Սպասելով Տօնական Արձակուրդի Աւարտին`. Հրատապ Հարցերու Լուծման Ճիգերը` «Հանդարտ Կրակ»-ի Վրայ
Տօնական օրերուն արձակուրդի մթնոլորտը արգելք չեղաւ քաղաքական հանդիպումներու կայացման: Ընդհակառակն` տօնական օրերուն կատարուող շնորհաւորական այցելութիւնները առիթ եղան արծարծելու քաղաքական եւ այլ մարզերու հրատապ հարցեր: Արդարեւ, վարչապետ Թամմամ Սալամ վարչապետարանին անձնակազմին եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն ի պատիւ տեղի ունեցած տօնական հաւաքոյթին անդրադարձաւ երկրի քաղաքական ու ապահովական վիճակին: Անհրաժեշտ նկատելով նախագահի ընտրութիւնը` Սալամ դիտել տուաւ, որ այս գծով ներքին ուժերու կողմէ ձգձգումը դուռ կը բանայ արտաքին միջամտութիւններու: Ան մեծ յոյս յայտնեց կայացող երկխօսութեան ճիգերուն գծով` մաղթելով, որ երկու մեծ ուժերու (Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալի) միջեւ երկխօսութիւնը ճամբայ հարթէ նախագահի ընտրութեան բարենպաստ ելքին: Շեշտելով երկրի կազմակերպական կառոյցին գործօն դերի կարեւորութիւնը` Սալամ վերստին ընդգծեց այս կառոյցի առաջին դիրքի` նախագահի դերակատարութեան վերաշխուժացման հրամայական պահանջը: Սալամ զգուշացուց, որ այս աթոռի թափուր մնալը «մեծ վտանգ կը սպառնայ մեզի»:
Նոյն մտավախութիւնը առկայ է նաեւ դիւանագիտական արտաքին շրջանակներու մօտ, ուր ճիգերը նոյնպէս կը շարունակուին «հանդարտ կրակ»-ի վրայ` ենթահող պատրաստելով հրատապ հարցերու բարւոք լուծման: Հոսկէ` ֆրանսական նախաձեռնութիւնը, որ յանձին բարձրաստիճան պատասխանատուներու (Ֆրանսուա Ժիրօ, Ֆրանսուա Ֆիյոն…) մերթ բացայայտ, մերթ քուլիսներու ետին կը շարունակուի:
Անդին Միացեալ Նահանգներ եւ ՄԱԿ չեն ծածկեր իրենց նախանձախնդրութիւնը` նախագահական ընտրութեան հարցի շուտափոյթ լուծման` իբրեւ գլխաւոր ենթահող քաղաքական կայունութեան: Այս ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ երէկ այցելեց վարչապետ Սալամի: Նմանապէս ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի, ընդգծեց միջլիբանանեան երկխօսութեան կարեւորութիւնը` ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ: Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ համակարգողը բարձր գնահատեց վարչապետ Սալամի ճիգերը` երկրի կայունութեան պահպանման գծով: Նոյն ծիրին մէջ, Եգիպտոսի դեսպանը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին փոխանցեց իր երկրի արտաքին գործոց նախարարին` Սամեհ Շուքրիի հրապարակած յատուկ յայտարարութիւնը, ուր Եգիպտոս կոչ կ՛ուղղէ օգտուելու միջլիբանանեան երկխօսութեան պատրաստակամութենէն` ի խնդիր երկրին կայունութեան: Եգիպտացի նախարարը իր յայտարարութեան մէջ կը շեշտէր Լիբանանի առանցքային դերակատարութիւնը շրջանին մէջ եւ հոսկէ` նախագահի ընտրութեան իրականացման հրամայականը:
Նաեւ` Ներքին Ճակատի Վրայ
Նախագահի ընտրութեան ու ներքին երկխօսութեան գծով ճիգերը եւ կեցուածքները շարունակուեցան: Հակառակ կարգ մը կողմերու ցուցաբերած յոռետեսութեան` երկխօսութեան հանդիպումներու արդիւնաւէտութեան գծով, այսուհանդերձ ճիգերը շարունակուեցան ամէն գծով յաջոցնելու նման հանդիպումներ: Փաստօրէն, այն միջոցին, երբ լիբանանեան ուժերու աղբիւրներ մօտերս Աուն-Ժահժահ գլուխ-գլխի հանդիպում մը անհաւանական նկատեցին` զայն սահմանափակելով կողմերու ներկայացուցիչներուն Իպրահիմ Քանաանի եւ Մլհեմ Ռիաշիի միջեւ, անդին նախկին նախարար մը յայտնեց, որ Հըզպալլա-Մուսթաքպալ երկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 5 յունուարին` առանց ճշդելու հանդիպումին վայրը: Իսկ «Ժումհուրիա» օրաթերթի աղբիւրներ յայտնեցին, որ Հըզպալլա -Մուսթաքպալ երկրորդ հանդիպումը պիտի կայանայ Այն Թինէի մէջ դարձեալ` ընդգծելով այս քայլին կարեւորութիւնը որ մանրանկար օրինակ մըն է սէուտական-իրանեան երկխօսութեան: Նոյն ծիրին մէջ, սէուտական «Օքազ» օրաթերթը Հըզպալլա-Մուսթաքպալ երկխօսութեան սկիզբը ենթահող կը նկատէ Լիբանանի անդորրութեան եւ կայունութեան` 2015-ին: