24 Դեկտեմբեր 1998. Հրայր Մարուխեանի Վերջին Ուղեւորութիւնը «Դէպի Երկիր»

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

hrayrmaroukhian-24-12-2014Դեկտեմբեր 24-ին, 16 տարի առաջ, Հայաստան տարուեցաւ անկենդան մարմինը Դաշնակցութեան արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Հրայր Մարուխեանի:

Յաւիտենական իր հանգիստը գտնելու համար հայրենի տուն վերադարձաւ մեր ժողովուրդի գաղափարապաշտ զաւակներէն եւ դաշնակցական ղեկավարի ոգեշնչող տիպարներէն Հրայր Մարուխեան:

24 դեկտեմբեր 1998-ի երեկոյեան ուշ ժամերուն «Զուարթնոց» օդակայանը եւ անկէ մինչեւ Երեւան երկարող ճամբան սգակիր վկան դարձան ընկեր Հրայրի վերջին ուղեւորութեան Դէպի Երկիր:

Հազարաւոր դաշնակցականներ եւ համակիրներ փութացած էին «Զուարթնոց»` ըստ արժանւոյն դիմաւորելու համար ազգի եւ հայրենիքի անձնդիր նուիրեալը: Հրայր Մարուխեան արժանացաւ պայքարի դաշտին վրայ ինկած հերոսի «տունդարձ»-ի փառքին: Հայրենի հայութիւնը, այդպէ՛ս, ակնածանքի հանդիսաւոր ջերմութեամբ, ի վերջոյ փակեց ամօթալի էջը վերանկախացեալ Հայաստանի անդրանիկ նախագահին կողմէ 29 յունիս 1992-ին գործուած ազգային-քաղաքական սայթաքումին: Սայթաքումը այն «Նախագահական հրամանագրին», որ ատենի ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչն ու փոխներկայացուցիչը` Հրայր Մարուխեանն ու Հրաչ Տասնապետեանը վտարեց… իրենց պաշտած հայրենիքէն:

Դաշնակցութեան ողջ ընտանիքը եւ յատկապէս ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեան ինք բնաւ չհաշտուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ նախագահի համազգային բարձրագոյն դիրքին եւ պաշտօնին այդօրինակ չարաշահման դէմ:

29 յունիս 1992-ի այդ «արտաքսում»-էն մինչեւ 17 յուլիս 1994-ի ուղեղի կաթուածով մահաքունի մատնուիլը, Հրայր Մարուխեան ամէն առիթով, յանուն Դաշնակցութեան, ողջախոհութեան ու գործակցութեան ձեռք երկարեց հակադաշնակցական մոլուցքով կուրցած Հայաստանի նախագահին, բայց այդ ձեռքը միշտ ալ կախուած մնաց…օդին մէջ, ընդառաջում չստացաւ:

Այդպէ՛ս, Հայաստանի նախագահէն «պատժուած» եւ ճակատագրի դաժան հարուածի պատճառով չորս տարի անկենդան ուղեղով շնչելէ ետք, 21 դեկտեմբեր 1998-ին մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ ՀՅԴ Բիւրոյի մեծավաստակ ներկայացուցիչը:

Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան դատին իր գերագոյնը զոհաբերելու ուխտին հաւատարմագրուած «անկեղծ զինուոր» էր ընկեր Հրայր, որ գրեթէ կէս դար ամբողջ, հայ քաղաքական մտքին առջեւ, դաշնակցականի իր յանդուգն կամքով ու աներեր հաւատքով հորիզոն բացաւ, ուղի հարթեց, պայքար կազմակերպեց եւ կռանեց հաւաքական կամքը ոչ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ` պահանջատէր հայութեան:

Իր անսպառ եռանդին, գաղափարական ինքնահաւատարմութեան, մարտունակ կամքին եւ հայութեան հաւաքական ուժը կազմակերպականօրէն հզօրացնելու իր անսպառ յանդգնութեան համար էր, որ Դաշնակցութիւնը աւելի քան 25 տարի ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի բարձրագոյն պատասխանատուութեան արժանացուց Հրայր Մարուխեանը, իսկ հայ ժողովուրդը ազգային ղեկավարի պատուանդանին բարձրացուց տարաբախտ մեր ընկերը:

Հրայր Մարուխեան ծնած էր դեկտեմբեր 19-ին, 1928 թուին, Իրանի Քերմանշահ քաղաքը: Աւարտած էր Իրանի պետական համալսարանի ճարտարագիտութեան բաժինը` մեքենագիտական բնագաւառէն ներս:

ՀՅԴ շարքերուն միացած էր Թեհրանի մէջ: Նախ անդամակցած էր ՀՅԴ պատանեկան միութեան եւ ապա անցած` կուսակցական շարքերը: Կուսակցական իր գործունէութենէն անկախ, եղած էր Թեհրանի «Արարատ» մարզական միութեան հիմնադիրներէն եւ տարիներ վարած էր միութեան նախագահի պատասխանատուութիւնը:

1963-ին Հրայր Մարուխեան մասնակցեցաւ ՀՅԴ 18-րդ Ընդհանուր ժողովին, իբրեւ Հիւսիսային Իրանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ: Այս ժողովը յատկանշական էր Դաշնակցութեան ղեկավար մարմինին մէջ իր կատարած սերնդափոխութեամբ: Այդ ճամբով ալ Հրայր Մարուխեան, 35 տարեկանին, ընտրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ:

1964-ին ընտանեօք փոխադրուեցաւ Լիբանան, ուր տեղափոխուած էր (Գահիրէէն) Բիւրոյի նստավայրը: Հրայր Մարուխեան իր կարգին Պէյրութ տեղափոխեց իր անձնական գործը: 1967-ին վերընտրուեցաւ Բիւրոյի անդամ: Ատենի ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Ատուր Գապաքեանի մահէն ետք զայն փոխարինեց այդ պաշտօնին մէջ` մինչեւ նստաշրջանին աւարտը: Իսկ 1972-ին` ՀՅԴ 20-րդ Ընդհանուր ժողովին վերընտրուելով Բիւրոյի անդամ, ստանձնեց ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը, որ այնուհետեւ, մինչեւ իր եղերական մահաքունը, շարունակաբար վստահուեցաւ Հրայր Մարուխեանի:

Հրայր Մարուխեան ղեկավար դերակատարութիւն ունեցաւ ինչպէս Դաշնակցութեան, նոյնպէս եւ սփիւռքի հայութեան քաղաքական ինքնակազմակերպման ու յեղափոխական զարթօնքին աշխուժացման մէջ:

1975-ին բռնկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին բերումով եւ Բիւրոյի որոշումով, 1975-ի վերջերը, Հրայր Մարուխեան փոխադրուեցաւ Աթէնք, Յունաստան, ուրկէ շարունակեց համադրել Դաշնակցութեան համահայկական գործունէութիւնը:

Աթէնքեան իր գործունէութեան առաջին տասնամեակը յատկանշուեցաւ Հայ դատի ուժական պայքարին շղթայազերծումով, որ իր վճռորոշ անդրադարձը ունեցաւ Հայ դատի ի նպաստ քաղաքական լոպիինկի աշխուժացման եւ կազմակերպական հզօրացման վրայ:

1988-ի օգոստոսին գումարուած ՀՅԴ 24-րդ Ընդհ. ժողովին, արցախեան շարժման ամբողջապէս նուիրուելու Դաշնակցութեան կամքը ազդարարելով` ՀՅԴ որոշեց կազմակերպական եւ քաղաքական իր գործունէութիւնը հունաւորել «Դէպի Երկիր», եւ Հրայր Մարուխեան անձամբ ղեկավարեց Դաշնակցութեան հայրենիքի մէջ վերընձիւղման աշխատանքները:

Իբրեւ այդպիսին` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը մնայուն ներկայութիւն դարձաւ Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ, իսկ Դաշնակցութիւնը վերածուեցաւ վերանկախացած Հայաստանի կազմակերպականօրէն ամէնէն կուռ, քաղաքականօրէն ամէնէն գործունեայ եւ ազգային-ազատագրական շարժման նորօրեայ զարթօնքին ամէնէն մարտունակ կազմակերպութիւնը:

Դաշնակցութեան այդ յաջողութեանց համար Հրայր Մարուխեան անձամբ ծանր գին վճարեց 29 յունիս 1992-ին, երբ Հայաստանի նախագահի իր իրաւունքները չարաշահելով` Լեւոն Տէր Պետրոսեան պատկերասփիւռի տխրահռչակ իր ելոյթով, Հրայր Մարուխեանը իբրեւ «ոչ բաղձալի» Հայաստանի Հանրապետութենէն արտաքսելու հրամանագիրը յայտարարեց:

Հայրենի հողէն արտաքսուած` Հրայր Մարուխեան վար չդրաւ պայքարի իր զէնքերը եւ, քաղաքական գետնի վրայ ղեկավարեց ՀՀՇ-ական իշխանութեանց հայավնաս քաղաքականութեան դէմ ուղղուած Դաշնակցութեան անհաշտ պայքարը:

17 յուլիս 1994-ին Հրայր Մարուխեան ունեցաւ ուղեղի կաթուած եւ դատապարտուեցաւ անկենդան գոյութեան…ամբողջ չորս տարի:

Այդ շրջանին Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի քաղաքական կեանքին զարգացումները եկան փաստելու, որ Դաշնակցութեան բռնած ուղին ճիշդ էր: Հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին բողոքի ու քաղաքական ընդվզումի լայն ալիքին ճնշման տակ իշխանութեան ղեկէն հեռացուեցաւ Լեւոն Տէր Պետրոսեան:

Բայց տարաբախտ Հրայր Մարուխեան ի վիճակի չեղաւ վայելելու յաղթանակը Դաշնակցութեան ճշդած եւ անձամբ իր առաջնորդած ազգային¬քաղաքական ուղիին:

21 դեկտեմբեր 1998-ին Հրայր Մարուխեան արձակեց իր վերջին շունչը` մայր հայրենիքէն հեռու, Աթէնքի մէջ: Դեկտեմբեր 24-ին իր անշնչացած մարմինը ամփոփող դագաղը փոխադրուեցաւ Երեւան: Հրայր Մարուխեան թաղուեցաւ Երեւանի Թոխմախ գերեզմանատան քաղաքային պանթէոնին մէջ, ոչ շատ հեռու Հայաստանի անկախութեան հիմնադիրներէն` Արամ Մանուկեանի գերեզմանէն:

Կը յիշենք այս բոլորը եւ կը խոնարհինք անձին ու գործին առջեւ հայու եւ դաշնակցականի անձնուէր, այլեւ առինքնող մարմնաւորումը հանդիսացող Հրայր Մարուխեանի:

Եւ որքան տարիները թաւալին, այնքան կը պայծառանայ բաց ճակատը հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան յանդուգն կամքին, որ Հրայր Մարուխեանի անունով իր անջնջելի դրոշմը դրաւ մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի նորօրեայ` մարտունակ վերածնունդին վրայ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )