՈՎ, ԱՅՆ ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԵԱՄԲ, ԹԷ ԱՅԼԱՊԷՍ ԿՐՆԱՆ ՎԻՐԱՒՈՐԵԼ ԱՅԼ ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏԿԱՆՈՂ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ԳՐԷ, ԹԷ ԱՆՈՆՔ ՍԽԱԼ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆ ՈՐԴԵԳՐԱԾ ԵՆ ԵՒ ՊԷՏՔ Է ՀԱՍՈՒՆՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵՆ:
«Ուրախ եւ գողտրիկ Ձմեռնային տօն մը կը մաղթեմ ձեզի»: Տօնական այս օրերուն այս մաղթանքը կը կատարուի Սթոք-ան-Թրենթի մէջ, Ս. Ծննդեան տօնը տարբեր անունով կոչելու քաղաքապետութեան թելադրանքով:
Այս քաղաքին մէջ մոռցուած են նաեւ Կաղանդ Պապան եւ իր եղնիկը, անշուշտ նաեւ` մանուկ Յիսուսը: Այն օրը, երբ տօնական լոյսերը վառեցան Սթոքի մէջ, Ճեք Ֆրոսթ շարժապատկերին հերոսին կերպարով հսկայական ձիւնեմարդ մը սկսաւ շրջիլ փողոցներուն մէջ, եւ Ֆայրպըրտ տիպի ինքնաշարժ մը սկսաւ հալածել զայն: Գայթակղեցուցիչ էր:
«Սթոքի քաղաքապետական խորհուրդին քաղաքական փափկանկատութեան հսկող ջոկատը կը կարծէ, թէ սխալ չէ քրիստոնեաներուն դէմ խտրականութիւն ցուցաբերելը` Ս. Ծննդեան տօնը կոչելով «Ձմեռնային տօն»: Հաւանաբար այս ձեւը որդեգրուած է, որպէսզի իսլամները հանգիստ զգան», կ՛ըսէ Էտուըրտ Քուք` բազմաթիւ քաղաքացիներէն մէկը, որ դժգոհութիւն յայտնած է:
Ճիշդ է, Կաղանդի ծառ մը բարձրացած է քաղաքապետարանին մուտքին, սակայն աւանդական տօնակատարութիւնները ծախսալից եւ ոգեղէն մակարդակի վրայ չէզոք «Ձմեռնային տօն»-ի վերածելու միտումը ոմանց մտածել կու տայ, թէ բազմակրօն Սթոքի քաղաքապետական խորհուրդը ամօթ կը զգայ Յիսուսի անունով տօն մը նշելու:
Սակայն խորհուրդը պէտք էր գիտնար, թէ թշնամական հակազդեցութիւն պիտի ստեղծուէր, որովհետեւ նման փորձ մը կատարած էր տասնամեակ մը առաջ:
«Մարդիկ նողկալի կը նկատեն այն երեւոյթը, որ Ձմեռնային տօնը մաս կը կազմէ Ս. Ծննդեան տօնէն հրաժարելու արշաւի մը,- ըսած էր պահպանողական ղեկավար Ռոճըր Իպզ, երբ տասը տարի առաջ կատարուած էր «Ձմեռնային տօն» բնորոշումը որդեգրելու փորձ մը:- Փոխանակ քաղաքին մէջ լարուածութիւնը փարատելու` Ձմեռնային տօնը մեծ հարցի վերածուած է»:
Նոյնը կը կրկնուի այսօր: Սակայն Սթոք միակը չէ: Այս տարի որեւէ ժամանակէ աւելի գերազանցած է թիւը քաղաքային այն խորհուրդներուն, կազմակերպութիւններուն եւ հաստատութիւններուն, որոնք խուսափեցան Ս. Ծննդեան տօնը նշելէ, այն մտավախութեամբ, որ այլապէս կրնան զայրոյթ պատճառել ոչ հաւատացեալներուն:
Բրիտանիոյ տարածքին տօնական օրերու առիթով տեղական իշխանութիւններու կողմէ ուղարկուած շնորհաւորական բացիկներու ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ 182 բացիկէն միայն մէկը կը նշէր Քրիստոսի ծնունդը. անիկա ուղարկուած էր Հիւսիսային Իրլանտայի Պանպրիճ քաղաքէն: 182 բացիկներուն կէսը անտեսած էր Ս. Ծննդեան տօնը եւ փոխարէնը կը կրէր «Տօնական մաղթանքներ» կամ «Ուրախ արձակուրդ» բառերը: Ոմանք կը պատկերէին քաղաքապետարանի շէնքերու նկարները: Բացիկ մը նոյնիսկ կը պատկերէր պասի կեդրոնի մը ծածկը:
Միւս կողմէ` Նեթմամզ կայքը այցելող 2000 անձերու վրայ կատարուած անպաշտօն հարցախոյզ մը ի յայտ բերած է, թէ դպրոցներու մէջ բեմադրուած Ս. Ծննդեան տեսարանները տարուէ տարի զանց կ՛առնեն աւանդական տարրերը եւ փոխարէնը կը ներկայացնեն անջրպետագնացներու, ֆութպոլի մարզիկներու եւ Էլվիս Փրեսլիի տիպարները: Հարցախոյզին համաձայն, դպրոցներուն միայն 30 առ հարիւրը կը ներկայացնէ Ս. Ծննդեան ամբողջական պատկերը: Ոմանք կը նախընտրեն «Ձմեռնային տօն» բնորոշումը կամ Ս. Ծննդեան երգերը կը փոխարինեն փոփ երգերով:
Ո՞վ Կ՛ուզէ Արգիլել Ս. Ծննդեան Տօնը
Արդեօք անոնք որո՞ւ զայրոյթ պիտի պատճառէին: Անաստուածներ կատարելապէս տրամադիր են հանդուրժելու այս տօնը, զոր հեքիաթ կը նկատեն, պայմանաւ որ առիթ տրուի իրենց զաւկին մարմնաւորելու Մարիամի կամ Յովսէփի դերը (Գաբրիէլ հրեշտակին դերը կատարելը ամէնէն մեծ պարծանքն է):
Բրիտանիոյ Իսլամական խորհուրդը յստակօրէն յայտարարած է, թէ իսլամութեան հետեւորդները ի՛նչ կեցուածք ունին: Խորհուրդը պատշաճեցուցած է Բ. Աշխարհամարտի օրերուն գործածուած որմազդի մը գրութիւնը, որ կ՛ըսէ. «Մի՛ խռովիք`, քրիստոնեանե՛րն են»: Այս գրութիւնը փոխարինուած է հետեւեալ բառերով. «Ո՞վ կ՛ուզէ արգիլել Ս. Ծննդեան տօնը: Ո՛չ իսլամները: Մեզմէ ոչ ոք անարգուած պիտի զգայ ինքզինք, եթէ դուք մասնակցիք Ս. Ծննդեան տօնախմբութեան»:
Յիսուս յատկանշական մարգարէ մըն է իսլամներուն համար: «Հետեւաբար, եթէ Ս. Ծննդեան տօնը նշէք կամ ոչ, կը մաղթենք, որ տօնական այս օրերը ուրախութիւն եւ ցնծութիւն պարգեւեն ձեզի եւ ձեր սիրելիներուն: Մի՛ խռովիք, շարունակեցէ՛ք»:
Այսուհանդերձ, անձկութիւնը համատարած է: «Յանցաւոր կը զգամ», կ՛ըսէ հիւանդապահ Սիւ, որ կը ծառայէ Միտլենտծի մէկ հիւանդանոցին մէջ, ուր պաշտօնէութիւնը որոշած էր այս տարի միայն փոքր տօնածառ մը զետեղել ընդունարանին սեղանին վրայ:
«Պաշտօնական քաղաքականութիւնը այն է, որ պէտք է յարգենք այս բաժանմունքին մէջ այլոց տրամադրութիւնները», կ՛աւելցնէ Սիւ, որ ամբողջութեամբ համաձայն է այս մօտեցումին: Ան կը սիրէ աշխատիլ այլ կրօններու պատկանող պաշտօնակիցներու հետ եւ ծառայել այլ հաւատքներու պատկանող հիւանդներու: Այսուհանդերձ, իբրեւ քրիստոնեայ, ան նաեւ կ՛ըսէ. «Միշտ կը փորձեմ ճշմարտութիւնը պեղել: Այլոց տրամադրութիւնները յարգելու պատճառով քիչ մը կը խախտի հաւատքս: Որքա՞ն առաջ պէտք է երթալ` այլ հաւատքներու պատկանող անձերու հաճոյք պատճառելու համար: Արդեօք ճի՞շդ է հրաժարիլ մեր հաւատալիքներէն»:
Այս հարցումը դրուած է բազմաթիւ հիւանդանոցներու, դպրոցներու եւ այլ աշխատավայրերու մէջ, ուր անձնական հաւատքը կը բախի հանրային սպասարկութեան կեցուածքին: Ոմանք նոյնիսկ կը հասնին դատական ատեան: Սակայն ուրիշներ ի յայտ կը բերեն անսպասելի երեւոյթներ:
Ուեսթ Եորքշըրի Ս. Էնտրիւ՛զ եկեղեցիին պատկանող նախակրթարանին աշակերտներուն 98.5 առ հարիւրը փաքիստանցի իսլամ է: Ալիսըն Պէյթմըն, որ անցեալ տարի ստանձնած է դպրոցին տնօրէնի պաշտօնը, զարմացած է, երբ տեսած է, թէ Ս. Ծննդեան տեսարանը կը բեմադրուէր առանց որեւէ կաշկանդումի:
«Ինքզինքս գօտեպնդած էի եւ հարց կու տայի` արդեօք ծնողները ի՞նչ պիտի մտածեն: Իւրաքանչիւր ներկայացումէ ետք մեր եկեղեցիին տեղապահը աղօթք մը կ՛արտասանէր եւ բոլորը ուրախ տուն կ՛երթային: Զարմացած էի,- կ՛ըսէ ան:- Աշակերտները Ս. Ծնունդին մասին կը սորվին կրօնի դասապահուն: Ներկայացումները չեն պատշաճեցուիր: Կը թուի, թէ ծնողներ ընդունած են զանոնք: Հարցեր չեն ծագած»:
Պատճառներէն մէկը հաւանաբար այն է, որ ծնողներ վստահութիւն ունին դպրոցին կրօնական քաղաքականութեան նկատմամբ: «Կը ծառայենք մեր համայնքին, որ կը բաղկանայ փաքիստանցի իսլամներէ,- կ՛ըսէ Պէյթմըն:- Պարտաւոր ենք ամէն օր քրիստոնէական աղօտ բնաբանով մը պաշտամունք կատարել, սակայն շատ ուշադիր ենք աշակերտներուն կեցուածքին եւ անոնց գործածած բառերուն: Մեր կրթական ծրագիրին մաս կը կազմէ աշխարհի մասին գիտելիքներ փոխանցելը եւ այլ հաւատալիքներու միջեւ զուգահեռներ գծելը»:
Յարմարելու Վտանգը
Ս. Ծննդեան աւանդական տեսարան մը ներկայացնելը կը ծառայէ այս նպատակին, եւ ոչ թէ արգելք է: Սակայն միշտ չէ, որ տնօրէններ նման ինքնավստահութեամբ կրնան գործել, նոյնիսկ եթէ կը փափաքին: Բրիտանիա կը գտնուի անցումային շրջանի մը մէջ: Մեր ոգեղէն եւ ազգային պատկանելիութիւնը փոխուած է, բոլորը պարտաւոր են յարմարելու, ինչ որ կրնայ ցաւ պատճառել:
«Իբրեւ ընկերութիւն` պատանեկան հանգրուան մը կ՛ապրինք,- կ՛ըսէ Լանքասթըր համալսարանի դասախօս Լինտա Վուտհետ:- Կը նմանինք անճարակ եւ ամօթխած պատանիներու, որոնք չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ինքնութիւն: Սկսած ենք հեռանալ աւետարանական մեր բացարձակ կրօնէն եւ անոր առնչուած բոլոր երեւոյթներէն, զորս այլեւս չենք ուզեր, ինչպէս` կայսերապաշտութիւն: Սակայն բաւարար չենք հասունցած` այլ աւանդութիւններու կողքին ինքնավստահ կերպով պահելու համար այն, ինչ որ դրական է քրիստոնէական ժառանգութեան մէջ: Հետեւաբար նման յիմար սխալներ կը գործենք», կ՛ըսէ ան` ակնարկելով Ձմեռնային տօնին:
«Պէտք է մեծնանք եւ աւելի յանդուգն վարուինք, առիթ տանք, որ կրօնականներ եւ աշխարհականներ ազատ արտայայտուին, վիճին եւ չափահասի վայել ձեւով մղեն իրենց հակամարտութիւնը», կ՛աւելցնէ ան:
Ճիշդ է, Ս. Ծննդեան առնչուող տօնախմբութիւնները շատ բան կը պարտին հեթանոսական, հռոմէական եւ անկլօ-սաքսոն տօնախմբութիւններու, որոնք խոր ձմրան լոյսն ու կեանքը կ՛ոգեկոչէին ուտելիքներով, խմիչքով եւ նուէրներով:
Չարլզ Տիքընզ ստեղծած է արդի ժամանակներու Ս. Ծննդեան տօնը` նուէրներ գնելը եւ կերուխումը նկարագրելով իբրեւ սիրոյ արտայայտութեան եւ մարդիկ մէկտեղելու միջոց: Ծանուցումի ճարտարարարուեստը անխնայ կերպով կը վաճառէ այս գաղափարը:
Բրիտանական եկեղեցիներ զգուշաւոր պայքար կը մղեն այս տեսակի առեւտրականացումի դէմ: Անոնք հրապարակած են մէկ վայրկեան տեւողութեամբ ծանուցում մը, որուն մէջ արդի ժամանակներու ամոլ մը կը գրկէ նորածին մը, ապա կը կերպանափոխուի եւ կը մարմնաւորէ Մարիամի ու Յովսէփի տիպարները, մինչ նորածինը կը սկսի ծիծաղիլ:
Հաճելի է, սակայն հարցը այն է, թէ «Քրիստոսը Ս. Ծննդեան տօնին մէջ վերահաստատելու» ճիգերը պարզապէս ցոյց կու տան, թէ մանուկ Յիսուսին պատմութիւնը հիւսուած է անոր մահէն շատ աւելի ուշ:
Սակայն այս բոլորը հարց չէ: Ս. Ծննդեան տօնը կը գոյատեւէ, որովհետեւ շատ աւելի համապարփակ է, քան` Ձմեռնային տօնը:
«Եկեղեցին կը վատթարացնէ վիճակը, երբ կը յայտարարէ` Ս. Ծննդեան տօնը մերն է, անաստուածները նիւթապաշտ են,- կ՛ըսէ Վուտհետ:- Իրականութեան մէջ Ս. Ծննդեան տօնը միացնող տօնախմբութիւն մըն է: Անիկա մարդիկը կը մէկտեղէ առանց թունդ կրօնական պատգամներու, ինչ որ հրաշալի է»:
Հետեւաբար Սթոք-ան-Թրենթի քաղաքապետական խորհուրդը, ինչպէս նաեւ ուրիշներ այլեւս պէտք չէ ամօթ զգան: Եկեղեցին ունի իր պատմութիւնը պատմելու իրաւունքը, սակայն Ս. Ծննդեան տօնը կը պատկանի բոլորին:
(Յապաւուած)