50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (12 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
ՀԱՅԵՐ` ԱԼԱՍՔԱՅԻ ՄԷՋ
Լեւոն Քէշիշեան Ալասքայի Անքարեճ քաղաքէն կը գրէ.-
Միացեալ Նահանգներու մէկ անկիւնէն միւսը, վերջապէս հասանք այս հետաքրքրական վայրը, եւ առաջին արաբ եւ հայ լրագրողն եմ, որ Ալասքա կ՛այցելէ:
Այս 49-րդ նահանգին մէջ կ՛ապրին մօտ 200,000 հոգի, 15-20 հազար էսքիմօ, 12,000 հնդիկ ու 30 հայ:
«Հանօ էլ պինօ», ինչպէ՞ս էք կը նշանակէ էսքիմոներու լեզուով: Խիստ հետաքրքրական տեսակցութիւն մը ունեցանք երկու էսքիմոներու հետ` տեղեկութիւններ քաղելով իրենց ժողովուրդի մասին, ինչպէս նաեւ` իրենց սովորութեանց շուրջ:
Հայեր հոս եւս հաստատուած են, մեծամասնութիւնը` այս քաղաքին մէջ. կան նաեւ մէկ քանի հայեր Ֆերպանքսի մէջ:
Յայտնի ամերիկահայ մարզիկ «Չաք» Էսիկեանի ծնողքը հոս կը բնակի: Չարլզ Էսիկեան (խարբերդցի), Միհրան Թերզեանին հետ ունին մեծ ճաշարան մը, որ կը գտնուի քաղաքին ճիշդ կեդրոնը. յաջող է:
Հոս կը գտնուին նաեւ Վազգէն Մինասեան ու իր կինը (բժիշկ Ե. Խաթանասեանի աղջիկը) փաստաբան է ու եղած է նախապէս դատաւոր:
Կան նաեւ հայեր, որոնք ամուսնացած են օտարներու հետ: Հոս կը գտնուի նաեւ հայ պատուելի մը:
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԶԵԿՈՅՑ
ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ
ՇՈՒՏՈՎ ՊԻՏԻ ԸՆՏՐՈՒԻ
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀԸ
Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի կողմէ մամուլին տրուած է հետեւեալ պաշտօնական զեկոյցը.-
Պատրիարքարանիս կողմէ նախապէս կատարուած հրաւէրով քսանվեց թաղական խորհուրդներու եւ հինգ խնամակալ մարմիններու մէկական լիազօր ներկայացուցիչներ ժողով գումարեցին ամսոյս 7-ին, պատրիարքարանի մէջ, ընտրելու համար պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմին մը:
Պատրիարքական փոխանորդ Արամ Ա. քհնյ. Պասմաճեան հիւանդացած ըլլալով` ժողովին կը նախագահէր Պոլսոյ հայ եկեղեցականութեան երիցագոյն աստիճանաւոր հոգեւորականը` Սահակ Ծ. վրդ. Փափազեան: Ժողովը վարելու համար ատենապետ նշանակուեցաւ երիցագոյն անդամ Վահան Խիւտավերտեան: Ատենադպիր ընտրուեցաւ տոքթ. Գէորգ Գէորգեան:
Ժողովը գործնական նկատառումներով պատշաճ տեսաւ, որ վերոյիշեալ նախաձեռնարկ մարմինի անդամ ընտրուին թաղականութեանց եւ խնամակալութեանց մաս կազմող անձնաւորութիւններ միայն:
Գաղտնի քուէարկութեամբ նախաձեռնարկ մարմինի անդամ ընտրուեցան հետեւեալ անձնաւորութիւնները.
Արամ Խտըրեան, Արա Գույումճեան, Նորայր Պէրպէրեան, Եդուարդ Պենկլեան, Մինաս Տիարպեքիրլեան, Վահան Խիւտավերտեան եւ Կարապետ Ղազարեան:
Նախաձեռնարկ մարմինը եւ Կրօնական ժողովը միասնաբար գումարուելով` առաջին առիթով պիտի ընտրեն պատրիարքական տեղապահը: Իսկ պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ իրենց տանելիք աշխատանքներու ծրագիրը ենթարկելէ ետք Թաղական խորհուրդներու եւ խնամակալ մարմիններու Ներկայացուցիչներու ժողովի հաւանութեան, անմիջապէս պիտի ձեռնարկեն գործի:

