ՈՒՐԱԽ ՔՈՍԹԱ ՌԻՔԱՆ
Շրջանի մը մէջ, ուր երկար ատեն տիրապետած են պատերազմը եւ աղքատութիւնը, Քոսթա Ռիքան տարօրինակ երկիր մը կը համարուի: Այս պզտիկ երկիրը ցրուած է իր բանակը` զինուորական ծախսերը կրթութեան յատկացնելու համար:
1 դեկտեմբեր 1948-ին Քոսթա Ռիքա պաշտօնապէս լուծարքի կ՛ենթարկէ իր բանակը: Ասիկա զարմանալի որոշում մըն է Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ, ուր պատերազմներ տեղի կ՛ունենան կանոնաւոր կերպով:
Ինչո՞ւ այս որոշումը: Առաջին հերթին, որպէսզի զինուորականները ուժով չտիրապետեն երկրին, ինչպէս պատահած է շրջակայ երկիրներուն մէջ, սակայն` յատկապէս դրամը չծախսելու համար զէնքեր գնելու եւ ասոր փոխարէն ուսուցիչներուն եւ բժիշկներու գործ տալու: Ասոր արդիւնքը եղած է այն, որ երկրին բնակչութեան 96 առ հարիւրը գրել-կարդալ գիտէ, ասիկա Կեդրոնական Ամերիկայի մրցանիշն է:
* * *
Քոսթա Ռիքան կանաչ երկիրն է. երկրին տարածութեան մէկ քառորդը պահպանուած շրջան եւ արգելոց հռչակուած է: Միայն մօտաւորապէս տասնհինգ երկիրներ բնութեան պահպանման նման քայլեր առած են: Այս ճիգերը կը հրապուրեն օտարները:
Քոսթա Ռիքան Կեդրոնական Ամերիկայի զբօսաշրջական առաջին երկիրն է տարեկան իր 2 միլիոն այցելուներով:
Երկրին ելեկտրականութեան 98 առ հարիւրը կ՛արտադրուի ջուրով բանող գործարաններու մէջ` արեգակնային ուժը եւ հրաբուխներուն տաքութիւնը օգտագործելով: Ժողովուրդին 98 առ հարիւրը կ՛օգտուի այս մաքուր ուժանիւթէն: Ասիկա ալ մրցանիշ մըն է համեմատաբար աղքատ շրջանի մը մէջ:
Կեանքի լաւ պայմաններ, լաւ դպրոցներ, քիչ բռնութիւն, յարգանք բնութեան հանդէպ. արդեօք ասիկա՞ է լաւ ապրելու կերպը: 2009 թուականին 143 երկիրներուն մէջ երջանկութեան մասին կատարուած ուսումնասիրութեան մը հիմամբ, Քոսթա Ռիքան առաջին կարգին կը հանդիսանայ. այս երկրին բնակչութեան 85 առ հարիւրը կը յայտնէ, թէ ուրախ է իր երկրին մէջ ապրելով: Ասիկա «փուրա վետան» է, «աղուոր կեանքը», ինչպէս կ՛ըսեն քոսթառիքացիները…
ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ…
– Երկիրը իր ծախսերուն 24 առ հարիւրը կը տրամադրէ կրթութեան: այս կարեւոր տոկոսը կարելիութիւնը կու տայ իւրաքանչիւր աշակերտի լաւ պայմաններու մէջ դպրոց երթալու: Դպրոցը ձրի է եւ պարտադիր` մինչեւ երկրորդական:
– Պանանը Քոսթա Ռիքայի գլխաւոր մշակութիւնն է: Անիկա կ՛օգտագործուի բազմաթիւ ճաշերու եւ անուշեղէններու պատրաստութեան մէջ:
– «Ոսկի հատիկ» կոչուած սուրճը հիմնաքարն է Քոսթա Ռիքայի տնտեսութեան. երկիրը հազարաւոր թոն այդ սուրճէն կ՛արտադրէ ամէն տարի:
ԻՆՉՈ՞Ւ ՓԵԹՐԱՅԻ ՄԷՋ ՄԵՆՔ ՄԵԾ ԹԻՒՈՎ
ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐՈՒ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻՆՔ
Փեթրա քաղաքը (Յորդանան) իւրայատուկ է. ան փորուած է ժայռերու մէջ: Այս քաղաքը իր փառքի գագաթնակէտը ապրած է Ք. Ե. առաջին դարուն, ժամանակի ընթացքին իր բնակիչներէն պարպուելէ առաջ:
Ք. Ա. մօտաւորապէս 8-րդ դարու վերջաւորութեան կազմուած այս քաղաքը կ՛աճի, մինչեւ որ ան փառքի իր գագաթնակէտին կը հասնի Ք. Ե. մօտաւորապէս 50 թուականին. այդ թուականին է, որ կը շինուին ամէնէն գեղեցիկ տաճարները եւ գերեզմանները: Փեթրա կը գտնուի Հռոմէական կայսրութեան արեւելքը տանող ճամբաներու խաչմերուկին, ուրկէ կու գային` խունկը, ոսկին, արծաթը, զմուռսը եւ համեմները: Սակայն Ք. Ե. մօտաւորապէս 8-րդ դարուն առուտուրի ճամբաները փոխուեցան: Կամաց-կամաց Փեթրա դարձաւ մեռած քաղաք մը:
ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ, ԲԱՅՑ ԻՐԱՒ
