«ԲԱՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՒԻՂՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ)

2011-ին Երեւանի «Մուղնի» հրատարակչութիւնը, մեկենասութեամբ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական մատենաշարի, լոյս ընծայեց, «Գասպրինտ» ՍՊԸ տպագրատան մէջ, Ժիրայր Դանիէլեանի «Բանասիրութեան բաւիղներուն մէջ» խորագրեալ հատորը, խմբագրութեամբ հայրենի գրականագէտ եւ խմբագիր Երուանդ Տէր Խաչատրեանի:

632 էջերէ բաղկացած սոյն ծաւալուն գործը կ՛ընդգրկէ յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ:

Հատորին «Որոնողը` Ժիրայր Դանիէլեան» խորագրեալ ներածականով խմբագիր Երուանդ Տէր Խաչատրեան կ՛ըսէ, թէ բանասէր, լրագրութեան պատմաբան, մատենագէտ, մանկավարժ, խմբագիր եւ հրատարակիչ Ժիրայր Դանիէլեան ծնած է 1941 թուականին, Ճիւնիի մէջ: Կը յաճախէ նախ Պէյրութի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը: Ապա կը ստանայ իր միջնակարգ կրթութիւնը` ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանին մէջ: Իսկ բարձրագոյն կրթութիւնը կը շարունակէ Պէյրութի Հայկազեան քոլեճին մէջ (այժմ` համալսարան), ուր կը հետեւի պատմութեան եւ մանկավարժութեան դասընթացքներուն: Վաղ տարիքին կը ցուցաբերէ հետաքրքրութիւն` հայագիտութեան վերաբերեալ նիւթերու շուրջ:

Քսաներեք տարի կը պաշտօնավարէ Հայկազեան համալսարանին մէջ` իբրեւ Հայագիտական գրադարանի վարիչ եւ, ապա, իբրեւ գրադարանապետ: Հայկազեան համալսարանին գրադարանը  կը դառնայ այն իտէալ միջավայրը, ուր Ժիրայր Դանիէլեան կը լծուի բանասիրական պրպտումներու եւ շնորհիւ յարատեւ որոնումներու` կը կատարէ ուսումնասիրութիւններ արժէքաւոր երկերու մասին:

Կը ստանձնէ տնօրէնի պաշտօն` Յովակիմեան-Մանուկեան եւ Դարուհի Յակոբեան երկրորդական վարժարաններուն մէջ: Կը վարէ խմբագրութիւնը գրական այլազան հանդէսներու եւ պարբերաթերթերու, ինչպէս` «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ին, «Հիւսիսեան հայագիտական տարեգիրք»ին, «Հասկ հայագիտական տարեգիրք»ին, «Երիտասարդ հայ» երկշաբաթաթերթին, ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթին եւ «Շիրակ» ամսագիրին:

Տուած է դասախօսութիւններ Հայկազեան համալսարանի հայագիտական բաժինին եւ Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկին մէջ: Ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերուն, «Սփիւռք» եւ «Նայիրի» շաբաթաթերթերուն մէջ:

1980-էն մինչեւ այսօր Ժիրայր Դանիէլեան հրատարակած է բանասիրական հարցեր ընդգրկող հետեւեալ գիրքերն ու ուսումնասիրութիւնները. «Հայ մամուլի հաւաքածոյ» (Պէյրութ, 1974), վերահրատարակութիւն` 1981), «Ռամկավար ազատական մամուլը» (Պէյրութ, 1982), «Նահանջ առանց երգի»ն իբրեւ վկայութիւն» (Պէյրութ, 1983), «Հայ նոր պարբերական մամուլը, 1967-1981» (Պէյրութ, 1984), «Լիբանանահայ տպագրութիւնը պատերազմի տարիներուն. 1975-1984» (Պէյրութ, 1986), «Բանասիրական որոնումներ» (Պէյրութ, 1997), «Լիբանանահայ դպրոցը, թիւեր եւ մտորումներ» (Պէյրութ, 2002), «Գրական որոնումներ» (Պէյրութ, 2007): Պատասխանատու խմբագիրն է 2005 թուին իր հիմնադրած «Կամար» գրական պարբերաթերթին:

Իսկ 2011 տարուան գարնան, Հայաստանի Թէքէեան մշակութային միութեան կեդրոնին մէջ նշուեցաւ Ժիրայր Դանիէլեանի ծննդեան 70 եւ գործունէութեան 50-ամեակները: Այս առիթով Դանիէլեան պարգեւատրուեցաւ ադամանդակուռ եւ բարձրագոյն շքանշանով, ոսկի մետալով, պատուոյ գիրերով եւ ստացաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ուղարկած շնորհաւորական կոնդակը:

Իր ներածականին մէջ հայրենի գրականագէտ Երուանդ Տէր Խաչատրեան կ՛ըսէ, թէ Ժիրայր Դանիէլեան 1980 թուականէն ի վեր, շուրջ երեսուն տարի, թէեւ գրած է գրական եւ բանասիրական բազմաբնոյթ յօդուածներ, այսուհանդերձ, իր նախասիրութեան առարկան կը հանդիսանան մատենագիտութիւնն ու մամուլի պատմութիւնը: Թէ` Ժիրայր Դանիէլեան տիրապետած ըլլալով իր նախասիրած նիւթերուն` իր ուշադրութենէն երբեք չեն վրիպիր մատենագիտական բացթողումներ եւ վրիպանքներ: Այս կապակցութեամբ, կատարած է անհրաժեշտ ճշդումներ, օրինակ, «Հայկական սովետական հանրագիտարան»ի կարգ մը հատորներուն մէջ:

Ինչ կը վերաբերի հեղինակի ուսումնասիրական աշխատանքին, կ՛ուզենք հաստատել, թէ ան կը փոխանցէ ուշագրաւ տեղեկութիւններ հայ պարբերական մամուլի մասին` ներկայացնելով լիբանանահայ մամուլին պատմութիւնը: Կը պատկերացնէ «Հասկ» ամսագիրի 50 տարուան գործունէութիւնը եւ Հայաստանի առաջին տպարանին շուրջ կը կատարէ շահեկան յայտնաբերումներ: Կը բնութագրէ, անհրաժեշտ մանրամասնութեամբ, գրական գործունէութիւնը 19-րդ դարու անուանի լրագրող, վիպագիր, խմբագիր եւ հրատարակիչ Յովսէփ Վարդանեանի` ծանրանալով անոր «Ագապի» հայատառ թուրքերէն վէպին վրայ:

Ժիրայր Դանիէլեան կը ներկայացնէ նաեւ Զարթօնքի սերունդի յայտնի հրապարակագիրներէն Ստեփան Ոսկանը եւ «Ճիհան» հայատառ թուրքերէն շաբաթաթերթի հրատարակիչ Տիրան Քելեկեանը: Իր բազմերանգ ուսումնասիրութիւններուն մաս կը կազմեն նաեւ` Երուխանը, Յակոբ Օշականը, Շահան Շահնուրը, Երուանդ Օտեանը, Վազգէն Շուշանեանը, Արշակ Չօպանեանը, Սիմոն Սիմոնեանը, Սեզան եւ ուրիշներ:

Արդարեւ, պէտք է ըսել, որ Ժիրայր Դանիէլեան երկար տարիներ եղած է նուիրեալ սպասարկուն մատենագիտական աշխատանքներու: Այս իրողութեան վկայութիւնն է իր հեղինակած «Բանասիրութեան բաւիղներուն մէջ» խորագրեալ հատորը, ուր անխոնջ տքնութեամբ համախմբած եւ դասաւորած է մամուլի էջերուն ցրուած բանասիրական իր այլազան յօդուածներն ու ուսումնասիրութիւնները:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Յունիս 2011
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES