ԲՈԼՈՐՈՒԻ՛Լ ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ` ԱԶԳԻ՛ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՄԱՏԱՒՈՐԵԼՈՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ
Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային ազատ պետականութեան վերականգնման քսանամեակը առիթ է հաշուետուութեան ու պատասխանատուութեան ոգիով մօտենալու, քննարկելու եւ արժեւորելու, ազգովի՛ն, որքան մեր յաղթարշաւն ու նուաճումները, նոյնքան եւ մեր ընկրկումներն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
Իսկ քսանամեակի հաշուեկշռին գլխաւոր եւ առաջնային հարցը, անկասկա՛ծ, նոյնինքն 21 սեպտեմբեր 1991-ի Հայաստանի անկախութեան Հանրաքուէի պատմական մեծ քայլին պատասխանատո՛ւ արժեւորումն է:
Վճռահատումը քաղաքական եւ գաղափարական այն առանցքային բանավէճին, որ փետրուար 1988-ի համաժողովրդային ըմբոստացման առաջին իսկ քայլերէն, ահա՛, կրնկակոխ կը հետեւի Հայաստանի անկախութեան երթին` երբեմն քաղաքական ուժերու միջեւ բուռն հակադրութեանց եւ երբեմն ալ զուտ մտաւորական քննարկումներու դրսեւորումով:
Բանավէճին բանալի եզրը, անշո՛ւշտ, ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ յղացքին մէջ կը կայանայ:
Հայ քաղաքական միտքը ինչպէս օրին, նաեւ մինչեւ այսօր ներքնապէս բեւեռացուած կը մնայ մէկ կողմէ 28 մայիս 1918-ին նուաճուած Հայաստանի անկախութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ու ժողովրդավարական աւանդները վերականգնելու, իսկ միւս կողմէ` Խորհրդային Միութենէն անջատուած Հայաստանի հողին վրայ, նոր ժամանակներու ազատականութեան ոգիով, ազգային անկախ պետականութիւն կառուցելու ուղղութեանց միջեւ:
Հարցը այն չէ, որ մայիս 1918-էն մինչեւ դեկտեմբեր 1920 ապրած Հայաստանի Հանրապետութիւնը որքանո՞վ կայուն, ծաղկուն եւ հզօր պետականութիւն պարգեւեց մեր ժողովուրդին:
Հարցը ա՛յն է, որ երկուքուկէս տարուան կեանք ունեցած Հայաստանի Հանրապետութիւնը պետական հիմքը դրաւ ազատ ու անկախ ապրելու եւ Միացեալ Հայաստան կերտելու մեր ժողովուրդի նորօրեայ երթին:
Հայ քաղաքական մտքի ազգային–ազատագրական ուղղութիւնը բնաւ չհամակերպեցաւ Հայաստանի անկախ պետականութիւնը կործանելու եւ խորհրդային լուծի ենթարկելու պոլշեւիկեան չարիքին… «Հակահայաստանեան» յորջորջուելու գնով` տէր կանգնեցաւ մայիս 28-ի այդ աւանդին եւ գաղափարական անհաշտ պայքար մղեց խորհրդային կարգերուն դէմ:
Բնականաբար, հայ քաղաքական մտքի այդ բեւեռին տիրական հանդիսացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան` Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ հայոց պետականութեան աւանդները վերականգնելու նպատակասլացութիւնը, որ 1988-ի շարժման առաջին քայլերէն իսկ կը պայքարի յանուն մերօրեայ Հայաստանն ու հայութիւնը ազգային–քաղաքական ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄի հունով յառաջ մղելու հրամայականին:
Նոյնքան պարզ ու յստակ չեղաւ կազմաւորումը հայ քաղաքական մտքի հակադիր բեւեռին կանգնած եւ այսօր, քսան տարիէ ի վեր, յետխորհրդային տիպի ազատական դէմքով ներկայացող հոսանքին, որ քսաներորդ դարավերջի աշխարհակարգային վերիվայրումներու եւ վերափոխումներու հունով պատկերացուց ու յառաջ մղեց Հայաստանի վերանկախացման երթը:
Ըստ ամենայնի, ՀՀՇ-ական մտայնութեամբ առաջնորդուող այդ հոսանքը չի սահմանափակուիր միայն ՀՀՇ-ական գործիչներով ու շրջանակներով: Ինչպէս խորհրդային Կոմկուսէն վերապրողներ, այնպէս ալ 1988-ի համաժողովրդային շարժումէն սերած գործիչներ թէ խմբաւորումներ կանգնած են, ի վերջոյ, միեւնոյն բեւեռին վրայ: Զանոնք կը միաւորէ այսպէս կոչուած պետական մտածողութեան կեղծ ու շինծու նմանակումը, որ աշխարհն ու հայութիւնը կը դիտէ միեւնոյն նեղ պրիսմակով` Խորհրդային Միութենէն անջատուած եւ ազատ ու անկախ հռչակուած հայկական պետութեան «արտօնուած» հողային, ազգագրական, իրաւական ու քաղաքական… սահմանագծումներով:
Ահա ա՛յս հոսանքն է, որ աւելի քան քսան տարիէ ի վեր տիրացած է վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարման ղեկին` ներհակ ու հակամարտ իր թեւերով ու, համապատասխանաբար, իր ներկայացուցած… իրերամերժ, բայց այս առումով համախոհ նախագահներով: Որքան իշխանութեան աթոռակռիւը կը բաժնէ զանոնք, այնքան զիրենք կը միացնէ քաղաքական հակադրութիւնը 1918-ին ստեղծուած Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային, ընկերային եւ ժողովրդավարական աւանդներու լիարժէք ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻՆ:
Ազգային քաղաքականութեան առումով, Միացեալ Հայաստանի առաջադրանքն ու Հայ դատի պահանջատիրութիւնը, իշխանաւոր այս հոսանքին համար, լաւագոյն պարագային, կը հասնի մինչեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ Հայասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտումին սահմանագիծը: Անդին չ՛անցնիր եւ, մանաւանդ, կը խուսափի հողային ու քաղաքական հատուցման սահմանէն ներս քայլ նետելէ:
Մինչդեռ Հայասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը, նոյնիսկ ու մանաւանդ երբ նոյնինքն Թուրքիոյ կողմէ կը կատարուին, ի վերջոյ կը վերածուին անցեալը մոռնալու եւ բարի կամեցողութեան նոր էջ բանալու դատարկաբանութեան, երբ չեն պայմանաւորուիր Հայկական հարցի քաղաքական արդար հատուցումով:
Իսկ քաղաքական արդար հատուցման ուղին մէկ ու միակ է` հայ ժողովուրդէն ցեղասպանութեամբ խլուած հայրենի հողերուն վերադարձն է իրենց իրաւատիրոջ:
Ահա ա՛յս է ջրբաժանը հայ քաղաքական մտքի մերօրեայ երկու հոսանքներուն` Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան աւանդները վերականգնելու Ազգային ուղղութեան եւ, միւս կողմէ, յետխորհրդային նոր աշխարհակարգի պարտադրած սահմանագծումներուն համակերպելու ազատական ուղղութեան միջեւ:
Այդ պատճառով ալ քաղաքական բուն բանավէճը շրջանցելու ամբոխավարութեան կը ծառայեն հայոց պետականութեան շուրջ բոլորուելու կոչերը, որոնց չ՛ընկերանար Միացեալ Հայաստանի հանգանակին ու Հայ դատի պահանջատիրութեան յանձնառութիւնը:
Ընդհակառա՛կն, ամբոխավարական այդ կոչերը կը ծառայեն հայոց պետականութիւնը օրուան իշխանութեան հետ նոյնացնելու… խոտորումներուն, որոնց քաղաքական թիրախը ինքնանպատակ պահպանումն ու վերարտադրութիւնն է կառավարման այս համակարգին:
Հայաստանի վերանկախացման երթէն քսան տարի ետք, իրաւունք չունինք յաւելեալ տուրք վճարելու գաղափարական ինքնախաբէութեան` իր ինքնահաստատման նեղ պրիսմակէն դուրս հեռանկար չունեցող իշխանութեան մը շուրջ բոլորուելով, Ազգային մեր Պետական Տան հզօրացումը ապահովելու խաբկանքին:
Պիտի բոլորուինք հայոց անկախ պետականութեան շուրջ, որպէսզի ի վերջոյ կայանայ Ազգի իշխանութիւնը:
Եւ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի ընկերային եւ ժողովրդավարական աւանդներուն վերականգնումէն դուրս` յուսատու ուղի չկայ հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի լիարժէք ազատագրումին համար:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