90 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ` ԱՅՍՕՐ. ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԿԸ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԷՐ ՌՈՒՍ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ
90 տարի առաջ, այսօր, 16 մարտ 1921-ին, Մոսկուայի մէջ, եղբայրական դաշինք կը ստորագրուէր քեմալական Թուրքիոյ եւ բոլշեւիկեան Ռուսիոյ միջեւ: Այդ դաշնագիրով կողմերը բարեկամութիւն եւ համերաշխութիւն կը հաստատէին: Հայ ժողովուրդին իրաւունքները կոպիտ կերպով կ՛ոտնակոխուէին եւ հայապատկան հողերու հաշուոյն սահմանագծումներ կը կատարուէին կողմերուն միջեւ։
Ստորեւ` դաշնագիրին տրամադրութիւնները.
Ռուսիոյ Սոցիալիստական դաշնակցային Սովետական Հանրապետութեան կառավարութիւնը եւ Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի կառավարութիւնը, բաժնելով ազգերու եղբայրութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքները, նշելով կայսերապաշտութեան դէմ մղուող պայքարին իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող համերաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ այն իրողութիւնը, թէ երկու ժողովուրդներէն մէկուն համար ստեղծուած ամէն տեսակի դժուարութիւնները միւսին դրութիւնը կը վատթարացնեն, եւ ամբողջովին խանդավառուած իրենց միջեւ մշտական սրտագին փոխյարաբերութիւններ եւ երկու կողմերու փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած անխզելի բարեկամութիւն հաստատելու ցանկութեամբ, որոշեցին կնքել բարեկամութեան եւ եղբայրութեան պայմանագիր:
ՅՕԴ. 1.- Պայմանաւորուող կողմերուն իւրաքանչիւրը սկզբունքով համաձայն է չճանչնալու ոչ մէկ հաշտութեան պայմանագիր կամ միջազգային որեւէ այլ աքտեր, եթէ պայմանաւորուող կողմերէն միւսին կը հակադրեն ուժով ընդունիլ այդպիսիները: Ռուսիոյ Սոցիալիստական Դաշնակցային Սովետական Հանրապետութեան կառավարութիւնը համաձայն է չճանչնալու Թուրքիոյ վերաբերող եւ այսօր Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովը ներկայացնող ազգային կառավարութեան կողմէ չճանչցուած որեւէ միջազգային աքտ:
Թուրքիա հասկացողութեան տակ սոյն պայմանագիրին մէջ կը հասկցուին այն շրջանները, որոնք 1920 (1336) թուականի Յունուար 28-ի Թրքական Ազգային Ուխտի մէջ մտցուած են, զոր Կ. Պոլսոյ մէջ մշակած եւ հռչակած է օսմանեան երեսփոխաններու Պալատը եւ մամուլին ու բոլոր պետութիւններուն հաղորդած:
Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելեան սահմանը կ՛որոշուի այն գծով, որ Սեւ ծովի ափին վրայ գտնուող Սարպ գիւղէն սկսելով, կ՛անցնի Խեդիսմթա լերան վրայէն, յետոյ յառաջանալով Շաւշետ լերան եւ Կաննի-տաղ լերան ջրբաժան գիծի ուղղութեամբ, անկէ ետք կ՛անցնի Արտահանի եւ Կարսի սանճագներու հիւսիսային վարչական սահմանագիծի երկարութեամբ` Արփաչայ եւ Արաքս գետերու հունով` մինչեւ Ստորին Գարասույի գետաբերանը:
ՅՕԴ. 2.- Թուրքիան համաձայն է Վրաստանի զիջիլ Պաթում նաւահանգիստի ու քաղաքի եւ սոյն պայմանագիրի առաջին յօդուածին մէջ նշուած սահմանագիծէն դէպի հիւսիս ինկող եւ Պաթումի մարզին բաղադրիչ մասը կազմող հողամասի գերիշխանութիւնը:
1) Սոյն յօդուածին մէջ նշուած բնակչութիւնը վարչական առումով կ՛օգտուի տեղական լայն ինքնավարութիւնով մը, զոր կ՛ապահովէ իւրաքանչիւր համայնքը մշակութային եւ կրօնական իրաւունքներով եւ բնակչութիւնը կ՛ունենայ իր ցանկութիւններուն համապատասխանող հողային օրէնք սահմանելու հնարաւորութիւնը:
2) Թուրքիոյ կը տրուի Պաթումի նաւահանգիստի միջոցաւ Թուրքիա կամ այնտեղէն ուղարկուող ամէն տեսակ ապրանքներու անմաքս, տարանցիկի իրաւունքը, խափանումներ չեն պատահիր, ապրանքներուն վրայ ոչ մէկ տեսակի տուրք կը դրուի: Թուրքիոյ իրաւունք կը տրուի օգտուելու Պաթումի նաւահանգիստէն եւ անոր համար իրմէ յատուկ տուրքեր չեն գանձուիր:
ՅՕԴ. 3.- Երկու պայմանաւորուող կողմերը համաձայն են, որ Նախիջեւանի մարզը` սոյն պայմանագիրի 1 (Գ) յաւելուածի մէջ նշուած սահմաններով կազմէ ինքնավար շրջան` Ազրպէյճանի խնամակալութեան տակ, պայմանով որ Ազրպէյճանը այս խնամակալութիւնը չի զիջիր երրորդ պետութեան մը:
Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի պատուիրակութիւններէն կազմուած յանձնաժողովը կը ճշդէ Նախիջեւանի հողամասի եռանկիւնը կազմող գօտիի` արեւելքէն Արաքսի հունի եւ արեւմուտքէն Դազնա (3829) – Վելի-տաղ (4121) – Բագարզիք (6587) – Քիոմուրլու-տաղ (6930) լեռներու վրայէն անցնող գիծի մէջ պարփակուած հողամասին սահմանագիծը, որ կը սկսի Քիոմորլու-տաղ (6930) լեռնէն, յետոյ կ՛անցնի Սերայ Պուլաք լերան վրայէն դէպի Արարատ կայարանը եւ կը վերջանայ Քարասույի եւ Արաքսի խաչաձեւման տեղը:
ՅՕԴ. 4.- Երկու պայմանաւորուող կողմերը հաւաստելով Արեւելքի ժողովուրդներու ազգային ու ազատագրական շարժման եւ նոր հասարակարգի համար Ռուսիոյ աշխատաւորութեան մղած պայքարի միջեւ եղած փոխադարձ շփումը, անվերապահօրէն կը ճանչնան այդ ժողովուրդներու ազատութեան եւ անկախութեան իրաւունքը:
ՅՕԴ. 5.- Նեղուցներու բացումը եւ բոլոր ժողովուրդներու առեւտրական նաւերու անցնելու ազատութիւնը ապահովելու համար, երկու պայմանաւորուող կողմերը համաձայն են Սեւ ծովի եւ նեղուցներու միջազգային գոյավիճակի վերջնական մշակումը յանձնել ափամերձ պետութիւններու պատգամաւորներուն ապագայ խորհրդաժողովին: Պայմանաւ որ անոր ընդունած որոշումները Թուրքիոյ լիակատար գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ անոր մայրաքաղաք Կ. Պոլսոյ անվտանգութեանը չեն վնասեր:
ՅՕԴ. 6.- Պայմանաւորուող երկու կողմերը կ՛ընդունին որ երկու երկիրներու միջեւ ցարդ կնքուած բոլոր պայմանագիրերը փոխադարձ շահերու չեն համապատասխաներ: Ուստի անոնք համաձայն են այդ պայմանագիրերը վերցուած եւ անզօր համարելու:
Ռուսիոյ Սոցիալիստական Դաշնակցային Սովետական Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը յայտարարէ, մասնաւորապէս, որ ինքը Թուրքիան ազատ կը համարէ անցեալին Թուրքիոյ եւ ձարական կառավարութեան միջեւ կնքուած միջազգային աքտերու վրայ հիմնուած դրամական կամ որեւէ այլ պարտաւորութիւններէ:
ՅՕԴ. 7.- Ռուսիոյ Սոցիալիստական դաշնակցային Սովետական Հանրապետութեան կառավարութիւնը, առանձնաշնորհումներու վարչաձեւը անհամատեղելի համարելով իւրաքանչիւր երկրի ազգային ազատ զարգացումին, կը գտնէ, որ իրենց զօրութիւնը կորսնցուցած են եւ այդ վարչաձեւին հետ որեւէ առնչութիւն ունեցող բոլոր գործողութիւններու իրաւունքները վերցուած են:
ՅՕԴ. 8.- Պայմանաւորուող երկու կողմերը պարտաւորուած են իրենց հողամասերուն մէջ արգիլել այնպիսի կազմակերպութիւններու եւ խումբերու յառաջացումն ու գոյութիւնը, որոնք միւս հողամասին մէկ մասին կառավարութեան դերը ստանձնելու յաւակնութիւնը ունին, ինչպէս նաեւ պարտաւորուած են իրենց հողամասին մէջ արգիլել այնպիսի խումբերու գոյութիւնը, որոնց նպատակն միւս երկրի դէմ պայքարն է: Ռուսիան եւ Թուրքիան փոխադարձաբար, նմանօրինակ պարտաւորութիւն կը ստանձնեն նաեւ Կովկասի սովետական հանրապետութիւններու վերաբերմամբ:
Որոշուած է, որ սոյն յօդուածին մէջ յիշուած թրքական հողամասի տակ կը հասկցուի այն հողամասը, որ Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի կառավարութեան զինուորական եւ քաղաքացիական անմիջական կառավարման տակ կը գտնուի:
ՅՕԴ. 9.- Երկու երկիրներու միջեւ հաղորդակցութիւններու շարունակութիւնը ապահովելու համար պայմանաւորուող կողմերը փոխադարձ համաձայնութեամբ պարտաւորուած են երկաթուղային, հեռագրային եւ հաղորդակցութեան այլ միջոցները պահպանելու եւ հնարաւոր եղածին չափ արագ զարգացնելու, ինչպէս նաեւ առանց որեւէ խափանումներու երկու երկիրներու միջեւ մարդկային ու ապրանքներու ազատ փոխադրութիւնը ապահովելու նպատակով բոլոր անհրաժեշտ միջոցները ձեռք առնելու:
ՅՕԴ. 10.- Միւս կողմին հողամասին վրայ գտնուող պայմանաւորուող երկու կողմերու քաղաքացիներուն վրայ կը տարածուին այն բոլոր իրաւունքներն ու պարտականութիւնները, որոնք այդ երկրի օրէնքներէն կը բխին, ուր իրենք կը գտնուին, բացի ազգային պաշտպանութեան հետ կապուած պարտականութիւններէն, որոնցմէ անկախ կը մնան անոնք:
Երկու կողմերու քաղաքացիներու ընտանեկան իրաւունքին, ժառանգութեան իրաւունքին եւ գործունակութեան վերաբերող հարցերը նոյնպէս անկախ կը մնան սոյն յօդուածի որոշումներէն: Անոնք յատուկ համաձայնութեամբ կ՛որոշուին:
ՅՕԴ. 11.- Երկու պայմանաւորուող կողմերը համաձայն են պայմանաւորուող կողմերու իւրաքանչիւրի հողամասին մէջ գտնուող միւս կողմի քաղաքացիներու նկատմամբ կիրարկել առաւելագոյն բարենպաստ սկզբունքը:
Սոյն յօդուածը չի կիրարկուիր դաշնակից սովետական հանրապետութիւններու քաղաքացիներու իրաւունքներուն եւ Թուրքիոյ դաշնակից իսլամական պետութիւններու քաղաքացիներու նկատմամբ:
ՅՕԴ. 12.- Մինչեւ 1918 թուականը Ռուսիոյ կազմին մէջ մտնող այն հողամասերու բոլոր բնակիչները, որոնց սոյն պայմանագիրին հիման վրայ Ռուսիոյ Սոցիալիստական Դաշնակցային Սովետական կառավարութիւնը այսօր կ՛ընդունի որպէս Թուրքիոյ գերիշխանութեան տակ գտնուող հողամասեր, իրենց ինչքերը կամ անոնց արժէքը իրենց հետ առնելով Թուրքիայէն ազատ հեռանալու իրաւունք ունին: Միեւնոյն իրաւունքը կը տարածուի նաեւ Պաթումի հողամասի բնակիչներուն վրայ, հողամաս մը, որու գերիշխանութիւնը Թուրքիան սոյն պայմանագիրով Վրաստանի կը զիջի:
ՅՕԴ. 13.- Սոյն պայմանագիրի ստորագրման օրէն սկսելով Եւրոպական Ռուսիոյ եւ Կովկասի համար եռամսեայ եւ Ասիական Ռուսիոյ համար վեցամսեայ ժամկէտի ընթացքին Ռուսիան պարտաւոր է, իր հաշուոյն, հայրենիք վերադարձնել մինչեւ Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելեան սահմանը Ռուսիոյ մէջ գտնուող բոլոր զինուորական եւ քաղաքացիական գերի թուրքերը:
Թուրքիան նոյն պարտաւորութիւնը կը ստանձնէ տակաւին Թուրքիոյ մէջ գտնուող ռուս զինուորական եւ քաղաքացիական գերիներու նկատմամբ:
Այս հայրենադարձութեան մանրամասնութիւնները կը սահմանուին յատուկ խորհրդաժողով մը, որ պէտք է մշակուի այս պայմանագրութեան ստորագրութենէն անմիջապէս յետոյ:
ՅՕԴ. 14.- Երկու պայմանաւորուող կողմերը համաձայն են ամենամօտիկ ժամանակի ընթացքին հիւպատոսային համաձայնութիւն մը, ինչպէս նաեւ բոլոր տնտեսական, ելեւմտական եւ երկու երկիրներու միջեւ սոյն պայմանագիրի ներածականին մէջ նշուած բարեկամական յարաբերութիւններու հաստատումին համար անհրաժեշտ միւս հարցերը կարգաւորող համաձայնագիր մը կնքել:
ՅՕԴ. 15.- Ռուսիան պարտաւոր է Անդրկովկասեան հանրապետութիւններու նկատմամբ քայլեր առնել, որպէսզի այդ հանրապետութիւններու կողմէ Թուրքիոյ հետ կնքուելիք պայմանագիրներու մէջ անպատճառ ճանչցուին սոյն պայմանագիրի այն յօդուածները, որոնք անմիջապէս իրենց կը վերաբերին:
ՅՕԴ. 16.- Սոյն պայմանագիրը վաւերացումի ենթակայ է: Վաւերագիրներու փոխանակումը, հնարաւոր ամենակարճ ժամանակամիջոցին Կարսի մէջ կը կայանայ:
Սոյն պայմանագիրը, բացի 13-րդ յօդուածէն, ուժի մէջ կը մտնէ վաւերագիրերու փոխանակման պահէն:
Ի վաւերացումն շարադրուածի` վերոյիշեալ լիազօրները սոյն պայմանագիրը ստորագրեցին եւ իրենց կնիքներով կնքեցին:
Մոսկուայի մէջ կազմուած երկու օրինակով տասնվեց մարտ հազար ինը հարիւր քսանմէկ թուականին:
ԳԷՈՐԳԻ ՉԻՉԵՐԻՆ
ՃԵԼԱԼ ԳՈՐԳՄԱՍՈՎ
ԵՈՒՍՈՒՖ ՔԵՄԱԼ
ՏՈՔԹ. ՌԻԶԱ ՆՈՒՐ
ԱԼԻ ՖՈՒԱՏ