– Թութակները կը խօսին առանց ձայնային լարերու:
– Այն ամիսները, որոնք կիրակի օր մը կը սկսին, միշտ ուրբաթ 13 մը կ՛ունենան:
– Դլփինները կրնան շեմփանզէներէն աւելի խելացի ըլլալ:
– Անթարքթիքան ոչ մէկ երկրի կը պատկանի:
ՄՏԱԾԵՆՔ
ԳԱՆՁԻՆ ԵՏԵՒԷՆ
Վարի քարտէսը գծուած է նշանաւոր ծովահէն Քափթըն Ճոն Հուտի կողմէ, որ հանելուկները շատ կը սիրէր: Ան ոսկի դրամներով լեցուն գանձ մը պահած է X խաչով մը նշանակուած քառակուսի շրջաններուն մէջ (Ա-Ժ):
* * *
Ան նաեւ արձանագրած է հետեւեալ տեղեկութիւնները քարտէսին ետեւը:
1.- Զոյգ թիւով X խաչ պարունակող քառակուսիներ կը գտնուին գանձին արեւելքը:
2.- Գանձը չի գտնուիր լքուած հանքին ամէնէն մօտ X-ի տուփիկին մէջ:
3.- Եթէ գանձէն դէպի հիւսիս գոյութիւն ունին զոյգ թիւով X պարունակող տուփիկներ, հետեւաբար գանձը կը գտնուի չորս պզտիկ կղզիներուն վրայ:
4.- Եթէ գանձը կը գտնուի չորս պզտիկ կղզիներէն մէկուն վրայ, հետեւաբար գանձէն մինչեւ ամէնէն մօտիկ X պարունակող տուփիկին միջեւ հեռաւորութիւնը աւելի մեծ է, քան` ծովահէնին հիւղակէն մինչեւ ընկղմած նաւուն միջեւ հեռաւորութիւնը:
5.- Եթէ գանձը կը գտնուի մեծ կղզիին վրայ, հետեւաբար շինութիւններէն մէկը կը գտնուի գանձէն դէպի արեւմուտք, իսկ միւս շինութիւնը` գանձէն դէպի հիւսիս:
- Կրնա՞ս գիտնալ, թէ ո՞ր X-ը մեզի ցոյց կու տայ գանձին պահուած վայրը:
Պատասխանը՝ վերջաւորութեան
ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ՎԵՑԱՆԿԻՒՆԸ
Այս պատկերը կազմուած է եօթը վեցանկիւններէ: Տարբեր անկիւններ մաս կը կազմեն բազմաթիւ վեցանկիւններու: Կրնա՞ս գտնել պարապ կլորակներուն մէջի թիւերը` գիտնալով, թէ վեցանկիւնին վեց թիւերուն գումարը հաւասար պէտք է ըլլայ 30-ի:
Պատասխանը՝ վերջաւորութեան
ԻՆՉՈ՞Ւ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆ
ՊԱՂ ԵՐԿԻՐՆԵՐ ԵՒ ՏԱՔ ԵՐԿԻՐՆԵՐ
Որովհետեւ երկրագունդին վրայ հասնող արեւուն ճառագայթներուն հակումի անկիւնը կը տարբերի ըստ երկիրներուն:
Երկրագունդը ինքնիր վրայ կը դառնայ արեւուն շուրջ դառնալով: Վերը եւ վարը կը գտնուին բեւեռները (հիւսիսային եւ հարաւային): Անոր կեդրոնը, երեւակայական մեծ գիծ մը երկրագունդը երկուքի կը բաժնէ. ան հասարակածին է: Հոն է, որ արեւուն ճառագայթները ամէնէն զօրաւորն են: Ջերմաստիճանը միշտ բաւական տաք կը մնայ հասարակածին մօտ. արեւուն ճառագայթները հոն ամէնէն ուղիղ ձեւով կ՛իջնեն: Արեւուն ճառագայթները շեղակի կը զարնեն բեւեռներուն եւ անոնց մօտ գտնուող շրջաններուն մէջ, ուր օդը պաղ կ՛ընէ նոյնիսկ ամառը:
ԺԱՄԱՆՑ
ՊԱՏԱՍԽԱՆ
ԳԱՆՁԻՆ ԵՏԵՒԷՆ
Գանձը պարունակողը Ը. կէտին տուփիկն է:
Թիւ 1 նախադասութենէն մենք դուրս կը ձգենք Ա. եւ Է. կէտերը:
Թիւ 2 նախադասութենէն մենք դուրս կը ձգենք Գ. կէտը:
Թիւ 3 նախադասութենէն մենք դուրս կը ձգենք Ե. եւ Թ. կէտերը, որոնք իրենց հիւսիսը զոյգ թիւով X պարունակող տուփիկ ունին, սակայն կը գտնուին մեծ կղզիին վրայ:
Թիւ 4 նախադասութենէն մենք դուրս կը ձգենք Դ .եւ Ժ. կէտերը: Թ.էն Ժ. կէտերուն միջեւ հեռաւորութիւնը հաւասար է ծովահէնի հիւղակէն մինչեւ ընկղմած նաւուն միջեւ հեռաւորութեան, իսկ Դ.էն Ե. կէտերուն միջեւ հեռաւորութիւնը շատ աւելի նուազ է:
Հիմա մենք գիտենք, թէ գանձը պահուած է կա՛մ Բ., կա՛մ Զ., կա՛մ ալ Ը. կէտերուն տակ: Այս կէտերէն միայն Ը-ը ունի շինութիւններ թէ՛ իր հիւսիսը, թէ ալ արեւմուտքը:
ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ՎԵՑԱՆԿԻՒՆԸ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ








