ԴՊՐԵՎԱՆԵՑԻՆԵՐ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՆ ԻՐԵՆՑ ՏՈՒՆԸ` ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ
Չորեքշաբթի, 5 հոկտեմբեր 2011-ին, բոլոր դպրեվանեցիները վերադարձան իրենց հաւաքական տունը` Պիքֆայայի դպրեվանքը:
Տեսչութեան անդամները սիրով ընդունեցին հին ու նոր սաները եւ փորձեցին մեծ ընտանիքի մը մթնոլորտին մէջ լեցնել Դպրեվանքի առօրեան:
Իրիկուան ժամը 8:30-ին, տեսուչ սրբազանը` Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, բարի գալուստի խօսք մը ուղղեց դպրեվանեցիներուն` յայտնելով, թէ տեսչութիւնը ուրախ է զիրենք դպրեվանքին մէջ ողջունելով եւ դպրեվանեցի ըլլալու առանձնաշնորհումը ընդգծեց որպէս հաւաքական եղբայրական կեանք` Աստուծոյ եւ ազգին տան մէջ: Ապա տեղի ունեցաւ աւետարանական հատուածի ընթերցում (Աւետարան ըստ Մարկոսի 9.2-10), խորհրդածութիւն եւ աղօթք:
Մինչեւ կիրակի, 9 հոկտեմբեր, դպրեվանեցիներ առիթ ունեցան իրենց համայնական կեանքին մտերմանալու եւ պատրաստուեցան դպրեվանքի 82-րդ ուսումնական տարեշրջանի բացման կրօնական արարողութիւններուն ու գեղարուեստական հանդիսութեան:

