ՉԻՆԱՍՏԱՆ ԿՐՆԱ՞Յ ՎԵՐԱՀՍԿԵԼ ՀԱՂՈՐԴԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ
Առաջին հայեացքով Լոնկքուան տաճարը, որ կը գտնուի Պէյճ ինկի մօտ, լերան մը ստորոտին, կը թուի, թէ կոճատ, անհեթեթ վայր մըն է ժամանակակից աշխարհը փնտռելու համար:
Պուտտայական վանականները աւելի քան 1000 տարիներէ ի վեր բարդ ծէսեր կը կատարեն անոր խունկով լեցուն սրահներուն եւ գաւիթներուն մէջ:
Բայց տաճարը կը վերակենդանանայ շնորհիւ բարձր արհեստագիտութեան գործիքին` համացանցին: Վանահայրը նոյնիսկ իր մայքրոպլոկը ունի:
Մաստըր Զիու Չենկ միայն մէկն է Չինաստանի 200 միլիոն անձերէն, որոնք իրենց սեփական կայքը ունին երկրի ամէնէն ժողովրդական մայքրոպլոկ-ի Վէյպօ ցանցին, դռնակին վրայ, սպասարկութիւն մը, որ կը ղեկավարուի համացանցի Սինա ընկերութեան կողմէ:
Ատիկա առաջնորդած է մարդոց միջեւ հաղորդակցութեան ձեւի արմատական փոփոխութեան` անոնց տեղեկութիւններ փոխանակելու եւ զրուցելու առիթ ընծայելով:
Մայքրոպլոկինկը նոյնիսկ ունի ներուժը` վերափոխելու Չինաստանը, որուն ղեկավարները գիտեն ատիկա: Ատոր համար անոնք այժմ կը քննարկեն այս ընկերային յեղափոխութիւնը վերահսկելու կարելիութիւնները:
ԸՆԴՈՒՆԻԼ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

«Մայքրոպլոկինկը կը խթանէ, կը բարձրացնէ բազմութիւններու իմաստութիւնը, լաւ բաները երեւան կու գան»:(Լի Ֆայքու, Չինաստանի մէջ Կուկըլի նախկին ղեկավար)
Մայքրոպլոկի օգտագործումը Չինաստանի մէջ պայթած է վերջին երկու տարիներուն: Թուիթըր խափանուած է պետութեան կողմէ, սակայն տեղական այլընտրանքները կը բարգաւաճին:
Թուիթըրի նման, չինական տարբերակներուն վրայ ալ իւրաքանչիւր պատգամ սահմանափակուած է 140 նշանագիրով, թէեւ օգտագործողները այդ թիւով չինական խորհրդանշաններով շատ աւելի բան կրնան ըսել, քան` անգլերէն տառերով:
Չինական մայքրոպլոկ կայքերը նաեւ մարդոց կ՛արտօնեն լուսանկարներ եւ փաստաթուղթեր կցել` աւելցնելով տեղեկատուութեան տարածման հնարաւորութիւնը:
Ատոնք օգտագործողներու շրջանակը անվերջ, անսահման է` շարժապատկերի բեմադրիչներ, մարզիկներ, պատկերասփիւռի հաղորդավարներ եւ, անշուշտ, սովորական, հասարակ մարդիկ:
Ինչպէս աշխարհի մէջ այլուր, անոնք այս կայքերը կ՛օգտագործեն զրուցելու համար որեւէ բանի եւ ամէն ինչի մասին, որոնց մեծ մասը անարժէք, հասարակ են, մէկ մասը` աւելի նուազ:
Մաստըր Զիու Չենկ ըսաւ, որ իր մայքրոպլոկը ցոյց կու տայ, թէ` «պուտտայականները ընդունակ են որդեգրելու նորութիւններ»:
Անոր կայքը կանոնաւոր դրութեամբ կը թարմացուի, կը նորացուի Լոնկքուանի մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկներու մասին լուրերով եւ իր պուտտայական համոզումներուն առնչուող խօսքերով:
«Անհատ մը երջանիկ է, ոչ թէ որովհետեւ շատ բան ունի, բայց որովհետեւ կը հոգայ քիչ բաներու», Ասիկա վանականին վերջին խօսքերէն է, որ հրապարակուած է:
Մայքրոպլոկներու վրայ տարածուած ակնթարթային պատգամները նաեւ չինացի գործիչներուն տուած են նոր զէնք մը` կառավարութեան դէմ իրենց պայքարին մէջ:
Ցոյցերու մասին տեղեկութիւններ, կոչ-դիմումներ եւ պետութեան հետապնդումներուն մասին լուրերը կայծակնային արագութեամբ կը տարածուին:
Հանգստեան կոչուած գործիչ Վանկ Լիհոնկ հաղորդակցութեան այս նոր ձեւին արժէքին անդրադարձաւ` ատիկա օգտագործելով իր հարցերուն զօրակցութիւն, աջակցութիւն շահելու համար: Պետութեան դէմ դժգոհութիւններ ունեցող մարդոց ան օգնեց:
Իշխանութիւնները 56-ամեայ տիկին Լիհոնկի հակազդեցին Պէյճինկի մէկ դատարանին կողմէ սեպտեմբերին արձակուած վճիռով մը. 9 ամսուան բանտարկութիւն` «խնդիր հրահրելու համար»:
Սակայն անոր պատգամը աւելի դժուար է լռեցնելը: Երբ տիկինը բանտ կ՛առաջնորդէին, ան տղուն` Քի Ժիանքսիանկին ըսաւ. «Մի՛ մոռնար զիս համացանցին վրայ»:
Տիկնոջ բանտարկութեան վճիռը արդէն իսկ պլոկ եղած էր նախքան իր դատարանէն դուրս գալը:
ՄՏԱԾԵԼՈՒ ԲԱՆ ՄԸ
Չինաստանի ժողովուրդը կ՛անդրադառնայ, կը գիտակցի, որ փոխկապակցուած մայքրոպլոկները իրենց նոր ուժ տուած են տեղեկութիւն ստանալու եւ տեսակէտներ արտայայտելու:

«Մայքրոպլոկինկը օդափոխիչի նման է. անգամ մը որ ատիկա ունիք, չէք գիտեր, թէ առանց ատոր ինչպէ՛ս կրնաք յաջողիլ գոյատեւել»: (Քի Ժիանքսիանկ. բանտարկուած գործիչին զաւակը)
Ասիկա ազատութիւն մըն է, որ իրենք հազուադէպ վայելած էին Չինաստանի Համայնավար կուսակցութեան իշխանութեան շուրջ 60 տարիներուն:
Ես իմ վէյպոս օգտագործեցի մարդոց հարցնելու համար, թէ մայքրոպլոկի միջոցով Չինաստանի փոփոխութեան մասին ի՛նչ կը մտածեն:
Առաջին իսկ պատասխանը պարզ պատկեր մըն էր, որ ցոյց կու տար լռեցնող երիզով փակ բերան մը: Պարբերաբար սարքը կ՛իյնայ եւ բերանը կը բացուի, կարծես թէ պիտի խօսի: Ակնարկութիւնը յստակ է:
Այլ պատգամ մը կ՛ըսէ. «Մայքրոպլոկները կը նշանակեն, որ մարդիկ կը յանդգնին խօսիլ եւ կրնա՛ն խօսիլ: Ամէն ինչ կը փոխուի, երբ ժողովուրդը սկսի իրականութիւնը խօսիլ»:
Եթէ մարդ մը, որ կը հասկնայ մայքրոպլոկներու ուժը, ապա ան Լի Քայ ֆուն է, Չինաստանի մէջ Կուկըլի նախկին ղեկավարը եւ ատոր ընկերային երեւոյթին մասին գիրքին հեղինակը:
Ան ըսաւ, որ մայքրոպլոկինկը Չինաստանի կառավարման եղանակը փոխելու ներուժը ունի եւ պիտի փոխէ, առնուազն Համայնավար կուսակցութեան անդամները մտածելու պիտի մղէ»:
Իսկ անոնք վստահաբար սկսած են մտածել:
Անոնք կ՛ուզեն վերահսկել տեղեկութեանց հոսքը աւանդական հաղորդակցութեանց միջոցներով, ձեւաւորելու համար ժողովուրդին մտածումը (անոնց գործիքներէն մէկը` իշխանութիւնը պահպանելու համար):
Մայքրոպլոկինկը ակնթարթային պատգամները կը սասանեն, կը նսեմացնեն այդ հսկողութիւնը:
Իբրեւ պատասխան` կառավարութիւնը սկսաւ գրաքննել մայքրոպլոկները, ինչպէս որ կ՛ընէ համացանցի այլ բաժիններուն մէջ: Կառավարութիւնը նաեւ քաջալերեց պաշտօնատարները, որպէսզի իրենց սեփական կայքերը հաստատեն` հանրութեան ուղղակի դիմելու, կապուելու համար:
Չինաստանի կառավարութիւնը այժմ կը սպառնայ պատժել այն անձերը, որոնք իր պնդումով կը չարաշահեն համակարգը:
Վանկ Չին, Չինաստանի համացանցի պետական տեղեկատուական գրասենեակի ղեկավարը վերջերս ըսաւ, որ մայքրոպլոկները պէտք է «ծառայեն հասարակութեան» եւ ոչ թէ սպառնան հանրային անվտանգութեան:
Ժու Եոնկանկ` Համայնավար կուսակցութեան հզօր քաղաքական խորհուրդի մնայուն յանձնախումբի անդամ մը, ակնարկեց նման բանի մը, կուսակցութեան գլխաւոր ժողովէն ետք:
Սակայն բազմաթիւ հետեւողներ ունեցող ընկերային գործիք մը, սարք մը փակելը կամ նոյնիսկ սահմանափակելը դիւրին պիտի չըլլայ, նոյնիսկ` Համայնավար կուսակցութեան նման կազմակերպութեան մը համար, որ մտադրած է վերահսկել, նուիրուած է վերահսկողութեան:
Գործիչ Վանկ Լի Հոնկի զաւակը ըսաւ.
«Մայքրոպլոկինկը օդափոխիչի նման է. անգամ մը, որ ատիկա ունեցաք, չէք գիտեր, թէ ինչպէ՛ս կրնաք յաջողիլ ապրիլ, գոյատեւել առանց ատոր»:
ՄԱՅՔԸԼ ՊՐԻՍԹՕ
«Պի. Պի. Սի.»