Վահան Յովհաննիսեանի Կենսագրական Գիծեր
Վահան Էդուարդ Յովհաննիսեան ծնած է 1956-ին, Երեւան:
1973-ին Երեւանի թիւ 55 դպրոցը աւարտելէ ետք, Բրիւսովի հիմնարկին մէջ իր ուսումը կիսատ ձգելով, Վահան Յովհաննիսեանը մեկնեցաւ Մոսկուա եւ 1978-ին այնտեղ աւարտեց Մոսկուայի պետական մանկավարժական համալսարանը:
Աւարտելէ ետք նշանակուեցաւ աշխատանքի` Հարաւային Սիպերիոյ մէջ:
Վահան Յովհաննիսեան գերադասեց վերադառնալ հայրենիք եւ աշխատիլ գիւղին մէջ` իբրեւ ուսուցիչ: 1980-ին զինուորական ծառայութիւնը աւարտելէ եւ Երեւան վերադառնալէ ետք վերջապէս կարելի էր սկսիլ աշխատանքը սիրած մասնագիտութեամբ: Բայց այդ օրերու համալսարանական ղեկավարները Վահան Յովհաննիսեանը ետ վանեցին Հայաստանի միջնադարեան պատմութենէն:
«Էրեբունի» թանգարանին մէջ Վահան Յովհաննիսեան աշխատեցաւ 1980-էն սկսեալ, սկիզբը` իբրեւ գիտաշխատող, ետքը` գիտահետազօտական բաժանմունքի վարիչ, իսկ 1989-ին տեղափոխուեցաւ Գիտութիւններու ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկ:
Տարբեր հնագիտական արշաւախումբերու կազմերու մէջ Վահան Յովհաննիսեան պեղումներու մասնակցած է Հայաստանի տարածքներուն մէջ. այդ պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած են պրոնզի եւ կանուխ երկաթի դարու շատ արժէքաւոր նիւթեր: 1989-էն ի վեր Վահան Յովհաննիսեան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ էր:
Հայրենիքին մէջ կուսակցութեան պաշտօնական վերահաստատումէն ետք 1990-ին ընտրուած է Դաշնակցութեան առաջին Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ գործուղուած է Արցախ, ուր մասնակցած է ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման եւ իրականացման աշխատանքին. 1992-ին Վահան Յովհաննիսեան ընտրուած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ` պարտականութիւններու մօտաւորապէս նոյն շրջանակով:
Սակայն, քաղաքական մթնոլորտը Հայաստանի մէջ կը շիկանար ՀՀՇ-ական իշխանութիւններու ամէն մէկ ապաշնորհ սայթաքումին պատճառով, եւ ղարաբաղեան հարցէն զատ Դաշնակցութեան առջեւ կը կանգնէին նորանոր խնդիրներ: Գտնուելով կալանքի տակ` Վահան Յովհաննիսեան 1997-ին հեռակայ կերպով ընտրուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ:
Դատաքննութեան ընթացքին ան կը շարունակէր քաղաքական գործունէութիւն ծաւալել: Անոր ելոյթները դատարանին մէջ քաղաքական մեծ արժէք ունէին այդ օրերուն երկրին մէջ տիրող ներքաղաքական իրավիճակին համար:
1999-էն մինչեւ իր մահը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ էր:
1999-ին ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր 17-րդ մեծամասնական ընտրատարածքէն եւ դարձած Պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ:
Ղեկավարած է Հայաստանի Ազգային Ժողովի առաջին պատուիրակութիւնը ՕԹԱՆ-ի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ:
2003-ին եւ 2007-ին դարձեալ ընտրուած է խորհրդարանի պատգամաւոր եւ երկու անգամ դարձած Ազգային ժողովի փոխնախագահ: Այդ պաշտօնը զբաղեցուցած է մինչեւ 2008 թուական:
Այդ ընթացքին ղեկավարած է Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ, հանդիսացած է Հայաստան-Ռուսիա եւ Հայաստան-Պիելոռուսիա միջխորհրդարանական յանձնախումբերու համանախագահ:
2008-ին մասնակցած է նախագահական ընտրութիւններուն` իբրեւ ՀՅԴ-ի թեկնածու:
6 մայիս 2012-ին ընտրուած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր համամասնական ընտրակարգով` ՀՅԴ-ի կողմէ: Ղեկավարած է Հայաստանի առաջին պատուիրակութիւնը ԵՒՐԱՆԵՍԹ խորհրդարանական վեհաժողովին` հանդիսանալով ԵՒՐԱՆԵՍԹ-ի Բիւրոյի անդամ:
28 դեկտեմբեր 2013-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրով նշանակուած է Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան:
Վահան Յովհաննիսեան կեանքէն հեռացաւ 20 տարի ետք ճիշդ այն օրը, երբ հայրենիքին մէջ կասեցուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը: