ԹՈՒՐՔԻԱ. ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՏԵՂ ԲԱՆԱԼ…
Թուրքիոյ խորհրդարանի նստաշրջանի բացման հետ, 1 հոկտեմբերին, եւ երկրի սահմանադրութիւնը փոխարինելու աշխատանքի մեկնարկով, երկրի կրօնական փոքրամասնութիւնները կը յուսան, որ հաստատութենական եւ օրինական խտրականութեան տարիները պիտի աւարտին, ոչ հեռաւոր ապագային:
«Մենք կ՛ակնկալենք այս հոլովոյթին նպաստել մեր գաղափարներով եւ գործնական աջակցութեամբ», ըսաւ Լաքի Վինկաս, Թուրքիոյ քաղաքացի յոյն գործարար մը, որ ընտրուած ներկայացուցիչն է 161 ոչ իսլամ փոքրամասնութիւններու կազմակերպութեանց: Ան աւելցուց. «Մենք մեծ փոփոխութիւն տեսած ենք մեզի հետ կառավարութեան համագործակցութեան ուղիին մէջ»:
Պաշտօնավարութեան, իշխանութեան 9 տարիներուն ընթացքին իսլամական արմատներ ունեցող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը (ԱԲԿ) փորձած է ինքզինք տարբերել իր նախորդներէն` աղերսուելով Թուրքիոյ ոչ իսլամ կրօնական փոքրամասնութիւններու որոշ դժգոհութիւններուն: Բարեփոխումներ, որոնց մեծ մասը Եւրոպական Միութեան կողմէ պահանջուած է, կը ներառեն` ոչ իսլամական հաստատութիւններու հսկողութեան մեղմացում, պաշտամունքի վայրերու վերանորոգութիւն եւ վերացում, դադրեցում այն հռետորաբանութեան, որ ոչ իսլամները իբրեւ «եապանճի», կամ օտարականներ կը սահմանէր, կ՛անուանէր:
«Անցած են, վերջ գտած են այն ժամանակները, երբ մեր քաղաքացին կրնար ճնշումի ենթարկուիլ իր կրօնական, ցեղային ծագման կամ այլ կենսակերպի մը պատկանելիութեան համար», յայտարարեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` սեպտեմբերին ռամատանի ընթրիքի մը ատեն, որուն ներկայ գտնուեցան ոչ իսլամ փոքրամասնութիւններու ղեկավարները:
«Ասիկա շնորհ, լաւութիւն մը ընել չէ, ասիկա անարդարութիւն մը ուղղել, սրբագրել է», ըսաւ վարչապետը:
Ոչ իսլամ կրօնական փոքրամասնութիւններու պատկանող կալուածներու պետութեան կողմէ բռնագրաւումը, յափշտակումը, որ տեղի ունեցաւ 1936-ին, Թուրքիոյ քրիստոնեայ եւ հրեայ համայնքներուն համար առաւել վիճելի հարցերէն մէկն է:
«Ատիկա կողոպտելու, գողնալու ձեւ մըն է, այս փոքրամասնութիւններու հարստութիւններու թալանումը», մեղադրեց Իսհակ Ալաթոն, որ առաջատար գործարար է եւ հանրածանօթ դէմք մը` Թուրքիոյ 25 հազարնոց հրէական համայնքին մէջ:
Տասնամեակներէ ի վեր կազմակերպութիւնները դատարաններու մէջ կը պայքարին` ձգտելով դպրոցներու, գերեզմանատուներու, եկեղեցիներու եւ այլ կալուածներու վերադարձին:
«Այս հողը Ետիքուլէի հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցէն բռնագրաւուեցաւ 1952-ին, հին մտածելակերպի պատճառով», ըսաւ հայկական համայնքի գործիչներէն Մելքոն Գարակէօզ` ցոյց տալով մարզական դաշտ մը, զոր կը կառավարէ Պոլսոյ քաղաքապետարանը:
«Մենք այժմ կը պայքարինք այդ հողին վերատիրանալու համար», աւելցուց ան:
Մելքոն Գարակէօզ 25 տարիէ ի վեր դատարաններու մէջ կը պայքարի յանուն տարբեր կազմակերպութիւններու: Ան որեւէ ատենէ աւելի այժմ լաւատես է փոփոխութեան հնարաւորութիւններով:
«Շնորհիւ նոր մտածելակերպին` կառավարութիւնը պիտի երաշխաւորէ մեր կալուածներու, հողերու վերադարձը», ըսաւ ան:
Արդարութիւն հաւանաբար պիտի գայ` իբրեւ էական արժէք մը կառավարութեան:
«Մենք կը խօսինք մեծ կալուածներու արժէքներու մասին: Իւրաքանչիւր պարագայ պիտի ըլլայ անկախ եւ դատարան պիտի տեղափոխուի», զգուշացուց Ալաթոն` հրեայ համայնքի գործիչը:
Վինկաս, որ պետութեան մօտ ոչ իսլամ կազմակերպութիւններու հարցերը կը ներկայացնէ, ըսաւ, որ կան շուրջ 150 կալուածներ եւ շէնքեր, որոնք ճանչցուած են իբրեւ վերականգնման իրաւունք: Ատոնցմէ շատեր կը գտնուին Պոլսոյ կեդրոնական եւ շուկայական բարձր գիներ ունեցող վայրերու մէջ:
Վինկաս աւելցուց, որ Թուրքիոյ ոչ իսլամ փոքրամասնութիւնները կրնան ողջունել անակնկալ բախտը` վերատիրանալու արժէքաւոր կալուածներու, բայց զգուշացուց, որ հարցը դրամէն անդին անցած է:
«Ատիկա իրաւացի է եւ մշակութային ժառանգ է: Ատիկա այն հարցը չէ, որ փոքրամասնութեան կազմակերպութիւնները որքան հարուստ պիտի ըլլան: Բայց ատիկա անհրաժեշտութիւն է. վերադարձնել քու ընտանիքիդ պատկանածը», շեշտեց ան:
«Փոքրամասնութիւնները գրեթէ ամբողջ 20-րդ դարու ընթացքին տառապած են», աւելցուց ան:
Ճենկիզ Աքթար` Պոլսոյ Պալչեսեհիր համալսարանի քաղաքական գիտութեան դասախօս մը, բացայայտեց կառավարութեան հռետորաբանութեան յատուկ նշանակութիւնը:
«Ասիկա ընդհանուր շրջադարձ, հակադարձ մըն է այն վերաբերմունքին, որով ոչ իսլամները իբրեւ օտարականներ կը նկատուէին, երբեմն նոյնիսկ` բացայայտ», ըսաւ Աքթար:
Կառավարութեան պատրաստակամութիւնը` ուսումնասիրելու վերականգնումը (կալուածներու իրենց սեփականատէրերուն վերադարձը), տակաւին չի վերաբերիր, մինչեւ 1936 տեղի ունեցած` անհատներու հարիւրաւոր, եթէ ոչ` հազարաւոր, ինչքերու եւ կալուածներու բռնագրաւումին եւ չի տարածուիր անոնց վրայ:
Նոյնիսկ աւելի վիճելի հարցը այն բռնագրաւումն է, որ տեղի ունեցած է մինչեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծումը, 1923-ին, մասնաւորաբար Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ժամանակաշրջանին հայկական ջարդի ատեն:
Գոյքի, կալուածի վերականգնումը կրնայ միայն մեկնարկը ըլլալ հոլովոյթի մը, որ կրօնական ազատութիւն կ՛երաշխաւորէ փոքրամասնութիւններուն: Հայկական եւ յունական եկեղեցիներ, օրինակ, վերաբացուած են: Այդուհանդերձ, Պոլսոյ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդները տակաւին իրաւական կարգավիճակ չունին Թուրքիոյ մէջ:
Հոգեւորականներու պատրաստութիւնը եւս սկսած է վերածուիլ վիճելի հարցի:
Յոյն ուղղափառ եկեղեցին ճնշում կը բանեցնէ վերաբանալու համար Հալքիի դպրեվանքը, որ կառավարութիւնը 1974-ին փակած է: Միջազգային ճնշումը, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընէն, աստիճանաբար կ՛աճի Հալքիի վերաբացումին համար: Բայց թրքական կառավարութիւնը ցարդ հաստատակամօրէն կը մերժէ` պնդելով, որ Յունաստան փոխադարձ զիջումներ պէտք է ընէ իր թուրք փոքրամասնութեան համար:
Առօրեայ մակարդակով, ոչ իսլամ փոքրամասնութիւնները կը բողոքեն, որ իրենք կը դիմակալեն խտրականութիւն` պետական պաշտօններու նշանակման մէջ, տէ ֆաքթօ դուրս կը մնան արդարադատական համակարգէն, ոստիկանութենէն կամ զինուորականութենէն (ոչ իսլամներ ընդհանրապէս բարձրաստիճան դիրքեր չունին այս ասպարէզներուն մէջ):
«Այս խնդիրները կրնան աւարտիլ, եթէ իմ տղաս աստիճանաւոր զինուոր կարենայ ըլլալ, կամ իմ զարմուհիս` ոստիկանութեան սպայ», ըսաւ Գարակէօզ` հայ համայնքի գործիչը: Ան աւելցուց. «Այս բոլորը պատահելէ, իրականանալէ ետք է, որ խնդիրները կրնան լուծուիլ: Եւ ես կը կարծեմ, որ ասիկա պիտի ըլլայ»:

